Ուրբաթ, 27. 06. 2025

spot_img

Թանգեան, Մարոնեան, Փինիոն Եւ Քոտակոլեան Պիտի Մեծարուին Շարժապատկերի «Արփա» Փառատօնին Ընթացքին

Շարժապատկերի, երաժշտութեան եւ արուեստի Արփա հիմնարկին (AFFMA) նախաձեռնութեամբ, Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 3-ին պիտի սկսի այս տարուան Արփա շարժապատկերի միջազգային 19-րդ փառատօնը, Լոս Անճելըսի պատմական Իճիփշըն թատերասրահին մէջ (6712 Hollywood Blvd.)։

4

Այս տարի եւս, չորսօրեայ այս փառատօնը պիտի կեդրոնանայ ընկերային հարցեր  արծարծող, մարդկային իրաւանց առնչուող եւ մարդասիրական նիւթերու վրայ:

5

 

Փառատօնը պիտի սկսի Լեւոն Մինասեանի Bravo Virtuoso-ի անդրանիկ ցուցադրութեամբ, իսկ բացման օրը հատուածներ պիտի ցուցադրուին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Խոստումը» ֆիլմէն, որմէ ետք կարծիքներու փոխանակում տեղի պիտի ունենայ ֆիլմը արտադրողներուն եւ դերասաններուն հետ։

Փառատօնին ընթացքին պիտի ցուցադրուին 23 երկիրներէ 55 ֆիլմեր, ներառեալ՝ Քաննի փառատօնի մրցանակին արժանացած Սերժ Աւետիքեանի Lost in Armenia-ն, Պրենտ Մատարի Booger Red-ը, Ալպեր Քոտակոլեանի Somewhere Beautiful-ը, Դաւիթ Սաֆարեանի Hot Country, Cold Winter-ը եւ Պարէտ Մարոնեանի Women of 1915-ը։

6

Նաեւ, մրցանակակիր բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեանի Women of 1915 ֆիլմին պիտի շնորհուի Արմին Թ. Վեկնըրի անուան մրցանակը, իսկ «Կեանքի մը իրագործումներ» մրցանակը՝ դերասան Տոմինիք Փինիոնին։ Նաեւ, «Ասպարէզի իրագործում» մրցանակը պիտի ստանայ յայտնի յօրինող եւ երգիչ Սերժ Թանգեան, իսկ «Նոր արուեստագէտ» մրցանակը՝ Ալպեր Քոտակոլեանին:

Պիտի ցուցադրուին նաեւ հայկական դասական գլուխ գործոց ֆիլմեր, ինչպէս նաեւ շրջանի շարժապատկերի վարժարաններու ուսանողներու  ստեղծագործութիւններ։

7

Փառատօնին առընթեր կազմակերպուած է նաեւ աշխատանիստ մը, գլխաւորութեամբ՝ Lord of the Rings եւ Pirates of the Caribbean-ի նման հոլիվուտեան յայտնի արտադրութեանց մասնակցած Ռաճըր Գուբէլեանի։ Փառատօնի ամբողջական յայտագիրին համար, այցելելArpafilmfestival.com կայքը:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին