Շաբաթ, 21. 02. 2026

spot_img

«Հայկական Մամուլը Կրնայ Մրցիլ Որեւէ Երկրի Լրատուադաշտի Հետ». Սեւակ Յակոբեան

Զրոյցը Վարեց՝ ԳԷՈՐԳ ՉԻՉԵԱՆ

«Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու անկախութեան 25ամեակը լաւագոյն առիթն էր «Հայոց պետականութիւնըմիասնութեան առանցք» խորագիրով լրագրողներու համահայկական համաժողով կազմակերպելու համար: Կարեւոր կը համարեմ նաեւ Արցախի մէջ համաժողովի  իրականացումը, քանի որ Արցախի հողէն ստացած ուժը իր արձագանգը կ’ունենայ սփիւռքահայերուն մօտ: Յստակ կ’երեւի, որ համաժողովը բարձր մակարդակով  կազմակերպուած է, մասնակիցներուն թիւն ու աշխարհագրութիւնը մեծցած է, իսկ աշխատանքները համակարգուած ձեւով առաջ կ’ընթանան»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան: Ան աւելցուց, որ կայացած համաժողովներու իբրեւ արդիւնքով հայաստանեան եւ սփիւռքեան ԶԼՄ-ներուն միջեւ հզօր լրատուացանց  ստեղծուած է, ամրապնդուած են աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գործող լրատուամիջոցներու կապը, նոյնիսկ առողջ մրցակցութիւն կը նկատուի իրարու միջեւ, իսկ խմբագիրներու եւ  լրագրողներու անձնական յարաբերութիւնները սերտացած  են:

Սեւակ Յակոբեանի կարծիքով, Հայաստանի եւ Սփիւռքի լրատուական ներուժի համախմբման, համահայկական նշանակութեան խնդիրները լուծելու համար կարեւոր է միասնականութեան գաղափարը: Սփիւռքեան համայնքներուն մէջ գործող լրատուամիջոցներէն իւրաքանչիւրն իր կարգին պէտք է նպաստէ երկուստեք փոխհամագործակցութեան:

«Պէտք է միշտ յիշենք` մամուլն ուղղակի կը ծառայէ պետութեան շահերուն, անկախ այն հանգամանքէն, թէ ինչ ուղղուածութիւն եւ դիրքորոշում ունի:

Արդէն ժամանակն է, որ արտասահմանեան լրատուամիջոցները Հայաստանի մէջ իրենց գրասենեակները բանան: Իսկ առայժմ այդ գործը պէտք է Սփիւռքի լրատուամիջոցները ստանձնեն, որուն միջոցով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի մասին Սփիւռքի եւ աշխարհի մէջ առարկայական, անաչառ տեղեկատուութիւն կը տարածուի:

Ցայտուն օրինակ էր ապրիլեան պատերազմը, երբ այդ օրերուն աշխարհ ապատեղեկատուութիւն կը ստանար, որուն պատճառը յստակ պարզ էր. միջազգային լրատուական գործակալութիւնները ոչ թէ Երեւան կը գտնուէին, այլ` Պաքու: Առհասարակ, ես այն կարծիքին եմ, որ հայկական մամուլը, որպէս միասնական կառոյց, կրնայ մրցիլ որեւէ երկրի լրատուադաշտի հետ»,-իր խօսքը ամփոփեց Սեւակ Յակոբեան:

Աւելցնենք, որ «Հայոց պետականութիւնըմիասնութեան առանցք» խորագիրով Լրագրողներու համահայկական 8րդ համաժողովը կազմակերպած է  ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը` լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի, լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան եւ Հայաստանի լրագրողներու միութեան հետ համագործակցաբար: Համաժողովի մեկնարկը տրուած է Հոկտեմբեր 20ին Երեւանի մէջ, որուն աշխատանքները կը շարունակուին Հոկտեմբեր 21ին: Իսկ Հոկտեմբեր 23-24 համաժողովը կ’իրականացուի Ստեփանակերտի մէջ:

Համաժողովի առաջին օրը մասնակիցները հանդիպումներ ունեցած են ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի եւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի հետ:

«Հայերն Այսօր»

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին