Երէկ ՀՀ նախագահի նստավայր ժամանեցին ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու պատուիրակութիւններու ղեկավարները` Ռուսիոյ Դաշնութեան Նախագահ Վլատիմիր Փութինը, Պելառուսիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ալեքսանդր Լուքաշենքոն, Խրխզիստանի Հանրապետութեան նախագահ Ալմազբեկ Աթամպայեւը, Տաճիկիստանի Հանրապետութեան նախագահ Էմոմալի Ռահմոնը, Ղազախիստանի Հանրապետութեան վարչապետ Պակիճան Սագինտայեւը եւ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան:
Panorama.am-ի թղթակիցի փոխանցմամբ, զանոնք դիմաւորած է ՀՀ նախագահ, ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Սերժ Սարգսեանը:
Երկիրներու առաջնորդները Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանի մեկնարկէն առաջ լուսանկարուեցան:
Դիմաւորման արարողութենէն ետք մեկնարկեց ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն եւ Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարին մասնակցութեամբ սեղմ կազմով նիստը, որուն յաջորդեց պաշտօնական պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ ընդլայնուած կազմով նիստը:
Անիկա կը վարէ Կազմակերպութեան Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի 2015-2016 թուականներու նախագահութիւնը ստանձնած Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը:






