Անուանի սուրիահայ երգչուհի Լենա Շամամեան համերգ պիտի ունենայ Սթամպուլի մէջ: Թրքական «Anadolu» պետական լրատուական գործակալութեան տեղեկացմամբ` համերգը տեղի պիտի ունենայ Zorlu մշակութային կեդրոնին մէջ` Հոկտեմբեր 22-ին, կը հաղորդէ ermenihaber.am-ը:
Իր անզուգական ձայնով հանդիսատեսին գերող երգչուհին յայտնի է աւանդական արեւելեան մեղեդիներու ու արեւմտեան դասական երաժշտութեան իր համադրութիւններով:
Համերգէն ետք Լենա Շամամեան համակրողներուն համար պիտի ստորագրէ իր նոր` Lawnan (Երկու գոյն) ձայնասկաւառակը:
Երգչուհիին առաջին ձայնասկաւառակը` Hal Asmar Ellon-ը թողարկուած է 2006-ին: Յաջորդ տարուայ Մայիսին թողարկուած է երկգչուհիին երկրորդ ալպոմը` Shamat-ը, որուն շնորհանդէսը տեղի ունեցած է Դամասկոսի մէջ:
Շամամեան համագործակցած է շարք մը անուանի երաժիշտներու հետ, իսկ Արաքս Չէքիճեանի հետ հայկական աւանդական երաժշտութեան մշակումներ ըրած է:
Անուանի սուրիահայ երգչուհին աշխատած է նաեւ սուրիական շարք մը հեռուստադիպաշարներու, արաբական եւ հայկական ֆիլմերու երաժշտական ձեւաւորման վրայ:
Լենա Շամամեան ծնած է Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ` 1980-ին: Անոր հայրը` Արթինը, հալէպահայ է, իսկ մայրը` Ղատան, ծագումով Թուրքիոյ Մարտին քաղաքէն: Լենային հայրական պապը` Սարգիս Շամամեանը, Կիլիկիոյ Մարաշ (ներկայ Թուրքիոյ Քահրամանմարաշ) քաղաքէն էր: Ան վարպետ խաթթաթ էր (գեղագրող), որու շնորհիւ օսմանեան կառավարութիւնը խնայեց անոր եւ անոր ընտանիքին կեանքը: Այդպիսով թրքական բանակը հնարաւորութիւն ստացած էր օգտուելու Շամամեանի ծառայութիւններէնի` ռազմական հաղորդագրութիւններ գրելու համար: