Լոռիի եւ Գեղարքունիքի մարզերուն, Արագածոտնի մարզի Ապարան քաղաքի եւ Արագածի տարածաշրջանին, Կոտայքի մարզի Հրազդան եւ Չարենցաւան քաղաքներուն, Սիւնիքի մարզի Կապան քաղաքին, Վայոց ձորի մարզի Վարդենեաց լեռնանցքին, Տաւուշի մարզի Դիլիջան քաղաքին եւ Շիրակի մարզի Աշոցքի, Մարալիկի եւ Արթիկի տարածաշրջաններուն մէջ ձիւն կը տեղայ:
ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հոկտեմբեր 18-ի ժամը 08.00-ի դրութեամբ ՀՀ տարածքին մէջ կան դժուարանցանելի ճանապարհներ:
Դժուարանցանելի են Վանաձոր-Ստեփանաւան, Սոթք-Քարվաճառ, Երեւան-Սեւան ճանապարհի 25-30 քմ-ը (Չայնիի հատուած), Սիսիան-Գորիս, Վայք-Սարաւան (Զանգերու հատուած) ճանապարհները, Սպիտակի ոլորանները, Դիլիջանի ոլորանները, Պուշկինի եւ Վարդենեաց լեռնանցքները:
Վրաստանի ՆԳՆ ԱԻ բաժանմունքէն ստացուած տեղեկատուութեան համաձայն` Լարսի անցակէտը բաց է մարդատար մեքենաներու համար անուաշղթաներու կիրառման պարագային, իսկ բեռնատարներու համար անցակէտը կը բացուի օրուայ երկրորդ կէսէն։