Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Կապոյտ Յիշատակներ Հրդեհուած Մելգոնեանէն Մելգոնեանցի ըլլալը չի՛ բացատրուիր՝ այլ կ՚ապրուի Ամավերջի Հանդէսները (թիւ 13)

*Վարդգէս Գուրուեան*

Բոլոր դպրոցներուն նման, Մելգոնեանի ալ ամավերջի հանդէսները թագադրումը կ՚ըլլային տարեկան գործունէութիւններուն՝ կրթական, հաշուետուական եւ այլն։

Հանդէսէն օր մը առաջ, տեղի կ՚ունենար հանդէսի ընդհանուր փորձը։ Մինչայդ, շրջանաւարտ աշակերտները իրենց տախըմները արդուկիչի տուած կ՚ըլլային, ճերմակ շապիկները լուացուած եւ արդուկուած, կօշիկները կը ներկուէին եւ մինչեւ անգամ փողկապները կ՚արդուկուէին։

Ոչ շրջանաւարտներս կը զգայինք, որ շրջանաւարտները այդքան ալ ուրախ չէին ըլլար։ Սկիզբները չէինք հասկնար, թէ ինչու՞, բայց երբ մեր կարգը հասաւ…

Ամավերջի հանդէսի արարողութիւնը կը սկսէր ժամը 7։00ին։ Հոգաբարձական կազմի անդամները, ծնողները, ուսուցչական կազմը, հիւրերն ու երգչախումբի անդամները բարերարներու դամբանին առջեւ շրջանաւարտներուն կը սպասէին։

Շրջանաւարտ մանչերն ու աղջիկները իրենց շէնքերու մուտքի դրան ներսի կողմը կը սպասէին, մինչեւ որ ազդանշանը տրուէր եւ սկսէին աստիճաններէն համրաքայլ վար իջնելով յառաջանալ դէպի դամբան։ Առջեւէն քալող մանչն ու աղջիկը խորհրդանշական ջահը բարձր բռնած, իսկ երկրորդը՝ ծաղկեփունջ մը ձեռքին կը յառաջանային։ Շարքով դամբանին առջեւ կիսակլոր կազմելէն ետք, ծաղկեփունջերը կը զետեղուէին դամբանին ստորոտը։ Ծաղկեփունջը բնականաբար կը խորհրդանշէր շրջանաւարտներուն երախտագիտութիւնը՝ բարերարներուն հանդէպ։ Ջահը կը խորհդրանշէր այն լոյսը, որ շրջանաւարտները ստացած էին Մելգոնեանէն՝ կրթական, ազգային, բարոյական եւ մարդկային վեհ գաղափարներուն։ Ջահը պէտք էր փոխանցուէր յաջորդ սերունդներուն։ Կը պատահէր, որ երբեմն խոնարհագոյն դասարանին լաւագոյն աշակերտներէն մէկուն փոխանցուէր ջահը։ Երբեմն ալ, յաջորդ տարի շրջանաւարտ ըլլալիք դասարանի աշակերտներէն մէկուն կը փոխանցուէր։

Դամբանին առջեւ տեղի կ՚ունենար նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ բարերարներու հոգիներուն համար։

Ծաղկեփունջի զետեղումէն, ջահերու փոխանցումէն եւ հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, հիւրերը հանդիսասրահ կը բարձրանային, մինչ, շրջանաւարտները աղջկանց շէնքի դասարաններէն մէկուն մէջ, կը սպասէին, որ հիւրերու տեղաւորուելէն ետք, հանդիսասրահ մուտք գործէին։

Սկզբնական տարիներուս, մինչեւ 1964, հանդէսը տեղի կ՚ունենար հանդիսասրահին կամ Տնօրէնին վիլլային եւ աղջկանց շէնքին միջեւ գտնուող պասկէթպոլի դաշտին մէջ։ Պրն. Պետեանին օրով, մանաւանդ երբ հանդիսասրահը նորոգուեցաւ, հանդէսները սկսան տեղի ունենալ հանդիսասրահին մէջ։

Տնօրէնին առաջնորդութեամբ եւ հիւրերու ծափողջոյններով, շրջանաւարտները հանգամանօրէն հանդիսասրահ կը մտնէին եւ բեմին վրայ տեղ կը գրաւէին։ ՀԲԸ Միութեան եւ Մելգոնեանի զոյգ քայլերգներէն ետք, հայկական միւս դպրոցներու հանդէսներու նման, բարի գալուստի խօսքէն, մրցանակներու բաշխումէն, տնօրէնին տեղեկագիրէն եւ կրթական խօսքէն ետք, տեղի կ՚ունենար վկայականներու բաշխումը։ Երգչախումբը երեք երգ կ՚երգէր, ապա շրջանաւարտներու խօսքին կը յաջորդէր «Հուսկ Բանք»ը, որմէ ետք պաշտօնապէս դուրս կու գայինք սրահէն։ Միջնայարկի միջանցքին մէջ շնորհաւորութիւնները կ՚ընդունէինք եւ պաշտօնապէս «Մելգոնեանի Շրջանաւարտ» եղած ըլլալու բացառիկ եւ «Մելգոնեանցի» կոչուելու բարձրագոյն պատիւներուն կ՚արժանանայինք։

Աւանդութիւն էր, որ Ամավերջի Հանդէսէն ետք, Տնօրէնին վիլլային ետեւի պարտէզին մէջ ընթրիքի հիւրասիրութիւն տեղի ունենար՝ ի պատիւ շրջանաւարտներուն։ Հոգաբարձական կազմի անդամները իրենց տիկիններով, ուսուցիչները եւ անոնց տիկինները, շրջանաւարտներն ու անոնց ներկայ ծնողները եւ կարգ մը հիւրեր կը մասնակցէին այդ հիւրասիրութեան։ 11րդ դասարանի աշակերտները սպասարկողները կ՚ըլլային այդ ընթրիքին։ Հաստատութեան խոհանոցին մէջ պատրաստուած համադամ ճաշեր, զովացուցիչներ, կիպրական օշարակներ, ալքոլախառն ըմպելիներ եւ պտուղի տեսակներ մաս կը կազմէին ճաշացուցակին։

Տակաւին չեմ հասկցած, թէ ինչպէ՞ս, մանաւանդ ալքոլախառն ըմպելիքներու շիշերը երեկոյի ընթացքին կամաց-կամաց կը սկսէին անհետանալ։ Եթէ, օրինակի համար, 30 շիշ խմիչք կար ընթրիքին սկիզբը, ապա, վերջաւորութեան պարպուած եւ կիսալեցուն շիշերը եթէ համրէինք, հազիւ 20 շիշ կարելի կ՚ըլլար հաշուել… կարծեմ 11րդի տղաքը շիշերը կը պահէին, որ հիւրերը շատ խմելով չգինովնային եւ ինքնաշարժի արկածներու չ՚ենթարկուէին։ Ի՜նչ հոգածու աշակերտներ …

1970ական թուականներուն, երբ որպէս դաստիարակ-հերթապահ կը պաշտօնավարէի Մելգոնեանէն ներս, տեսայ որ հանդէսէն ետք ընթրիքի դրութիւնը փոխուեր է եւ վերածուեր պարզ պտղասեղանի եւ օշարակի հիւրասիրութեան։ Երբ պատճառը հարցուցի, հոգաբարձուներէն մէկը թէ տնօրէնը, չեմ յիշեր, ըսաւ. «Ընթրիքը շատ ծախսալից է, ուզեցինք քիչ մը խնայողութիւն ընել»: 1970ական թուականներուն, աւելի քան մէկ միլիոն տոլարի պիւտճէին մէջ, շրջանաւարտներու ի պատիւ, քանի մը հոգիի համար պատրաստուած ընթրիքը որոշուեցաւ ջնջել՝ 3իբր խնայողութիւն.անհաւատալի էր այս մարդոց տրամաբանութիւնը։ Եթէ այդքան «մեծ ծախս» էր Բարեգործականին վրայ, թող որ միլիոնատէր հոգաբարձուներէն մէկը հոգար ծախսերը։ Բայց …

1972ին Նիկոսիոյ մէջ հիմնած էինք Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը (ՀԲԸՄ–ՀԵԸ)։ 1974էն մինչեւ 1980 ես ատենապետն էի։ 1978ին, ՀԵԸ-ի վարչական ժողովին մէջ որոշեցինք, որ այդ տարին, Ամավերջի հանդէսէն ետք, Բարեգործականի Ակումբին մէջ ընթրիք մը կազմակերպենք եւ հրաւիրենք հոգաբարձուները, ուսուցչական կազմը, հիւր ծնողները, շրջանաւարտները եւ Բարեգործականի Նիկոսիոյ Մասնաճիւղի վարչութեան անդամները՝ իրենց ազնուափայլ տիկիններով։

Այդ տարուան շրջանաւարտներուն մէջ Քուէյթէն քանի մը աշակերտներ ունէինք, որոնք Քուէյթի Ազգային Վարժարանին մէջ պաշտօնավարած տարիս (1970), իմ աշակերտներս եղած էին եւ որոնց ծնողները լաւ կը ճանչնայի, ունեւոր մարդիկ էին՝ Հալէպէն եւ Պէյրութէն Քուէյթ գացած եւ հարստացած։ Նոյնպէս, Պէյրութէն ալ ունէինք շրջանաւարտներ, որոնց ծնողներուն «վիճակը լաւ էր» եւ որոնց Հրաչ Մանուկեանը լաւ կը ճանչնար։ Մեր խաղը այն էր, որ այս ծնողները եթէ հրաւիրուէին, նուիրատուութիւն կրնային ընել եւ ծախսերը կը փակէինք, քիչ մըն ալ շահ կ՚ապահովէինք։ Երբ Բարեգործականի Նիկոսիոյ մասնաճիւղի վարչութեան ըսինք, որ այդ մեծ խումբը (մօտ 150 հոգի) ընթրիքի պիտի հրաւիրենք, անվճար եւ շահ պիտի ապահովենք, զարմացան։ Ինչպէ՞ս կարելի էր անվճար ճաշկերոյթ կազմակերպել եւ շահ ապահովել… «Մեզմէ դրամ չուզէք, այս ի՞նչ հաշիւ է, պիտի վնասէք, մենք թափելիք դրամ չունինք, ինչ որ ընէք ձեր պատասխանատուութեամբ կ՚ընէք»,- եղաւ իրենց ազնիւ պատասխանը։ «Մենք կը ծրագրենք մեր հիւր-ծնողներուն սեղաններուն վրայ մէկական շիշ ուիսկի ալ հրամցնել»,- ըսինք։ Մարդիկը կատղեցան։ «Դուք, ըսին, իրաւունք չունիք Միութեան դրամը պարապ տեղը ծախսելու, չէք կրնար ՀԵԸ-ի դրամը ասանկ բաներու համար ծախսել, հաշիւ պիտի տաք»։ Այս «մեծ»երը ի՜նչ լաւ կը քաջալերէին մեզ։ Հրաչ Մանուկեանը, ես եւ Դաւիթ Շահապեանը որոշեցինք, որ եթէ բաւարար դրամ չկարենանք հանգանակել, մենք երեքով, միասնաբար, նիւթական բացը պիտի գոցէինք, այդ իմաստակներուն բերանը բանալ չտալու համար։

Ամավերջի հանդէսէն ետք, հիւրերը ուղղուեցան դէպի Բարեգործականի Ակումբը, որ Մելգոնեանի ֆութպոլի դաշտին քովն էր։ Բարեգործականի Նիկոսիոյ վարչութեան անդամները՝ իրենց ազնուափայլ տիկիններով, երկու սեղան արդէն իսկ ապահովէր էին եւ խոժոռ ու անհանդարտ նայուածքներով մեզ կը դիտէին։

Հիւրերը տեղաւորուեցան։ Օրուան թամատան ես էի։ Բարի գալուստի, շնորհաւորութեան եւ «աչքերնիդ լոյս»ի ջերմ խօսքերէս ետք, սկսայ մեր շրջանաւարտները մէկիկ-մէկիկ ներկայացնել եւ զուգորդել զանոնք իրենց ներկայ ծնողներուն հետ։ Անշուշտ չէի մոռնար իւրաքնաչիւր ծնողքի մասին գովասանքով խօսիլ, անոնց զոհողութիւններուն, «ազգային – բարեսիրական ծառայութիւններուն» եւ՝ Մելգոնեանին հանդէպ իրենց կապուածութեան։ Կը գովէի նաեւ քուէյթցի մայրերուն տանտիկինութիւնը, համադամ ճաշերը (որոնք համտեսած էի) եւ հոգածութիւնը իրենց զաւակներուն հանդէպ։ Յիշեմ, որ իւրաքանչիւր ծնողք ներկայացնելէս ետք, կենացը կը խմէինք ի՛ր եւ իր շրջանաւարտ զաւակին։ Տրամադրութիւնները իւրաքանչիւր «կենաց»ի հետ արդէն սկսած էին բարձրանալ։ Դէմքերը՝ կարմրիլ։ Հրաչ Մանուկեանը իր ճանչցած ծնողներէն մէկուն ականջին բաներ մը փսփսաց եւ… հարիւր տոլարի առաջին նուիրատուութեամբ հանգանակութեան դուռը բացուեցաւ (1978ին 100 տոլարը մեծ գումար էր Կիպրոսի համար)։ Մթնոլորտը այնքան ջերմացաւ, որ նուիրատու ծնողք մը երկրորդ անգամ նորէն հարիւր տոլար մը նուիրեց։ Երկու կամ երեք մայրեր, իրենց ամուսիններէն ետ չմնալու համար, հարիւրի տեղ հարիւր յիսունական տոլար նուիրեցին, եւ կատակներուս վրայ ծափահարութիւններն ու քահքահները բազմապատկուեցան։ Բնականաբար ուիսկին իր շատ դրական ազդեցութիւնը սկսած էր գործել ի նպաստ մեզի։

Այդ գիշեր, շատ կոկիկ գումար մը ապահովեցինք ՀԵԸ-ին։ Բարեգործականի «մարդուկ»ները եկան մեզ շնորհաւորելու եւ գանգատելու, որ իրենց սեղաններուն վրայ ուիսկի չէր դրուած եւ թէ հաշիւը ե՞րբ իրենց պիտի ներկայացնէինք։ «Հաշիւ չկայ, ըսինք, այս դրամով մենք մեր ակումբին համար ինչ որ պէտք է պիտի գնենք»։ «Մարդուկ»ները աքլորներու նման գլուխնին շարժելով հեռացան։

Մինչեւ 1980, իմ Ամերիկա ներգաղթելս, ընթրիքի այս բարի սովորութիւնը շարունակեցինք, միշտ նիւթական կոկիկ շահ մը ապահովելով ՀԵԸ-ին։ Բայց, երբե՛ք Բարեգործականի վարչականներուն սեղաններուն վրայ ուիսկիի շիշ նուէր չդրինք։

Ամավերջի հանդէսին յաջորդ օրը, արդէն շրջանաւարտները իրենց տուները կը մեկնէին։ Վալիզները պասերուն տանիքը տեղաւորուելէ ետք, երբ տնօրէնին սենեակը կը մտնէին մնաք բարով ըսելու, լաց ու կոծ մըն էր, որ կը փրթէր։ Տղաքը շէնքի մուտքի աստիճաններուն վերը գտնուող սիւներուն կը փաթթուէին եւ չէին ուզեր մեկնիլ։ Ուրիշներ դամբանին առջեւ կեցած հոնգուր-հոնգուր կու լային։ Ոմանք աղջկանց շէնք կ՚երթային իրենց սիրուհիներէն հրաժեշտ առնելու։ Վերջապէս, 11րդ դասարանի աշակերտները եւ քանի մը ուսուցիչներ տղոց թեւերէն բռնած, քաշքշելով պաս կը տանէին։ Պասին մեկնած ժամանակ, տղաքը տակաւին ետեւ դարձած, լալով, ձեռքերով իրենց վերջին հրաժեշտը կու տային անզուգական բարերարներուն եւ իրենց երկրորդ տան՝ Մելգոնեանին։

Լոս Անճելըս, 2016

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին