Հինգշաբթի, 11. 09. 2025

spot_img

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Նախագահ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան Կ’ընդունի Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջ.Վարչութեան Ներկայացուցիչները

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան ընդունեց Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը  գլխաւորութեամբ՝ ատենապետ Ընկ.Տոքթ. Աւետիս Տաքեսեանի եւ վարչական անդամներու:

Աւելի քան ժամ մը տեւող ընդունելութեան ընթացքին, Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան պատուիրակութիւնը Վեր.Գարակէօզեանին հետ քննարկեց ընդհանրապէս հայ ազգը յուզող հարցեր:

Հանդիպումը առիթ եղաւ անդրադառնալու լիբանանահայ գաղութի կեանքին՝ իր զանազան մարզերով ու ծալքերով, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի հայկական համայնքներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն ընդհանրապէս եւ Միջին Արեւելքի համայնքներուն մասնաւորաբար: Վեր առնուեցաւ Հալէպի մէջ ծառայող հովիւներու կատարած գործը:

Վեր. Գարակէօզեան լայնօրէն անդրադարձաւ  Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ,  Հայ Աւետարանական  Եկեղեցւոյ  ծաւալած գործունէութեան: Շեշտեց քրիստոնէական հաւատքով աշխատելու կարեւորութիւնը: «Այն ներուժը, զոր կը ստանանք քրոտոնէական հաւատքին ուժով անփոխարինելի է մեր կեանքին մէջ»,- ըսաւ ան:

Այնուհետեւ, զրոյցը զարգացաւ հայաստանեան իրականութենէն ներս, շեշտելով այն գործօնները, որոնք Հայաստանի ապագայական հեռանկարը կը դնեն ամուր հիմքերու վրայ:

Վեր. Գարակէօզեան յաջողութիւն մաղթեց Լիբանանի Ռ.Ա.Կ. նորընտիր Շրջանային Վարչութեան գործունէութեան: Հանդիպման աւարտին, որոշուեցաւ այս հանդիպումները դարձնել աւելի յաճախակի՝ համագործակցութիւնը ամրապնդելու համար երկու կողմերուն միջեւ:

 

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին