Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Հինգ Նախագահ, Մէկ Վարչապետ. Երեւանի Մէջ Կը Մեկնարկէ Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի Նստաշրջանը

Երէկ ՀՀ նախագահի նստավայր ժամանեցին ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու պատուիրակութիւններու ղեկավարները` Ռուսիոյ Դաշնութեան Նախագահ Վլատիմիր Փութինը, Պելառուսիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ալեքսանդր Լուքաշենքոն, Խրխզիստանի Հանրապետութեան նախագահ Ալմազբեկ Աթամպայեւը, Տաճիկիստանի Հանրապետութեան նախագահ Էմոմալի Ռահմոնը, Ղազախիստանի Հանրապետութեան վարչապետ Պակիճան Սագինտայեւը եւ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան:

Panorama.am-ի թղթակիցի փոխանցմամբ, զանոնք դիմաւորած է ՀՀ նախագահ, ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Սերժ Սարգսեանը:

Երկիրներու առաջնորդները Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանի մեկնարկէն առաջ լուսանկարուեցան:

Դիմաւորման արարողութենէն ետք  մեկնարկեց ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն եւ Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարին մասնակցութեամբ սեղմ կազմով նիստը, որուն  յաջորդեց պաշտօնական պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ ընդլայնուած կազմով նիստը:

Անիկա կը վարէ Կազմակերպութեան Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի 2015-2016 թուականներու նախագահութիւնը ստանձնած Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին