Ուրբաթ, 27. 06. 2025

spot_img

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Բարերարներու Եւ Բարեկամներու Ծանօթացման Հանդիպումները Կը Շարունակուին

«Կարիքն Ունինք Մեր Ժողովուրդի Ամբողջական Մասնակցութեան, Որ Միայն Նիւթականով Չ՛արտայայտուիր, Այլ՝ Բարի Խօսքերով, Գործերով Ու Բարի Վկայութիւններով». Հաստատեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս․ Փանոսեան

 

Երէկ` ուրբաթ, 14 հոկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ շարունակուեցան նոր կառոյցի ծանօթացման հանդիպումները, ներկայութեամբ բարեկամներու եւ բարերարներու։

Վարժարանի կառուցման աշխատանքներուն մասին տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան, որ նշեց, թէ նորահաս սերունդներու կազմաւորման մարտահրաւէրը այսօր էականն ու գլխաւորն է, եւ այս առնչութեամբ Ազգային միացեալ վարժարանը բոլորին կու տայ եւ պիտի տայ նոր յոյս՝ յաւելեալ թափով լծուելու սերունդներու առողջ դաստիարակութեան եւ հայապահպանման նուիրական աշխատանքին։

20161014_180216

Իր կարգին Հանգանակիչ մարմինի ատենապետ Վրէժ Սապունճեան ըսաւ, որ տեսիլքը արդէն դարձած է իրականութիւն եւ այս արդիական վարժարանը բարձրորակ կրթական մակարդակով պիտի ապահովէ ուսում հայ աշակերտութեան։

Աւարտին, խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ հաստատեց, թէ այս կառոյցը պայծառ հորիզոն կու տայ ժողովուրդի զաւակներուն՝ ըլլալու լաւատես։ Սրբազան Առաջնորդը ըսաւ․ «Մեր երազանքն ու ակնկալութիւնն է, որ Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ արդիական հասկացողութեամբ կրթական աշխատանք տարուի՝ ոգեւորելով հաւաքականութիւնը եւ յաղթահարելով տեսակաւոր մտահոգութիւնները։ ․․․Կարիքն ունինք մեր ժողովուրդի ամբողջական մասնակցութեան, որ միայն նիւթականով չ՛արտայայտուիր, այլ՝ բարի խօսքերով, գործերով ու բարի վկայութիւններով։ Ըլլանք լաւատես եւ ցուցաբերենք ասպետական այն ոգին, որ անցեալին կը գտնուէր մեր ժողովուրդի իշխաններուն եւ նախորդ սերունդի ներկայացուցիչներուն մօտ, որոնք իրենց լումաներով կառուցեցին դպրոց, եկեղեցի եւ ակումբ եւ զանոնք պատիւով պահեցին»։ Շահէ եպս․ Փանոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակից կը դառնան Ազգային միացեալ վարժարանի կառուցման աշխատանքներուն։

Ապա ներկաները շրջագայելով վարժարանին մէջ մօտէն ծանօթացան կառոյցի բաժանմունքներուն եւ իրենց հիացմունքն ու գնահատանքը յայտնեցին արաձանագրուած իրագործումներուն։

20161014_175940

Յայտնենք, որ Ազգային միացեալ վարժարանի բարերարներու եւ բարեկամներու երրորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 21 հոկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին