Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

Երեւանի Մէջ Մահացած է Երիտասարդ Նկարչուհի Սեւան Նագգաշեանը

Սիրտի խոր կսկիծով իմացանք մահուան գոյժը՝ նախկին Լիբանանահայ, 48 ամեայ նկարչուհի Սեւան Նագգաշեանին:

Սեւան դուստրն էր գրող, մտաւորական եւ ՌԱԿ-ի գործիչ ու ղեկավար  ողբացեալ ընկեր Հայկ Նագգաշեանին:

Սեւան Նագգաշեան տարիներէ ի վեր ընտրած էր ապրիլ Հայրենիքի մէջ, ուր ան աշխուժօրէն կը ստեղծագործէր, սակայն անողոք հիւանդութիւնը եկաւ վերջ տալու երիտասարդ արուեստագիտուհիին կեանքին:

Սեւան պատանի տարիքէն մեզի ծանօթ էր իր հետաքրքրական նկարագիրով եւ անհատականութեամբ: Ան իր արուեստին զուգահեռ նաեւ գործունեայ ջատագով էր մարդասիրական հարցերու:

Հանգիստ՝ աշխարհիկ կեանքէն յոգնած իր մարմինին:

Համբերութիւն Սեւանին մօր՝ ընկերուհի Սօսիին եւ եղբայրներուն՝ Վահանին ու Շահէին, ինչպէս նաեւ բոլոր հարազատներուն:

«Խմբ.»

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին