*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՂՕԼԵԱՆ*
Տարտղնուած են միտքերս, կ’ուզեմ մէկ հունի մէջ զետեղել, ո՞հ, ի’նչ դժուար վիճակ, կարծես անկարելիութիւն է, ինչպէս հայութիւնը մէկ հաւատոյ հանգանակի տակ:
Աւանդուած, դարերէ ի վեր եկող գործարքներ, հանդէսներ, ըմբռնումներ, որոնք քիչ մը իրականութեան մօտեցնելն իսկ դժուարին առաքելութիւն է:
Կ’ըսենք.- մարդ կը ծնի. եթէ բանաստեղծ է, օ՜, կը ծնի ու իր մէկ հրապարակած գիրքի գինեձօնին կը գովաբանուի բանաստեղծը՝ անձը, եւ նայած թէ ո՞վ է, ի՞նչ է, ի՞նչ գունաւորում ունի, ըստ այդմ՝ թմբուկ, ջութակ, քնար եւ երգեհոն կը նուագուի, գովաբանելու համար հեղինակը, եւ…
«ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ ԿԸ ԾՆԻ…» հարց տանք.- իսկ ի՞նչ ներդրում ունեցած է ան իր ծնելուն մէջ. արդեօք պատասխան ունի՞. եւ ո՞վ պատասխան կրնայ ունենալ. կա՞յ պատասխանը անոր: Անձնապէս ես չեմ յիշեր, թէ ի’նչ ներդրում ունեցած եմ ծնելուս, եւ քանի որ հետաքրքրութեանս օրերը լայն են, հնդկական գիրքէ մը կարդացած եմ. «Մեծ առաւելութիւն է մարդ ծնիլ». անշուշտ նկատի ունի կենդանականը, քանի որ անոնք կը հաւատան վերամարմնաւորումին (Reincarnation), որուն միջոցաւ կենդանական աշխարհը վարի խաւէն կարելի է բարձրանալ վերին խաւ, ուր կարելիութիւն կ’ունենայ այլեւս աստուածութեան հասնելու, թէեւ, այս մասին, ինչպէս ամէն նմանօրինակ նիւթերու առթիւ, կարծիքներ գոյութիւն ունին:
Ուրեմն, մարդ կը ծնի, մարզական, մշակութային թէ ընկերային մարզի մէջ ի’նչ ալ ըլլայ իր կարողականութիւնը իբրեւ բանական էակ, ըլլայ ան կծծի, ագահ, շռայլ կամ արուեստագէտ: կան մարդիկ, որ խառնուածքով հանդարտ են, իսկ ուրիշներ՝ անհանդարտ. կարծես ամբողջովին են, անոնցմէ է ինծի ծանօթ եւ հանրածանօթ Թորոս Թորանեանը, որ գրադարան մը լեցնելու չափ գիրքեր հրատարակած է, ինչպէս նաեւ Պերճ Ֆազլեանին նուիրուած «Այսպէս Կը Նուիրուին Թատրոնին» գիրքը. հոն կը խօսի Ֆազլեանի գործունէութեան մասին եւ գրեթէ ամբողջական:
Ես երկուքն ալ ճանչցած եմ գրական շրջանակի ծիրէն ներս, Բագրամեան մարզական միութեան մէջ, ուրբաթօրեայ մեր հանդիպումներու ընթացքին, ներկայութեամբ՝ շուրջ 70 անդամներու, մտաւորականներու եւ զանազան մարզի հոյլի մը: Բանաստեղծութեամբ տոգորուած առաջին փորձերուս մէջ, ի ուրախութիւն ինծի եւ իմ նման սկսնակներու, թուով հինգ երէցներ մեզի հետ պիտի ըլլային քննարկելու մեր գրութիւնները, ու ահա… Պերճ Ֆազլեանն ալ ներկայ էր, Արմէն Դարեանի եւ Յակոբ Սարգիսեանի կողքին: Ինծի համար Ֆազլեանը «Վոլբոնէ» էր. այդ թատրոնը առաջին անգամ բեմ բարձրացաւ Սահակեան վարժարանի թիթեղածածկ յարկին տակ: Միայն այսքան յուշ. Պարագաները կ’ըլլան տիրական: Այսքանը ի յիշատակ իրեն ըսելու համար, որ իր հետաքրքրութեան ծիրին մէջ էր նաեւ քաջալերել սկսնակները:
Մարդիկ կան, որ հանդարտ են, ինքնամփոփ, ներքաշուած. մարդիկ ալ կան՝ ընդհակառակը…: Վերջապէս ամէն մարդ ի’ր տեսակն է ու մարդ կը ծնի ու ըստ պարագաներու կ’աճի կամ կը խամրի: Պէտք է նկատի ունենալ առարկայական դատումի եւ գնահատումի մէջ:
Եւ…
«Ինչ որ եմ Տիրոջմէ եմ» (Պօղոս Առաքեալ):






