Ուրբաթ, 27. 06. 2025

spot_img

Թուրքիոյ Մէջ Հայերէն Խօսելուն «Գինը». Թրքալեզու Հայկական Մշակութային Կայքին Անդրադարձը

Պոլսոյ հայ համայնքի աշխոյժ ներկայացուցիչներու կողմէ հրապարակուող ermenikulturu.com (հայկական մշակոյթ) կայքը բարձրաձայնած է Թուրքիոյ հայ երիտասարդներուն ամենամեծ խնդիրներէն մէկը` մայրենի լեզուի չիմացութեան հարցը:

Կայքը նշած է, որ Արեւմտեան Հայաստանի «վերջին հայերը» համարուող իրենց ծնողները, որոնք Սթամպուլ տեղափոխուած են 1940-1950-ական թուականներուն, Ցեղասպանութենէն  ետք հնարաւորութիւն չեն ունեցած Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին հայալեզու կրթութիւն ստանալու, մինչդեռ այժմ Սթամպուլի մէջ մեծցող հայ երիտասարդները ունին հնարաւորութիւն յաճախելու հայկական համայնքային վարժարաններ:

Թերթ.ամ-ի փոխանցմամբ` կայքին հեղինակները Թուրքիոյ հայ երիտասարդութեան մէջ հայերէնի թոյլ իմացութեան ամենամեծ պատճառը կը համարեն Թուրքիոյ պետութեան կողմէ կիրառուող խտրական քաղաքականութիւնը, որ ունի երկար տարիներու պատմութիւն: Թերեւս ամենայիշուողն ու դաժանը «քաղաքացի, թրքերէն խօսիր» շարժումն էր, որ կ՛ուղեկցուէր թրքերէն չխօսող ոչ թուրք բնակչութեան հանդէպ բռնաճնշումներով:

Յօդուածին մէջ իբրեւ խոչընդոտ կը նշուի նաեւ հայալեզու աղբիւրներու սակաւութիւնը, մեծ քաղաքին մէջ ապրող եւ աշխատող մարդոց մօտ յաճախակի հանդիպող ժամանակի սղութեան խնդիրն ու շարք մը այլ հարցեր:

Սակայն կայքին անձնակազմը չէ սահմանափակուած այս խնդիրները մատնանշելով, այլեւ առաջարկած է բոլոր այս հարցերու պատասխանները ու մատնանշած հայերէն լեզուի դասընթացներու, հայկական թերթեր եւ գիրքեր վաճառող կրպակներու վայրերը, ինչպէս նաեւ կոչ ըրած հայ երիտասարդներուն հետեւելու հայկական էջերուն՝ ֆէյսպուքի (Facebook, ինսդակրամի  (Instagram եւ թուիթըրի (Twitter) միջոցով:

Նշենք, որ Պոլսոյ մէջ կը գործեն 16 հայկական վարժարաններ, որոնցմէ 13-ը մասնաւոր են, 3-ը կը համարուին համայնքի ընդհանուր սեփականութիւնը: Այս դպրոցները կրնան յաճախել միայն հայ քրիստոնեայ ընտանիքի զաւակները` ներկայացնելով նախ մկրտութեան թուղթ: Թուրքիոյ Հանրապետութեան օրէնսդրութեան համաձայն` երկրի բոլոր քաղաքացիները պաշտօնապէս թուրք կը համարուին, իսկ հայերը, յոյները եւ հրեաները կը համարուին կրօնական փոքրամասնութիւն: Ըստ Լոզանի պայմանագիրին`կրօնական փոքրամասնութիւն համարուելու շնորհիւ հայերը իրաւունք ստացած են սորվելու իրենց մայրենին, որմէ զրկուած են քիւրտերը, զազաները, չերքեզներն ու լազերը:

Թուրքիոյ հայկական վարժարաններուն մեծ մասը կը գոյատեւեն համայնքի տարբեր բարերարներու նուիրատուութիւններու հաշւոյն, ատոր հետ զուգահեռ` դպրոցներ յաճախող հայ աշակերտներուն թիւը ամէն տարի կը նուազի, որ կապուած է թէ՛ Կ. Պոլսոյ հայ համայնքի արտագաղթին, թէ՛ վարժարաններու ուսման բարձր վարձավճարներու հետ (Պոլսոյ հայկական վարժարաններու ուսման վարձերը կը կազմեն տարեկան միջինը 3000 տոլար):

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին