Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհի վերակառուցման աշխատանքները կը մօտենան իրենց աւարտին: Ծրագիրի իրականացման նպատակաուղղուած են Հեռուստամարաթոն 2013 եւ 2014ի հանգանակութիւնները: Խոշորածաւալ ձեռնարկը աւարտին հասցնելու նպատակով, միջոցներ յատկացուած են նաեւ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւններուն կողմէ: Ճանապարհի շինարարութիւնը կը շարունակուի Հիմնադրամի ռազմավարական եւ նպատակային ծրագիրներուն զուգահեռ: Այս մասին կը հաղորդէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի պաշտօնական կայքը։
Առաջ դժուարանցանելի այս ճանապարը ունի 10 եւ աւելի մեթր լայնութիւն, որմէ 7 մեթրը կը կազմէ ասֆալթապատ երթեւեկելի հատուածը: Նախորդ տարուան ընթացքին, շինուած են արհեստական կառուցուածքներ, որոնց շարքին` ջրահեռացման խողովակներ, ափապաշտպան կառոյցներ, յենապատեր ու եզրաքարեր, ինչպէս նաեւ վերանորոգուած են մէկ տասնեակ մեծ ու փոքր կամուրջները: Բնակավայրերով անցնող հատուածներուն մէջ, մասնաւորապէս՝ Գետաւանի եւ Եղէգնուտի, կառուցուած են մայթեր:
Ասֆալթի (կուպր) որակի ստուգման եւ վերահսկման նպատակով, տարբեր տեղամասերէ վերցուած հանքային նիւթերը, հանուկները եւ արտադրուած ասֆալթի նմոյշները պարբերաբար ուղարկուած են տարրալուծական ստուգման:
Հոկտեմբեր 24ի դրութեամբ, ճանապարհի 110քմ.-ը ասֆալթապատ է, որմէ 88քմ.-ը` երկշերտ ծածկոյթով: Սոթքին յաջորդող ոլորապտոյտներու 4քմ.-ի վրայ կը շարունակուին հողային աշխատանքները: Շինարարութեան ամբողջ ընթացքին, ճանապարհը երթեւեկելի եղած է բոլոր տեսակի մեքենաներու համար:
Ուղիղ կապ ապահովելով Հայաստանի եւ Արցախի հիւսիսային շրջաններու միջեւ, նոր մայրուղիի գործարկումը ոչ միայն զգալիօրէն պիտի կրճատէ այն ժամանակահատուածը, որ այսօր անհրաժեշտ է Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհով մէկ հանրապետութենէն միւսը ուղեւորուելու համար, այլ պիտի ամրապնդէ միջհամայնքային կապերը, պիտի նպաստէ յարակից համայնքներու տնտեսական զարգացման, պիտի խթանէ զբօսաշրջութիւնը` աշխուժացնելով մեր երկու հանրապետութիւններու ընկերա-տնտեսական կեանքը: Ճանապարհը հնարաւորութիւն պիտի տայ նաեւ ծանօթանալու մեր պատմամշակութային յուշարձաններուն ու վայելելու հայրենի բնաշխարհի գեղեցկութիւնը:
Նախորդ տարիներուն, ճանապարհի մերձակայ համայնքներուն մէջ, իրականացուած են շարք մը ենթակառուցուածքներ. Քարվաճառն ու Գետաւանը ունին կանոնաւոր ջրամատակարարում, Չափարը, Վերին Յոռաթաղն ու Վաղուհասը` նորակառոյց դպրոցներ: Ներկայիս համայնքային կեդրոններ կը կառուցուին Գետաւան եւ Կոճողուտ գիւղերուն մէջ:
Բարեկարգ մայրուղիի առկայութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ ոչ միայն կեանքի կոչելու շրջակայ համայնքներուն կեանքն ու կենցաղը բարելաւող ընկերա-տնտեսական ենթակառուցուածքներ, այլեւ զարկ կու տայ գործարար եւ զարգացման ծրագիրներուն` գիւղացիին ապահովելով կայուն եկամուտ եւ փոխելով անոր կեանքի որակը: