Երկուշաբթի, 28. 04. 2025

spot_img

«Նկարիչը Պետք Է Տարածայինը Վերածի Հարթայինի…». Կարէն Աղամեան

Հարցազրոյց Հայաստանի Նկարիչներու Միութեան Նախագահ Կարէն Աղամեանի Հետ
ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ
«Զարթօնք»ի աշխատակից

Ան ծնած է 1946թ. Նոյեմբերի 28-ին, Երեւան: 1964թ. աւարտած է Երեւանի Փ.Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարանը, 1969 թ.` Երեւանի գեղարուեստաթատերական հիմնարկը: 1970թէն կը դասաւանդէ Երեւանի գեղարուեստաթատերական հիմնարկի մէջ (1989թէն` փրոֆեսոր, 1988-94թթ` ԵԳԻ ամպիոնի վարիչ): 1974 թ-էն Հայաստանի նկարիչներու միութեան անդամ է: 1982թ. ստացած է ԽՍՀՄ նկարիչներու միութեան վկայագիր` տարուայ լաւագոյն գեղանկարի համար: 1988թ. դարձած է ԽՍՀՄ ծրագողներու  միութեան անդամ: 1998թէն Հայաստանի նկարիչներու միութեան նախագահն է: 

12961265_1118697914841164_5257360504410825032_o

Ձեր բնորոշմամբ ինչպիսի՞ յատկութիւններ եւ ունակութիւններ պէտք է ունենայ այսօրուան նկարիչը.

-Ամենակարեւոր յատկանիշը, կը կարծեմ այն է, որ նկարիչը պէտք է օժտուած ըլլայ բնածին շնորհով՝ տաղանդով: Առանց բնութենէն տրուած շնորհի նկարիչը չի կրնար դառնալ նկարիչ, այնպէս ինչպէս երաժիշտը չի կրնար դառնալ երաժիշտ, եթէ չունենայ լսողութիւն՝ «սլուխ»:

6367387_First-Impression.2005_78x98

Եւ այսպէս ի՞նչ է հարկաւոր նկարիչին. աչքի սրութիւն, հետաքրքրութիւն դէպի  շրջակայ միջավայրը, իր ես-ը ներկայացնելու ունակութիւն, եւ կայ եւս  պայման մը՝ տարածական ընկալում: Տաղանդ, բնածին շնորհ ըսելով՝ կը հասկնանք ճիշդ  այս: Այսօր շատ շատերու մօտ չի ստացուիր տարածական ընկալումը վերարտադրել հարթութեան վրայ: Այս առումով քանդակագործութիւնը փոքր աւելի հեշտ է, քանի որ այն ինչ  մեզ կը շրաջապատէ ծաւալ է ոչ թէ հարթութիւն: Քանդակագործութեան մէջ այդ ծաւալը  կրկին կը վերածուի ծաւալի, իսկ ծաւալայինը վերածել հարթայինի, ատոր համար առանձին ունակութիւն  պէտք է՝ տարածական պատկերացում, որ տրուած է ոչ բոլորին: Նկարիչի համար այս առաջին կարեւոր պայմանն է, իսկ երկրորդը՝ աշխատասիրութիւն: Ես չեմ սրիեր «ճաշակ» բառը օգտագործել, որովհետեւ ճաշակը շատ անհատական է, պարզապէս նկարիչը պէտք է լայն մտահորիզոն ունենայ: Լաւ նկարիչ ըլլալու համար պէտք է աշխատասէր ըլլալ, շատ նկարել, ուսումնասիրել շրջակայ միջավայրը, զգալ բնութիւնը եւ փորձել այդ վերարտադրել թուղթի վրայ: Ես խօսեցայ միայն գիտարուեստական պայմաններու մասին, եթէ նկարիչը չկարողացաւ  գոյնը ընկալել, տարածականը վերածել հարթայինի չենք կրնար խօսիլ ստեղծագործ միտքի մասին: Պէտք է կարողանալ հետաքրքրել բոլորին, կերպարուեստի մէջ նոր խօսք ըսելու եւ   սեփականդ ստեղծելու համար: Եթէ նայինք պատմութեան ՝ հազարամեակներու ընթացքին մարդկութիւնը միշտ ալ նկարած է: Սկսած են նկարել քարանձաւներու մէջ, մագաղաթներու յետոյ թուղթի, կտաւի փայտի վրայ եւ այս մեծ դաշտի մէջ դժուար է գտնել քու ես-ը եւ մնալ արուեստի մէջ, ահա ասով կը բնորոշուի հանճարողութիւնն ու տաղանդը: Որքան նկարիչի ներքին աշխարհը հետաքրքիր է ու զարգացած, այնաք անոր ստեղածագործութիւնները հետաքրքիր կ՝ըլլան:

choise-karen-aghamyan

Ներկայիս ունի՞նք երիտասարդ տաղանդաւոր նկարիչներ: Ի՞նչ կը կարծէք միայն տաղանդը բաւարար է մեր հասարակութեան մէջ ստեղծագործելու համար:

karen-aghamyan-gaght1 (1)

-Ինչպէս  ըսի նկարիչը պէտք է ունենայ տաղանդ եւ աշախատասիրութիւն սորվելու համար: Եթէ կը խօսինք մեր հայ հսասրակութեան մասին, ապա անոր պահանջը շատ ցած է, որովհետեւ չկայ հովանաւորչական մթնոլորտ: Խորհրդային տարիներուն այդ բանը իր վրայ վերցուցած  էր պետութիւնը եւ անոր համար ալ մենք ունէինք այնպիսի հանճարեղ նկարիչներ ինչպիսիք են՝  Մարտիրոս Սարեանը, Երուանդ Քոչարը եւ Հազարաւոր այլ տաղանդաւոր նկարիչներ: Այսօր այդ դաշտը չկայ, ոչ ոք կը սպասէ քեզ, եթէ դուն նկարիչ ես՝ոչ մէկուն պէտք ես, իսկ այն ժամանակ պետութեան պէտք էիր: Պետութիւնը կ՝ուզէր, որ հասարակութիւնը ունենայ բարձր արուեստ եւ բարձր ճաշակ, կը խրախուսէր լաւը, իսկ վատը կը մնար դուրս: Այսօր փոխուած է իրավիճակը, եթէ Հայսատանի մասին խօսինք՝ այսօր առաջ կ՝երթան անոնք, որոնք չեն տիրապած այն յատկանիշներուն,որոնց մասին ես խօսեցայ, բայց փոխարէնը ունին լաւ հովանաւոր, կամ փող, եւ դժբախտաբար, փողով կարելի է ամէն ինչ ընել: Այդ է պատճառը, որ այսօր շատ տաղանդաւոր մարդիկ դուրս կը մնան ասպարէզէն եւ տեղը կը զբաղեցնեն դատարկ, կեղծ արուեստագէտները:

Այդ պարագային ի՞նչ պէտք է ընէ սկսնակ եւ տաղանդաւոր նկարիչը, որպէսզի իր անունը մնայ պատմութեան մէջ:

-Նախորդ հարցի ժամանակ ես ըսի՝ ինչ բարդ իրավիճակի մէջ  մենք այսօր կ՝ապրինք: Քիչ մը կը դժուարանանք պատասխանելու այս հարցին: Այսօր նկարիչներու միութիւնը ամէն ինչ կ՝ընէ, որպէսզի կրնայ հասարակութեան մատուցել լաւագոյնը: Եթէ մենք կը կազմակերպենք ցուցահանդէս, ապա անպայման յանձնաժողովը  կ՝ընտրէ աշխատանքները: Մենք կը փորձենք բարձրագոյնը ներկայացնել, առաջ մղել ամենատաղանդաւորները, քանի որ Հայաստանի մէջ ուրիշ որեւիցէ տեղ նկարիչը չի կրնար ցուցադրուիլ: Մեզ մօտ նկարիչ կը ներկայանայ, անոր կը նկատեն արուեսատգէտները, անոր մասին կը խօսին, կը գրեն եւ առաջ կը տանին: Չնայած կ՝ափսոսամ, բայց շատ յաճախ արուեստագէտները առարկայական  չեն եւ իրենց ընտրութիւնը կը կատարեն ոչ թէ  խիղճով, այլ ուրիշ հանգամանքներով:

Ըստ ձեզի արուեստագէտը կրնա՞յ ձեւաւորել հասրակական կարծիք :

u244_Red-Apple.2003.70x60.oil.can

-Ի հարկէ կրնայ, ուղղակի պէտք է հնարաւորութիւն տալ արուեստագէտին, որպէսզի ան թելադրէ բարձր արուեստը, իսկ  անոր պէտք է նպաստեն լրատուամիջոցները: Ես նախորդ պատասխաններուս մէջ ըսի, որ մենք աղաւաղուած հասրակութեան մէջ կ՝ապրինք եւ այդ է պատճառը, որ լաւագոյն արուեստագէտները կը մնան ստուերի մէջ, իսկ վատագոյններուն ժողովուրդը կը սկսի ճանչնալ, այն վատագոյնները, որոնք կը փոխեն հասարակութեան ճաշակն ու կարծիքը:

Ի՞նչ կ՝ ըսէք Անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսի մասին: Ի՞նչ աշխատանքներ  ներկայացուած էին:

-Ցուցհանդէսին ներկայացուած էին վերջին տարիներուն կատարուած աշխատանքներ, որոնցմէ յանձնաժողովը ընտրած էր շուրջ 200-ը: Եթէ անձամբ իմ կարծիքը կը հարցնէք, ապա ես այդքան ալ գոհ չեմ: Կը նկատուի անկում հայ կերպարուեստի աշխարհին մէջ :

Ի՞նչ պայմաններու մէջ կը ստեղծագործեն այսօր նկարիչները:

Կարելի է ըսել, որ այսօր նկարիչները շատ վատ պայմաններու մէջ կը ստեղծագործեն: Շատ շատերը չունին արուեստանոցներ: Կրկին պէտք է յիշեմ խորհրդային տարիները,այն ժամանակ եթէ նկարիչ էիր՝ ունէիր վկայական, ապա պետութիւնը նկարիչներու միութեան մջոցով անվճար կը տրամադրէր արուեստանոցներ: Իսկ եթէ չունիս արուեստանոց, չես կրնար ստեղծագործել: Այն ժամանակ նկարիչներու միութեան բոլոր անդամները ունէին արուեստանոցներ, բայց այսօր ամբողջ Հայաստանի մէջ ունինք գրանցուած ընդամէնը 100 արուեստանոց, իսկ նկարիչներու միութեան անդամներու թիւը այսօր կը հասնի մօտ 700-750-ի: Այսինքն մեծ մասը չունին արուեստանոցներ:

Իսկ ի՞նչ թեմաներով  հիմնականին կը ստեղծագործեն այսօր:

-Սովորաբար թեման կ՝որոշէ պահանջարկը: Կրկին պէտք է 25 տարի առաջ երթամ եւ համեմատեմ այդ ժամանակաշրջանի հետ: Պահանջարկը այն ժամանակ կը ձեւաւորուէր մշակոյթի նախարարութեան գաղափարախօսութեամբ եւ կը պատուիրուէր նկարչութիւնը ՝ կը պատուիրուէին թեմատիկ այնպիսի աշխատանքներ, որոնք ըստ նիւթի այդ հասարակութեան եւ ազգի համար էին: Այդ պատճառով պատկերասրահի մէջ կը տեսնենք թեմատիկ  այնպիսի աշխատանքներ, ինչպիսիք են հայ պատմական նշանաւոր դէպքերը՝ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը, աշխատաւոր մարդը, գիր գրականութիւնը,  ընկերային կեանքը եւ այլ թեմաներ: Այս բոլոր թեմաները կը պատուիրուէին մշակոյթի նախարարութեան կողմէն: Իսկ այսօր պատուիրատուն հիմնականին մէջ փողատէր մարդն է, որու ճաշակը հակառակ համեմատական է իր գրպանի պարունակութեան, անոր համար ալ կը խրախուսուի վատը: Միւս պատուիրատուն սփիւռքահայն է, որ կու գայ Հայաստան եւ կ՝ուզէ շատ աժան  գնել ոչ թէ արուեստի գործ, այլ՝ «յուշ» տանիլ Հայաստանէն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին