Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Նոր Կառավարութեան Ծրագիրով Կանանց Զինուորական Ծառայութեան Անցնելու Հնարաւորութիւնները Կ’ընդլայնուին

Կառավարութեան ծրագիրի նախագիծով, որ Հոկտեմբեր 20-ին ԱԺ արտահերթ նիստի ընթացքին պիտի ներկայացուի Ազգայի ժողովի դատին, պաշտպանութեան ոլորտին մէջ նորամուծութիւններ կը սպասուին, կը հաղորդէ panorama.am-ը:

Մասնաւոր ծրագիրով կը նախատեսուի կամաւորական սկզբունքով կանանց զինուորական ծառայութեան անցնելու հնարաւորութիւններու ընդլայնում: Ի դէպ, նախկին վարչապետ՝ Յովիկ Աբրահամեանի ղեկավարած կառավարութեան ծրագիրին մէջ նման դրոյթ չէ եղած:

Նկատենք, որ Հայաստանի Զինուած ուժերու մէջ կանանց ծառայութիւնը կը կարգաւորուի «Զինապարտութեան մասին» ՀՀ օրէնքով, որուն 3-րդ յօդուածին համաձայն, զինապարտներ կը համարուին նախազօրակոչային, զօրակոչային տարիքի եւ պահեստազօրի մէջ հաշուառուած արական, ինչպէս նաեւ զինուորական մասնագիտութիւն ունեցող կամ զինուորական ծառայութիւն անցած իգական սեռի քաղաքացիները: Սակայն կանանց համար զինուորական ծառայութիւնը Հայաստանի մէջ պարտադիր չէ, ինչպէս Իսրայէլի մէջ է։

Նոր կառավարութիւնը կ’առաջարկէ բանակ-հասարակութիւն կապի զարգացում, ինչ որ դարձեալ նախատեսուած չէ եղած նախորդ կառավարութեան ծրագիրով: Մասնաւորապէս, նոր կառավարութիւնը կ’առաջարկէ.

«Զինուորական կառավարման մեքանիզմներու արդիականացում. մարտական հերթապահութեան եւ մարտական խնդիրներու լիարժէք ու արդիւնաւէտ կատարման զուգահեռ` հանրային իրազեկման պատշաճ ապահովում, բանակ-հասարակութիւն կապի զարգացում, զինուած ուժերու մէջ մարդու իրաւունքներու ու հիմնարար ազատութիւններու երաշխիքներու, հասարակական եւ միջանձնային առողջ յարաբերութիւններու ապահովում, ինչպէս նաեւ հայրենասիրութեան, բարոյական կանոններու, կարգապահութեան եւ կանոնադրական յարաբերութիւններու ամրապնդում»:

Կը նախատեսուի նաեւ արժանիքներու եւ կրթական չափանիշերու վրայ հիմնուած ծառայողական յառաջխաղացման թափանցիկ համակարգի ստեղծում, ռազմական կրթութեան ոլորտի մէջ ժամանակակից կրթական ու մեթոտական ծրագիրներու ներդրում:

Նաեւ կը նշուի. «Զօրակոչային համակարգի մէջ արդարութեան սկզբունքի ամրապնդմամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան իւրաքանչիւր զինապարտ քաղաքացիի մասնակցութեան ապահովում` զինուորական ծառայութիւնը դիտելով որպէս կրթութեան եւ դաստիարակութեան, օրինապաշտ քաղաքացիի ձեւաւորման կարեւոր գործընթաց»։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին