Ղարաբաղ-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի արեւելեան եւ հարաւային ուղղութիւններով, հակառակորդը ձեռնարկեց հետախուզական ներփաթանցման փորձերու: Արցախի պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները ժամանակին հաւաստանշելով ազրպէյճանական յատուկ ջոկատայիններու յառաջխաղացումը` կորուստներ պատճառելով ետ շպրտած են նախայարձակ ուժը: Արցախեան կողմէ կորուստներ չեն եղած: Բացի ներթափանցման փորձերէն, հակառակորդը զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտած է աւելի քան 50 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 2800 կրակոց:






