Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Թարգմանչաց Տօնի Նշումը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանին Մէջ

Մեծ եղած է Մեսրոպ Մաշտոցի դերը մեր մշակոյթի եւ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Ան մեզի շնորհած է այբուբենը: Մաշտոցի գիւտը մղիչ ուժ  հանդիսացաւ, որ մինչեւ Է. եւ Ը. դար ձեւաւորուին հայ միտքի եւ գրականութեան զանազան կողմերը:

20161014_141850

Ուրբաթ, 14 Հոկտեմբեր 2016-ին, վարժարանիս «Յակոբ Պարսամեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց Տօնի նշումը, որ տարբեր բնոյթ մը ունէր: Վարժարանիս հրաւէրին ընդառաջելով, որպէս բանախօս մեր մէջ ներկայ էր Տիկ. Անժէլ Միսիսեանը՝ վաստակաշատ ուսուցչուհի, որ 40 տարիներ անխոնջ ծառայած է հայ կրթութեան, դասաւանդելով  հայագիտական նիւթեր, ինչպէս նաեւ աշխատակցած է հայ մամուլին:

Միջնակարգ դասարանէն Փիթըր Մուրատեան բացման խօսքով անդրադարձաւ, թէ 405 թուականին մեծն վարդապետ Մեսրոպ Մաշտոց այբուբենի գիւտով ճակատագրական քայլ մը առաւ հայ ժողովուրդի միութեան, զօրութեան եւ գոյատեւման համար: Մեր ոսկեղնիկ հայերէնը դարերու ընթացքին  ծառայած է մեզի, որպէս վահան բոլոր դժուարութիւններու եւ տառապանքներու դիմաց: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, թէ այսօրուան արդիականացումը շատ բան կը խլէ մեր լեզուէն, սակայն հարկ է, որ պահպանենք մեր լեզուն եւ մշակոյթը:

Միջն. Բ. դասարանէն Սելին Յովհաննէսեան, Դալար Գէորգեան եւ Ռուպինա Օհան ներկայացան «Մայրիկ» հեզաճկուն պարով: Որքան ախորժելի էր ներկաներուն համար ունկնդրել Նախ. Դ. եւ Ե. դասարաններու աշակերտներու  «Ով Մեծասքանչ», իսկ Նախ. Գ. դասարանի՝ «Հայոց Այբուբեն» խմբերգները: Նախ. Ա. եւ Բ. դասարաններու աշակերտները, թէեւ իրենց քաղցրահնչիւն ձայնով ու մեծ խանդավառութեամբ երգեցին «Այբուբեն»ը, սակայն յառաջիկայ տարիներուն է , որ պիտի գիտակցին Մեսրոպ Մաշտոցի կատարած գիւտին անհրաժեշտութիւնը: Յայտագիրին մաս կը կազմէին նաեւ Նախ. Ե. դասարանի կողմէ ներկայացուած «Հայերէն» եւ Նախ. Զ. դասարանի՝ «Հայ Լեզուն Տունն Է Հայուն» խմբային արտասանութիւնները: Ներկաներուն յուզումը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ Միջն. Բ. դասարանէն Վարդի Սալխանեան ներկայացաւ «Հայոց  Տառեր» մեներգով:

20161014_142745

Վերջապէս վարժարանիս հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան դասատու՝ Պրն. Աւետիս Տիպան բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօս Տիկ. Անժէլ Միսիսեանը, որ հմուտ մանկավարժի տաղանդով եւ աշակերտներուն դիւրամատչելի ոճով մը փոխանցեց օրուան պատգամը: Ան ըսաւ, թէ առաջին հերթին պէտք է հասկնալ, թէ ի՞նչ է Թարգմանչաց Տօնը, որո՞նք են թարգմանիչները եւ ինչո՞ւ եկեղեցին յատուկ տօն հռչակած է անոնց համար: Ան իր խօսքը շարունակեց ըսելով, թէ 387-ին Հայաստանը բաժնուեցաւ յոյներու եւ պարսիկներու  միջեւ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կ’ուզէր իր մշակոյթը տարածել իր գրաւած հատուածին վրայ: Մեսրոպ Մաշտոց, հեռատես քաղաքագէտի նման, նշմարելով հայ ազգին սպառնացող վտանգը, ուզեց ամրացնել բաժան-բաժան եղած հատուածները ստեղծելով հայ մշակոյթ՝ հայ տառերով: Բանախօսը մանրամասնօրէն ներկայացնելէ ետք Սբ. Մեսրոպի նպատակներն ու թարգմանիչներու  գործունէութիւնը, իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, թէ կառչած պէտք է մնանք հայ դպրոցին ու մամուլին պահպանելու համար մեր ազգային ինքնութիւնը:

Վերջապէս վարժարանիս տնօրէնուհի՝ Տիկ. Կալինա Նաճարեան բեմահարթակ բարձրանալով նախ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկ. Միսիսեանին, ապա յուշանուէրով պատուեց զայն:

Այբուբենի գիւտով մեր լեզուն մնաց պայծառ, որպէս մշտաբորբոքիլ փարոս, որ դարերէ ի վեր կը վառի անշէջ հուրով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին