Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան ընդունեց Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը գլխաւորութեամբ՝ ատենապետ Ընկ.Տոքթ. Աւետիս Տաքեսեանի եւ վարչական անդամներու:
Աւելի քան ժամ մը տեւող ընդունելութեան ընթացքին, Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան պատուիրակութիւնը Վեր.Գարակէօզեանին հետ քննարկեց ընդհանրապէս հայ ազգը յուզող հարցեր:
Հանդիպումը առիթ եղաւ անդրադառնալու լիբանանահայ գաղութի կեանքին՝ իր զանազան մարզերով ու ծալքերով, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի հայկական համայնքներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն ընդհանրապէս եւ Միջին Արեւելքի համայնքներուն մասնաւորաբար: Վեր առնուեցաւ Հալէպի մէջ ծառայող հովիւներու կատարած գործը:
Վեր. Գարակէօզեան լայնօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ ծաւալած գործունէութեան: Շեշտեց քրիստոնէական հաւատքով աշխատելու կարեւորութիւնը: «Այն ներուժը, զոր կը ստանանք քրոտոնէական հաւատքին ուժով անփոխարինելի է մեր կեանքին մէջ»,- ըսաւ ան:
Այնուհետեւ, զրոյցը զարգացաւ հայաստանեան իրականութենէն ներս, շեշտելով այն գործօնները, որոնք Հայաստանի ապագայական հեռանկարը կը դնեն ամուր հիմքերու վրայ:
Վեր. Գարակէօզեան յաջողութիւն մաղթեց Լիբանանի Ռ.Ա.Կ. նորընտիր Շրջանային Վարչութեան գործունէութեան: Հանդիպման աւարտին, որոշուեցաւ այս հանդիպումները դարձնել աւելի յաճախակի՝ համագործակցութիւնը ամրապնդելու համար երկու կողմերուն միջեւ:
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն