Հոկտեմբերի 11-ին Թէքէեան Կեդրոն հիմնադրամի եւ Photo.Podium.com համացանցային միջոցի նախաձեռնութեամբ Թէքէեան Կեդրոնի մէջ բացուեցաւ ամերիկահայ լուսանկարիչներ Թետ Անտրէասեանի եւ Նունէ Քարամեանի հեղինակած «Յարաշարժ լոյս» խորագիրով ցուցահանդէսը:
Ներկայացուած 76 աշխատանքները կը պատկերեն այն վայրերը, ուր ապրեր եւ ստեղծագործեր են լուսանկարիչ ամուսինները՝ Հայաստան, Տուպայ, Նիւ Եորք: Հեղինակներու կողմէն օգտագործուած լուսանկարչական յատուկ թեքնիքը թոյլ կու տայ արտացոլել բնութեան շարժումը, միաժամանակ արձանագրելով անշարժ առարկաները, իսկ սեւ-սպիտակի համադրութիւնը կ՝ընդգծէ ձեւը, լոյսն ու ստուերը:
Ցուցահանդէսին արժանի կերպով ներկայանալու համար հեղինակները Ապրիլ ամիսը կրկին եկած էին Հայաստան, քանզի համոզուած էին, որ հին աշխատանքները ամբողջութեամբ չէին արտայայտեր իրենց գաղափարախօսութիւնը: «Մենք փորձում ենք ցոյց տալ պատմութեան երկարատեւութիւնը, գեղեցկութեան կայունութիւնը եւ, ցաւօք, մարդու անցողիկ լինելը», իր ելոյթին նշեց Նունէ Քարամեանը:
Թետ Անտրէասեանին եւ Նունէ Քարամեանին ցուցահանդէսի բացման կապակցութեամբ շնորհաւորեցին եւ ողջոյնի խօսք ըսին Թէքէեան Կեդրոն հիմնադրամի տնօրէն Արմեէն Ծուլիկեանը եւ Photo.Podium.com համացանցային միջոցի համադրող, լուսանկարիչ Արմէն Ենկոյեանը, յոյս յայտնելով, որ իրենց համագործակցութիւնը կ՝ըլլայ շարունակական, կեանքի կոչելով մշակութային արժէք ունեցող այլ ձեռնարկներ:
Նշենք, որ Թետ Անտրէասեանը եւ Նունէ Քարամեանը մասնակցեր են շարք մը միջազգային ցուցահանդէսներու Հայաստանի, Ռուսաստանի, ԱՄՆ-ու մէջ եւ արժանացեր են մրցանակային տեղերու:
«Յարաշարժ լոյս» ցուցահանդէսը Թէքէեան Կեդրոնի մէջ բաց կ՝ըլլայ մինչեւ Հոկտեմբերի 25-ը: