Երկուշաբթի, 15. 09. 2025

spot_img

Սթրազպուրկի Մէջ Հալէպահայութեան Զօրակցութեան Քայլարշաւ

Անցեալ շաբաթավերջին, Ֆրանսայի Ալզաս շրջանի հայ համայնքի ներկայացուցիչները քայլարշաւ մը կազմակերպեցին, յայտնելով իրենց զօրակցութիւնը՝ Հալէպահայութեան:

Հայորդի ցուցարարները քալեցին Եւրոպական խորհուրդի, Եւրոպական դատարանի եւ Եւրոպական խորհրդարանի շէնքերուն մօտէն, պարզելով «1915-2016. Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի», «Եւրոպան պէտք է գործէ», «Փրկէ՛ Հալէպը» գրութիւններով պաստառներ: Հայ համայնքին միացած են նաեւ Սթրազպուրկի ասորիներու համայնքի ներկայացուցիչներ:

Քայլարշաւին մասնակիցները նաեւ պարզած են Հալէպի մէջ, վերջին օրերուն, կոյր ռմբակոծումներու պատճառով մահացած հայերուն լուսանկարները, եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած անմեղ զոհերուն յիշատակը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին