Շաբաթ, 28. 02. 2026

spot_img

Լեռնային Ղարաբաղը Կրնայ Ըլալլ Ինքնավար Հանրապետութիւն․ Ալիեւի Հարցազրոյցը «Russia Today»-ին

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով փոխզիջում հնարաւոր է: Ան կրնայ ինքնավար հանրապետութիւն դառնալ:

Այդ մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը «Ռուսիան այսօր» միջազգային լրատուական գործակալութեան գլխաւոր տնօրէն Տմիթրի Քիսիլէովին տուած հարցազրոյցի ժամանակ, կը յայտնէ Թերթ.ամ-ը:

«Խելամիտ փոխզիջումը հնարաւոր է. Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգութեան, անոնց կենսագործունէութեան, ինքնավարութեան ապահովում, Ազրպէյճանի կողմէ տարբեր ներդրումային նախագիծերու իրականացում: Եւ երկու ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ փոխգործակցութիւն` Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար շրջանի սահմաններէն դուրս տարածքներու ազատագրման պայմանով. ահա մենք այսպէս կը տեսնենք հակամարտութեան կարգաւորումը»,- ըսած է ան: Ի դէպ` ան նշած է, որ «Ազրպէյճան երբեք չի համաձայնիր Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան տրամադրման», կը փոխանցէ ria.ru-ն:

«Բայց կրնայ ըլլալ փոխզիջում տեղական ինքնավարութեան, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավարութեան հարցերու շուրջ, ապագային, եթէ մենք պայմանաւորուինք, անիկա կրնայ ըլլալ ինքնավար հանրապետութիւն»,- աւելցուցած է Ազրպէյճանի նախագահը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին