Հոտեմբեր 14-ին` Մոսկուայի ժամանակով առաւօտեան ժամը 04:30-ի մօտ, Հիւսիսային Օսեթիոյ` Պեսլան քաղաքէն 6 քմ․ հեռու, վթարի ենթարկուած է ոչ կանոնաւոր ուղեւորափոխադրում կատարող` Մոսկուա-Երեւան երթուղին իրականացնող հանրակառքը:
ՀՀ քննչական կոմիտէի նախագահի յանձնարարութեամբ ՀՀ ՔԿ ներկայացուցիչ Իլիա Վարով անմիջապէս կապ հաստատած է ՌԴ իրաւասու մարմիններուն հետ եւ ընդգրկուած վթարի կապակցութեամբ Ռուսիոյ մէջ ստեղծուած գործնական շտապի կազմին մէջ:
Ռուսիոյ ՆԳՆ քննչական վարչութեան` Հիւսիսային Օսեթիոյ Հանրապետութեան ստորաբաժանման վարոյթին մէջ յարուցուած է քրէական գործ` ՌԴ քրէական օրէնսգիրքի 264-րդ յօդուածի 5-րդ մասի յատկանիշներով (Ճանապարհային երթեւեկութեան եւ փոխադրամիջոցներու շահագործման կանոնները խախտելը, որ յառաջացուցած է երկու եւ աւելի մարդու մահ): Մշակուած են աշխատանքային վարկածներ, եւ կը ձեռնարկուին անհրաժեշտ քննչական գործողութիւններ` վթարին պատճառները պարզելու համար:
Նախնական տուեալներով` վթարի հետեւանքով մահացած են 5 անձեր, որոնցմէ 3-ը ազգութեամբ ռուս են` ՌԴ քաղաքացի, 2-ը` ՀՀ քաղաքացի` ազգութեամբ հայ, որոնցմէ 1-ը վարորդն է: 27 անձեր ստացած են մարմնական վնասուածքներ:






