Երկուշաբթի, 02. 02. 2026

spot_img

Անին Պատմական Յուշարձաններով Կը Կախարդէ Հիւրերը. Թրքական Թերթ

Թուրքիա-Հայաստան սահմանին գտնուող Անին կը գրաւէ տարբեր մասնագիտութիւններու տէր անձերու ուշադրութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ թրքական «Sondakika» լրատուական կայքը` ներկայացնելով  քաղաքի պատմութիւնը պղինձի դարէն մինչեւ մեր օրերը:

Ուշագրաւ է, որ կայքը քաղաքի պատմութիւնը սկսելով Ք.ա 5000-3000-էն, ոչ մէկ ժամանակաշրջանի համար չի յիշատակեր «հայ» բառը, կը գրէ ermenihaber.am-ը:

Թերթը կը նշէ, որ վերջին շրջանին Անին եղած է խիստ վերահսկուող ռազմական արգիլուած գօտի: Արգելքի վերացումէն ետք անիկա յայտնուած է զբօսաշրջիկներու ուշադրութեան կեդրոնին: Կայքը կը յայտնէ, որ աւերակներու վերածուած պատմական վայրերու ցանկին մէջ Անին ամենակարեւորներէն մէկը դարձած է: Կարսի շրջան այցելող տարբեր բնագաւառի ներկայացուցիչներ` պատմաբան, լրագրող, հնէաբան թէ լուսանկարիչ, մեծ թէ փոքր կ՛այցելեն եւ կը շրջին Անիի մէջ, որ կը կախարդէ  հիւրերը իր պատմական յուշարձաններով:

Վերջերս Անիի մէջ լուսանկարչական ծրագիրի մը ծիրէն ներս Կարսի Կովկաս համալսարանի ուսանող Մոհամմէտ Ալի Գէոքչէքը, Աթաթուրքի անուան համալսարանի լրագրութեան բաժինի  ուսնաող Տոյգու Կէոքթուրքը, արհետավարժ պարող Օմուրճան Եըլտըզը ներկայացում մը կազմակերպած էին: Անին նաեւ ուշադրութեան կեդրոնին է գիտնականներու, որոնք քաղաքի մասին յօդուածներ կը տպագրեն գիտական ամսագիրներու մէջ:

Յիշեցնենք, որ Բագրատունեաց թագաւորութեան մայրաքաղաք Անին 2016-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մշակութային ժառանգութեան կոմիտէի 40-րդ նիստին ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին