Հինգշաբթի, 26. 06. 2025

spot_img

«Վայրեր եւ Հայկական Կրօնական Կալուածներ Օսմանեան Թուրքիոյ Մէջ. Աւերուող Ժառանգութիւն Մը» Գիրքին Անդրանիկ Ներկայացումը Իսի-լէ-Մուլինոյի Մէջ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21ի երեկոյեան, փարիզեան հայահոծ արուարձաններէն Իսի-լէ-Մուլինոյի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ «Նուրհան Ֆրէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Յարութիւն Խաչատուրեանի, Տէր եւ Տիկին Փաթրիք եւ Լիւսի Ասլանեանի, Ժան Միշէլի հեղինակութեամբ նոր լոյս տեսած՝ «Վայրեր եւ հայկական կրօնական կալուածներ օսմանեան Թուրքիոյ մէջ. աւերուող ժառանգութիւն մը» («Localités et biens cultuels arméniens dans la Turquie ottomane. Un patrimoine en destruction») գիրքին անդրանիկ ներկայացումը, ծայրէ ծայր լեցուն սրահի մը առջեւ: Այս մասին կը յայտնէ Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ»-ը:

Ներկայ էին Իսիի քաղաքապետը՝ Անտրէ Սանթինի եւ կցորդը՝ Արթիւր Խանճեան, Թեմիս առաջնորդ Վահան եպս. Յովհաննէսեան եւ Իսիի ծուխի հոգեւոր հովիւը՝ Աւետիս Ա. քհնյ. Պալըգեան, ինչպէս նաեւ գիրքին հեղինակները:

«Իսիի բարեկամներ» ընկերակցութեան հետ միասնաբար երեկոյթը կազմակերպած Իսիի Ս. Մարիամ Աստածածին եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդին անունով՝ բացման խօսքը արտասանեց Աւետիս Ա. քհնյ. Պալըգեան, ողջունելով ներկաները:

Այնուհետեւ, Արթիւր Խանճեան (նաեւ նախագահ՝ «Իսիի բարեկամներ» ընկերակցութեան) որ իր խօսքին մէջ բացատրեց այս երեկոյթի կազմակերպութեան դրդապատճառը: Ըսաւ, թէ իր մտերիմ բարեկամներէն մէկը Մայիսին յղած  Ե-նամակով մը, իրեն տեղեկացուցած է այս գիրքին բովանդակութեան մասին, զայն որակելով իսկական «ռումբ» մը՝ աւելցնելով, թէ հարկ է զայն առաւելագոյնս ծանօթացնել հանրութեան: Եւ երբ մօտէն ծանօթացած է այդ գործին, շշմած մնացած է ու վճռած՝ անպայման ընդառաջել այդ խնդրանքին: Անդրադառնալով հատորին, պատմեց, թէ չորս հոգի որոշած էին կատարել այդ աշխատանքը, որ կոչուած էր մշակման ընթացքին գաղտնի մնալու եւ պիտի ըլլար ոչ նուազ քան տասը տարուան տքնաջան աշխատանքի մը արգասիքը: Ընդգծեց, որ հեղինակները արխիւային տիտանական աշխատանք մը տարած են, այնուհետեւ ալ՝ արդիւնքը չորս լեզուներու թարգմանած, յաւելեալ՝ ատիկա ըրած են նիւթական ծախսերն ալ իրենց քսակէն յատկացնելով: Բացատրեց, թէ աշխատանքը տարուած է 1913ին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ՝ արագօրէն պատրաստելու հրահանգով Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութենէն պահանջուած հայկական կրօնական կալուածներու ցուցակին հիման վրայ: Խանճեան նշեց նաեւ, թէ այդ արխիւները առաջին անգամ 1965ին՝ Հայոց ցեղասպանութեան 50ամեակին առթիւ բացուած են Էջմիածնի մէջ, ուսումնասիրուած եւ օսմաներէնէ հայերէնի թարգմանուած են Արամ Սաֆրաստեանի կողմէ, այնուհետեւ ալ յաջորդաբար լոյս տեսած՝ Ս. Էջմիածնի հանդէսին մէջ: Եւ քանի որ Էջմիածինը եւ Իսին զուգորդ քաղաքներ են, այդ ալ յաւելեալ պատճառ մըն էր, որպէսզի այս հատորին ներկայացումը սկսէր Իսիէն: Խանճեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, թէ այս գործին ետին կանգնած է նոյնքան անձայն-անշշուկ գործող կազմակերպութիւն մը՝ «Երկիր եւ Մշակոյթ»-ը, որ ստանձնած է հատորին հրատարակութեան ծախսերը, եւ իր խօսքը արտասանելու հրաւիրեց «Երկիր եւ Մշակոյթ» կազմակերպութեանց միջազգային միութեան նախագահ Գեղամ Գեւոնեանը:

Ան առաջարկեց հակիրճ կերպով բացատրել, թէ ինչպէ՞ս ծնունդ առած է այս ծրագիրը: 2004ին, Փարիզի մէջ, «Երկիր եւ Մշակոյթ» կազմակերպութիւնը որոշած է հիմնել «Հատուցում- 2015 Համախմբում»-ը՝ թրքական իշխանութիւններէն հայկական կալուածներու վերադարձի պահանջը համակարգելու նպատակով: Ըսաւ, թէ այս հատորը «Հատուցում-2015»-ի նախատեսած ծրագիրներէն մէկն էր, որ այսօր իրականութիւն դարձած է: Գեւոնեան եւս կրկնեց, թէ շուքի մէջ կատարուած աշխատանքի մը արդիւնքն է, որ կը տեսնենք այսօր եւ թէ այդ հատորը մեզի պէտք է ծառայէ որպէս թանկագին գործիք՝ պահանջատիրական մեր նախաձեռնութիւններուն մէջ: Իր խօսքը աւարտեց ըսելով, թէ ներկայիս Հայոց համար հիմնական երկու հարց կայ. մէկը՝ կառավարումը եւ ապահովութեան երաշխաւորումն է այն միակ հողատարածքին, որ մնաց մեզի, իսկ երկրորդը՝ կորուսեալ եւ գրաւեալ երկրին յարուցած խնդիրը: Նշեց նաեւ, թէ այս հատորին պիտի յաջորդէ երկրորդ մըն ալ, որու հեղինակները տարբեր անձեր են. հրապարակումը նախատեսուած է գալ տարի:

Վահան եպս. իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ «յաղթանակի օր է այսօր» եւ թէ այս հատորը վէմ մը կ՚աւելցնէ մեր պատմութեան, փաստերով կը նշէ այն եկեղեցական բոլոր կալուածները, որոնց տէրն էինք Ցեղասպանութենէն անմիջապէս առաջ: Իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ առաջին անգամ եկեղեցիէն (նկատի ունենալով որ եկեղեցւոյ գետնայարկը կը գտնուէինք) կ՚արձագանգուի այս հատորին մասին:

Քաղաքապետ Ա. Սանթինի հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն, պահանջատիրութեան նկատմամբ իր զօրակցութիւնը յայտնեց եւ շնորհաւորեց «անցեալի դէպքերը լուսաւորող եւ ներկայի մասին մեզ խորհրդածելու մղող» այս հատորին հեղինակները, գնահատեց անոնց տարած ծանր աշխատանքը, դատապարտեց թէ՛ հայկական կալուածներու պատրաստ ցանկը ձեռք ձգելու, թէ՛ ալ անոր միջոցով՝ երկրին հայ համայնքներու կեդրոնացած վայրերը ցուցակագրելու օսմանեան իշխանութեան սին նպատակը: Ցաւ յայտնեց, որ թրքական պետութիւնը չէ գոհացած 1,5 միլիոն Հայեր բնաջնջելով, անոնց ինչքերը գրաւելով եւ հայկական բոլոր հետքերը ջնջել փորձելով, եւ դեռ այսօր՝ 21րդ դարուն ալ կը շարունակէ ժխտումի, ուրացումի իր քաղաքականութիւնը: Ըսաւ, թէ ահաւասիկ ինչո՛ւ այս հատորը կարեւոր է. ան կու տայ փաստը հայոց դէմ այդ զազրելի ծրագիրին, նաեւ կը հանդիսանայ մեր ձեռքը կարեւոր զէնք մը՝ պայքարելու համար մոռացումին դէմ, եւ ի խնդիր՝ հայ ժողովուրդի յիշողութեան յարգանքին, արժանապատուութեան, ինչպէս նաեւ պահանջատիրութեան: Քիչ մըն ալ, ըստ իր բարի սովորութեան, օրուան նիւթէն անկապ՝ Իսիի տնտեսական եւ քաղաքաշինական զարգացումներուն մասին տեղեկութիւններ տուաւ:

Հուսկ, խօսքը տրուեցաւ Յարութիւն Խաչատուրեանին, որ գլխաւորած է աշխատանքի խումբը: Սահիկներու ընկերակցութեամբ ամփոփ կերպով բացատրեց իրենց կատարած գործը՝ ընդգծելով, որ ան կեդրոնացած է միայն կրօնական կալուածներու, եկեղեցիներու եւ վանքերու վրայ եւ ոչ թէ յուշարձաններու: Բացատրեց, թէ իրենց ծրագիրին նպատակը եղած է ցուցակագրել գրաւեալ համայն հայկական ինչքերը, բայց գործը սկսած են աւելի սահմանափակ ձեւով՝ կրօնականներէն: Ինչպէս ըսուեցաւ, օգտուած են Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին կողմէ՝ պարտադրաբար պատրաստուած ցանկէն, որ կ՚ընդգրկէր 1239 անուն կալուած: Գաղափար մը տալու համար, բաղդատական մը ընելով ըսաւ, թէ միայն այն հողերուն վրայ, որոնք այսօր կը գտնուին Թուրքիոյ արեւելեան հատուածին մէջ, խտութեան առումով՝ 1915ին հայկական կրօնական կալուածներու թիւը աւելի մեծ էր, քան նոյն ժամանակաշրջանին՝ ամբողջ Ֆրանսայի կրօնական կալուածներունը, եզրակացնելու համար, թէ իրենք միայն այդ շրջանի հայկական կրօնական կալուածներու թիւը կը գնահատեն շուրջ 7.000, որ շատ հեռու է Պատրիարքարանի նշեալ ցանկի տուեալներէն. հետեւաբար՝ դեռ աշխատանք կայ տանելիք: Ան տուաւ Վասպուրականի օրինակը, որ հակառակ յուշարձաններով հարուստ շրջան ըլլալուն, կը բացակայի Պատրիարքարանի ցանկէն, հետեւաբար վերջինս մասնակի է: Իրենց հանդիպած դժուարութիւններէն նշեց, Սաֆրաստեանի թարգմանած ցանկին մէջ՝ կալուածներու եւ վայրերու անուններու, անոնց համապատասխան վայրերու անճշդութիւնները, որոնց պատճառը, ըստ Խաչատուրեանի, կրնայ թէ՛ թարգմանական ըլլալ, թէ՛ ալ բնագրային, քանի որ 1965ին Էջմիածին հասած փաստաթուղթը բնօրինակը չէր, այլ՝ պատճէն մը, որ բաւական ալ չարչրկուած էր: Ապա, անդրադարձաւ տեղանուններու փոփոխութեան երեւոյթին: Իրենց պատրաստած մէկ քարտէսը դիտելով կը տեսնենք, որ այդ անուանափոխումները ջախջախիչ մեծամասնութեամբ արեւելեան Թուրքիոյ մէջ է, որ կատարուած են, զարմանալիօրէն…: Յարութիւն Խաչատուրեան իր ներկայացումը աւարտեց աւերումներու երեւոյթով: Ըսաւ, թէ ընդհանուր առմամբ երեք տեսակ աւերում կայ. ուղղակի աւերումը՝ քանդելով, ապա կայ աւերումի շատ աւելի «ճարտար» ձեւը՝ վերափոխման միջոցով (ընդհանրապէս՝ մզկիթի) եւ հուսկ, կայ տեղեկատուութեան վերափոխման միջոցով աւերումը, երբ հայկական ժառանգութիւնները կը ներկայացուին իրենց հայկական ծագումի յիշատակումէն բոլորովին զեղչուած տեղեկութիւններով:

Որպէսզի մեր թղթակցութիւնը ամբողջական ըլլայ, նշենք նաեւ որ սրահին պատերուն վրայ ներկայացուած էին հատորէն առնուած նկարներ, որոնք կը կազմէին առանձին ցուցահանդէս մը, զոր պատրաստած էր եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբը:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հեղինակներուն կողմէ գիրքին մակագրութիւնը եւ երեկոյթը վերջ գտաւ նոյն տիկնանց յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած ընդունելութեամբ մը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին