Երկուշաբթի, 15. 09. 2025

spot_img

Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան Այցելեց Ճինիշեան Կեդրոն

Երեքշաբթի, 11 Հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ճինիշեան կեդրոն այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան` նպատակ ունենալով ծանօթանալ հաստատութեան գործունէութեան:

Անձնակազմին եւ Խորհրդատու Մարմինին անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց «Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի տնօրէն Փօլին Սաղըրեան, որ նախ շնորհաւորեց 25-ամեակը  Հայաստանի վերանկախացումին եւ Արցախի անկախութեան` Հայաստանին, Արցախին եւ Լիբանանին մաղթելով խաղաղ ու կայուն տարիներ եւ մնայուն բարգաւաճում` անհատական թէ հաւաքական մակարդակներու վրայ:

Ապա ան անդրադարձաւ 22 Յուլիսին Լիբանանի «Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի 50-ամեակի հանդիսութեան, այս առիթով՝ «Յոյսի Առաքելութիւն» պատմական հատորին հրատարակութեան եւ տեսերիզին պատրաստութեան, որոնց նպատակն էր հանրութեան ներկայացնել Ճինիշեան հաստատութեան անցնող 50 տարիներու գործունէութիւնը ու մատուցած ծառայութիւնը:

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ը մեծ ընտանիք մըն է, որ կը գործէ գլխաւորաբար Միջին Արեւելքի եւ 24 տարիներէ ի վեր Հայաստանի մէջ: Բարերար Վարդան Ճինիշեանի կտակին գործադրութեամբ` Ճինիշեանի տեղական խորհրդատու մարմինը պէտք է կրէ միջեկեղեցական պատկանելիութեան բնոյթ: Այս պատկերը առիթ կ՛ընծայէ գաղափարներու բազմազանութեան եւ անոնց համադրումին: Միասնական այս հարազատ մթնոլորտը մեծապէս կը նպաստէ ծրագիրներու հեզասահ իրագործումին:

«Վարդան Ճինիշեանի համար հայուն ծառայել կը նշանակէր առիթ ընծայել, որ իր ազգակիցները ըլլան առողջ, կեանքի պայքարին մէջ յաջողակ, կրօնական- բարոյական արժէքներու տէր, յառաջդիմելու ատակ անձեր: Ան զանազանութիւն դրած էր իրագործուելիք ծրագիրներուն մէջ` անմիջական օժանդակութիւնը վերապահելով տարեցին ու հիւանդին եւ զարգացողական ծրագիրները` երիտասարդ գործունեայ սերունդներու պատրաստութեան», ըսաւ Փօլին Սաղըրեան:

Դեսպանը շրջագայեցաւ կեդրոնին մէջ, անոր տրուեցան համապատասախան բացատրութիւններ, ինչպէս նաեւ ընդհանուր գործունէութիւնը powerpoint-ի վրայ ներկայացուեցաւ Դարմանատան պատասխանատու Դեղագործ Նանոր Թաշճեանի կողմէ:

Ապա իր սիրտի եւ գնահատանքի խօսքը արտասանեց դեսպան Մկրտչեան: Ան շեշտեց, որ «Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ին եւ անոր հիմնադիրին գաղափարներն ու տեսլականները վեհ են եւ հոգեհարազատ, որովհետեւ կը փաստեն, որ համայնքը անտարբեր չէ իր զաւակներուն նկատմամբ, այլ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ, որպէսզի աջակցի կարիքաւորներներուն եւ թեթեւցնէ անոնց ծանր առօրեան: Դեսպանը անդրադարձաւ թէ այս վեհ առաքելութիւնը յաջողութեամբ իրականացուցած է Ճինիշեանը. կէս դարու գործունէութիւնը մեծ փաստ է այս յաջողութեան: Սամուէլ Մկրտչեան դրուատեց նաեւ Հայաստանի մէջ Ճինիշեանի տարած գործունէութիւնը, որովհետեւ այսպիսով աջակցած կ՛ըլլանք համայն հայութեան:

Իր խօսքը եզրափակելով` Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը յոյս յայտնեց, որ բոլոր դժուարութիւնները լուծուին, եւ կառոյցը շարունակէ իր նուիրական գործը` անձնակազմով եւ այլ անդամներով, որոնք իրենց թանկագին ժամանակը կը տրամադրեն եւ կամաւորաբար կ’օժանդակեն Ճինիշեանի գործունէութեան: Ան հաստատեց, որ ինք եւ դեսպանատունը եւս պատրաստ են քաջալերելու Ճինիշեանի ծրագիրները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին