Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Այսօր Կը Մեկնարկէ Լրագրողներու 8-րդ Համահայկական Համաժողովը

Հոկտեմբեր 20-ին, ժամը 10: 00-ին պիտի մեկնարկէ «Հայոց պետականութիւնը`միասնութեան առանցք» խորագիրով Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովը, որ Հոկտեմբեր 20-22ին տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ (Սփիւռքի նախարարութիւն, 9-րդ յարկ Վ. Սարգսեան 3), իսկ 23-24` Ստեփանակերտի մէջ):

Համաժողովը կազմակերպած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը՝ լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի եւ լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան ու Հայաստանի լրագրողներու միութեան հետ համագործակցաբար:

Համաժողովին պիտի մասնակցին 140 լրագրողներ` աշխարհի 31 երկիրներէ:

Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովը կը նուիրուի Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններու անկախութեան 25ամեակին:

Բացման խօսքով հանդէս պիտի գայ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Պիտի ընթերցուի ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի օրհնութեան խօսքը:

Համաժողովը ուղիղ պիտի հեռարձակուի համացանցով եւ աշխոյժ կապով: Աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած հայ լրագրողները համացանցի միջոցով հնարաւորութիւն պիտի ունենան իրենց հարցերով, առաջարկութիւններով եւ ելոյթներով մասնակցելու համաժողովի աշխատանքներուն:

Համաժողովի նպատակը համահայկական տեղեկատուական դաշտի ընդլայնումն ու կատարելագործումն է, լրատուական ներուժի համախմբումը եւ արդիւնաւէտ կիրառումը Հայաստանի զարգացման, ՀՀ միջազգային վարկանիշի բարձրացման, Սփիւռքի հայապահպանութեան, համահայակական հիմնախնդիրներու լուծման գործընթացին:

Պիտի քննարկուին` ՀՀ պետականաշինութեան գործին մէջ Սփիւռքի ներուժի ներգրաւման, ճգնաժամային պայմաններու մէջ համահայկական տեղեկատուական միասնական ցանցի ձեւաւորման կառուցակարգերու ու լրատուամիջոցներու համագործակցութեան ուղիները, հեռուստատեսութեան, ռատիոյի եւ ելեկտրոնային մամուլի համագործակցութեան հեռանկարները, տեղեկատուական անվտանգութեան հետ կապուած խնդիրներ եւ այլ հարցեր:

Համաժողովի մասնակիցները հանդիպումներ պիտի ունենան ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի, Արցախի վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ: Հնարաւորութիւն պիտի ունենան ըլլալու առաջին գիծին վրայ՝ տեսնելու զինուորներու առօրեան ծանօթանալու անոնց հետ, հարցազրոյցներ իրականացնելու:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին