Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, 2016-ի ամառը օժտուեցաւ նոր մատենադարանով մը: Գիրքի ու ընթերցանութեան կարեւորութիւնը աւելիով շեշտելու նպատակով պատրաստուած նոր մատենադարանը, իր ընթերցարանի յատուկ բաժինով առիթ պիտի ընծայէ Դպրեվանեցի սաներուն, որպէսզի անոնք գիրքերու մտերմութեան մէջ յայտնաբերեն նոր գանձեր, քաջ գիտնալով, թէ «գիրքը մարդուն լաւագոյն ընկերն է»:
Դպրեվանքի նախկին մատենադարանի կրօնագիտական, լեզուագիտական, գրական, պատմական, իմաստասիրական, երաժշտական թէ օտար լեզուի գիրքերը, ինչպէս նաեւ վերջին տարիներուն աշխարհի զանազան կողմերէն անհատներէ թէ տպարաններէ Դպրեվանքի մատենադարանին նուիրուած բազմահազար գիրքերու հաւաքածոն անցնող ամիսներուն ընթացքին զտուեցաւ, վերադասաւորուեցաւ ու տեղափոխուեցաւ նորակառոյց մատենադարանի սրահին մէջ՝ Դպրեվանքի ընծայարանական բաժինի սաներուն կողմէ:
Փոխադրութեան աշխատանքներուն ընթացքին, Դպրեվանեցիներ ծանօթացան մատենադարանագիտութեան ուսման կարգ մը բաժիններուն եւ մատենադարանապետի պաշտօնի աշխատանքներուն: