*Վարդգէս Գուրուեան*
Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան ճաշարանը կը գտնուէր շէնքերուն առաջին յարկին վրայ։ Սկիզբի տարիներուն, 12 հոգինոց երկար սեղաններու երկայնքին երկար նստարաններ կային, իսկ սեղաններու գլխուն՝ աթոռներ, 11-րդ դասարանի հսկիչ-աշակերտներուն համար, «սեղանապետ»ներուն համար։ (Վերջը, բոլոր աշակերտներուն համար աթոռներ եկան։ Երբ աղօթքէն ետք նստելու համար կամ ճաշի վերջաւորութեան ոտքի ելլէինք, աթոռներու քաշքշուքի ձայնէն շէնքը երկրաշարժի «Ռիխթըր»ի 8 աստիճան հզօրութեամբ կը սասանէր …։) Առտուները նախ կը հաւաքուէինք միջնայարկի միջանցքին մէջ առաւօտեան աղօթքը արտասանելու։ Շարքով կ՚իջնէինք ճաշարան եւ ոտքի պէտք էր սպասէինք մինչեւ որ բոլոր աշակերտները գային, եւ ապա «Ճաշակեսցուք»ը աղօթելէն ետք նստէինք նախաճաշի։
Ամէն շաբաթ, սեղանէն աշակերտ մը «սեղանապետ – սպասարկու» կ՚ըլլար։ Այս մահկանացու աշակերտներուն պարտականութիւնն էր սպասարկել սեղանակիցներուն։ Աղ, ջուր, հաց, պակսած դանակ կամ այլ բաներ մատակարարել տղոց։ Երբեմն խեղճ տղան աղը նոր բերած կ՚ըլլար, կը պահէինք եւ «ու՞ր է աղը, տակաւին չբերի՞ր» ըսելով տղուն ետ կը ղրկէինք։
Նախաճաշին միշտ համով թէյը կար։ Ան որ Մելգոնեանի թէյը չէ խմած, չի կրնար անոր համը երեւակայել։ Հարազատ թէյ էր, տարչինով եւ մեխակով (ղարանֆիլ), շաքարը քիչ մը շատ։ Շատ համով կ՚իջնէր մանաւանդ ձմեռը, անձրեւոտ օրերուն, հալլում պանիրով եւ թարմ հացով։ Մեր սեղանին վրայ Կարպիս Դաւիթեանը կար, յոյն, որ այնպէս մը կը կարգադրէր որ թէյը առաջին անգամ ինք լեցնէր իր գաւաթին մէջ եւ հազիւ 11 հոգին իրենց գաւաթները լեցուցած կ՚ըլլային, ինք արդէն իր գաւաթը պարպած կ՚ըլլար եւ անմիջապէս երկրորդ գաւաթը կը լեցնէր։ Պէտք է ըսել որ թէյը շատ տաք կ՚ըլլար եւ մենք կը զարմանայինք որ Կարպիսը (որուն «Դաւօ» կը կանչէինք), կրնար այդքան տաք թէյը անմիջապէս խմել։ Օր մը Նիկողոսին հետ որոշեցինք Դաւոյին գլխուն խաղ խաղալ։ Նախաճաշէն ետք թէյնիկներուն եւ գաւաթներուն մէջ աւելցած թէյերը հաւաքեցինք, թէյնիկին մէջ աղ լեցուցինք եւ յաջորդ առտու կանուխ լաւ մը տաքցնելէն ետք, մեր թէյնիկին հետ փոխեցինք եւ սեղանակիցներուն ըսինք որ այդ օր Դաւոյին քով նստողները շատ դանդաղութեամբ իրենց գաւաթները լեցնեն բայց սպասեն քիչ մը եւ թէյը չխմեն։ Տղաքը հասկցան որ խաղ մը կար մէկուն գլխուն։ Թէյամանը Դաւոյէն քիչ մը հեռու դրինք։ Դաւոն, ըստ իր սովորութեան, աղօթքէն առաջ թէյամանը իր մօտ կը տանէր։ Հազիւ աղօթած էինք, գաւաթը լեցուց եւ անմիջապէս սկսաւ խմել եւ … թէյը ինչպէս բերնէն դուրս թափելը չգիտցաւ։ Այն օր Դաւոն չկրցաւ ոչ թէյ խմել ոչ ալ նախաճաշ ընել։ Անշուշտ բոլորս սկսանք անզուսպ խնդալ։ Բողոքեց, բայց մենք ալ իր երեսին տուինք իր աչքծակութիւնը։ Դժբախտաբար այդ դաս չեղաւ Դաւոյին։ Ան աւելի զգուշութեամբ կը համտեսէր թէյին առաջին ումպը եւ ապա կոկորդը այրելով կը խմէր զայն։
Դաւոն ուրիշ զարմանալի բնաւորութիւն մըն ալ ունէր։ Ինք գիտական ճիւղի աշակերտ էր եւ ուրեմն կ՚ակնկալուէր, որ ուսողութեան մէջ մեզմէ «աւելի լաւ» ըլլար։ Երբ իրեն ուսողութեան հարցում մը հարցնէինք, «ժամանակ չունիմ», «հիմա չեմ կրնար», «այդ մասը լաւ չեմ գիտեր», «վերջը կը բացատրեմ» եւ այլ պատրուակներով չէր ուզեր մեզի օգնել։ Մենք ալ երբեմն գիտակցաբար իրեն միւս դասերուն տեղը կը հարցնէինք։ Եթէ, օրինակ, պատմութեան յաջորդ օրուան դասը էջ 50 – 60 էր, Դաւոն մեզի կ՚ըսէր՝ էջ 45-50 կամ 55 -65» … Միշտ սխալ կ՚ըսէր։ Եթէ պատահի որ օր մը Դաւոն Լոս Անճելըս գայ եւ ինծի հարցնէ որ Սան Տիէկոյ ինչպէ՞ս կ՚երթան, ես իրեն Սան Ֆրանսիսքոյի ճամբան ցոյց պիտի տամ … ։
Հա՛։ Նախաճաշին թէյին հալլում պանիրը, սալամը, ձիթապտուղը եւ լոլիկը կ՚ընկերանային։ Երբեմն լոր (անլի պանիրի նմանող կաթնեղէն մը) եւ թղկի անուշ (maple syrup) կու տային, երբեմն թահինով ռուպ, երբեմն տապկուած կամ խաշած հաւկիթ կանանչ ձիթապտուղով եւ լոլիկով, կարագ անուշ կամ մեղր, եւ այլն։
Ճաշը ընդհանրապէս «հինգնոց»ներով (տաշտ) կը հրամցնէին սեղաններուն վրայ։ Եղինձը (բիլաւ), աղցանը (սալաթ), ջրոտ կերակուրները, հումմուսը, միւճէտտէրէն (ոսպով բիլաւ), ապուրները, կանանչ ֆասուլիան, պանիրով կամ միսով մաքարոնեաները, սպակետտիները եւ նման ճաշերը խոշոր տաշտերով սեղանին վրայ դրուած կ՚ըլլային։ Պանիրով, միսով կամ սպանախով շոթերը (պէօրէկ), լեհմաճիւնները, լահանայի սարման, տոլման եւ նման ճաշերն ալ հատով մեր պնակներուն մէջ դրուած կ՚ըլլային։ Պտուղը միշտ անպակաս էր (նարինջ, մանտարին, խնձոր, տանձ, խաղող, սալոր, ծիրան, պանան եւ այլն)։
Պնակիդ մէջ դրուած ճաշը ուտելէդ եւ պնակդ «մաքրելէն» ետք միայն կրնայիր «երկրորդ բաժին»դ առնել։ Համով ճաշերու ժամանակ (միսով մաքարոն, լահանայի սարմա) շատ արագ կ՚ուտէինք, որպէսզի տաշտը «չմաքրուած», երկրորդ բաժինին հասնէինք։ Շոթերու (պէօրէկ) պարագային, երբ վերջացնէինք, ճաշարանապետին քով կ՚երթայինք, որ եթէ աւելցած կտորներ կան՝ փոքր կտոր մըն ալ առնէինք։
Հումմուսը տաշտով կու գար։ Քովը փոքր բայց խորունկ պնակներու մէջ ձիթաիւղ, լեմոն-սխտոր, ազատքեղ եւ հալէպի կարմիր պղպեղ կ՚ըլլար։ Անշուշտ լոլիկը միշտ անպակաս էր։ Տղաքը խոշոր դգալով հումմուսը իրենց պնակին մէջ կը դնէին, վրան ձիթաիւղը, լեմոն-սխտորը, ազատքեղն ու պղպեղը լեցնելով կը խառնէին եւ կը սկսէին ուտել։ Ես, հումմուսը պնակիս մէջ լեմոն-սխտորով խառնելէս ետք, Լիբանանեան ձեւով կլոր մը կը շտկէի, մէշտեղը փոքր փոսիկով, ձիթաիւղը մէջտեղը եւ շուրջը կը լեցնէի եւ լոլիկն ալ համաչափ կտրելով ազատքեղին եւ կարմիր պղպեղին հետ կը զարդարէի պնակս։ Սեղանակիցներուս մեծ մասը ճաշը վերջացուցած կ՚ըլլային, երբ ես նոր կը սկսէի ուտել։ Տղաքը «այդ շտկուած պնակը ուրտեղէն առիր, մեզի ալ ըսէ» կ՚ըսէին եւ կ՚՚ուզէին համտեսել, բայց ես … հանգիստ կը վայելէի իմ «կերակրա-արուեստի ստեղծագործութիւն»ս։
Հոս պէտք է ըսեմ որ Մելգոնեանի ճաշարանի դանակները շատ լաւ … կարագ կը կտրէին։ Կարելի էր նաեւ ջուր կտրել կամ անուշը կարագին վրայ քսել։ Անվարժ տղաքը լոլիկները շերտելու տեղ կը «ճզմէին», իսկ նարինջներուն կամ խնձորներուն կէսէն աւելին կեղեւներուն հետ աղբին կ՚երթային։ Մեծ տղաքը երբեմն նորեկներուն, ի միջի այլոց՝ նարինջ կեղուել ալ կը սորվեցնէին։
Ճաշերէն ետք պէտք էր ճաշարանի սեղանները եւ գետինը մաքրուէին։ Առաջին չորս դասարաններու աշակերտներուն պարտականութիւնն էր ան։ Ցանկերը պատրաստուած կ՚ըլլային եւ 11-րդ դասարանի աշակետներէն մին կը հսկէր։ Խումբ – խումբ կը մաքրէինք սեղանները։ Պնակները, դանակները, դգալները եւ պատառաքաղները կը հաւաքէինք «հինգնոց»ներուն մէջ, սեղանները նախ օճառոտ ջուրով ապա մաքուր լաթով պէտք էր սրբէինք։ Գետինը պէտք էր աւլուէր։ Գետին սրբելը ճաշարանի գործաւորներուն գործն էր։ Զբօսանքին պէտք էր վար իջնէին տղոցմէ ոմանք պնակներն ու դանակ-դգալ-պատառաքաղները շարելու։ Վայ որ ոեւէ մէկը մոռնար իր գործը ընել։ Յանդիմանութիւններէն ետք, շաբաթով մը կ՚երկարաձգուէր իր պարտականութիւնը։ Անգամ մը, առաջին տարիս, մոռցէր էի գետինը աւլել։ Վահէ Պոյմուշաքեան անունով 11-րդ դասարանցի պատասխանատուն բոլոր տղոց առջեւ վրաս գոռաց։ Վահէն շատ լաւ եւ շատ ազնիւ տղայ մըն էր, բայց այդ օր հաւանաբար ուզեց ինքզինքին փաստել որ ինքն ալ հեղինակութիւն ունի։ Զիս լաւ չէր ճանչնար, ոչ ալ նախակրթարանի «վարք»իս մասին գաղափար ունէր։ Ոտքի ելայ, «ի՞նչ վրաս կը պոռաս կոր» մը գոռացի վրան որ խեղճը լոլիկի պէս կարմրեցաւ։ Աշոտ Չագալեանը տեղէն ցատկելով մեր քով եկաւ եւ ինծի շատ քաղաքավար ձեւով եւ «մի՛ պոռար» ըսելով դուրս հանեց ճաշարանէն եւ խրատեց։ Աշոտ Չագալեանին բոլորս շատ կը յարգէինք։ Մկանոտ, շատ զօրաւոր եւ գեղադէմ տղայ մըն էր, բայց երբե՛ք իր ուժը տկարներուն վրայ չէր գործածէր։ Կը յարգէր մեր բոլորին եւ միշտ օգտակար կ՚ըլլար մեզի։ Աշոտին միջամտութեամբ վստահաբար փոքր արիւնահեղութեան մը առաջքը առնուեցաւ այդ օր եւ հարցը անուշի կապուեցաւ։ Անշուշտ ես շաբաթով մը եւս նոյն պարտականութեան վրայ մնացի … Վահէէն ներողութիւն խնդրելէս ետք։ Մելգոնեանի մէջ անգիր օրէնք էր վերի կարգերու աշակերտներուն յարգել եւ հնազանդիլ։ Աւարտական դասարանի աշակերտներուն խօսքը երբեմն հերթապահին խօսքէն աւելի ազդեցիկ կ՚ըլլար։