Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Կապոյտ Յիշատակներ Հրդեհուած Մելգոնեանէն «Մելգոնեանցի ըլլալը չի՛ բացատրուիր, այլ՝ կ՚ապրուի» Սալամիսի Մեր Պտոյտը (թիւ 11)

*ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ*

1973-ին, Մելգոնեանի ուսուցչական տարիներուս, Հայոց Պատմութեան կողքին նաեւ “World History”ի ուսուցիչ էի։ Հին Յունաստանի պատմութեան մէկ պահուն, 9-րդ դասարանին հետ որոշեցինք Կիպրոսի հիւսիւսային կողմը գտնուող Սալամիսի աւերակները այցելել (տակաւին թրքական գրաւումը տեղի չէր ունեցած)։ Սալամիսը հին յունական նշանաւոր քաղաք մըն էր, հարուստ յունական արուեստի ճարտարապետական կոթողներով, ամֆիթատրոնով, փլած մեհեաններով եւ «գլխատուած» արձաններով։

Քանի որ դասարանին մէջ քանի մը Հալէպցի աշակերտուհիներ ունէինք, մտածեցի որ այդ դաստիարակչական պտոյտին դաշտագնացութիւններու յատուկ պարզ ճաշին տեղ «թապպուլէ» եւ «չիյ քէոֆթէ» ուտենք … Եւ որպէսզի Տնօրէն Պրն. Ասատուր Պետեանին կարենամ համոզել (ինքն ալ Հալէպցի էր), Հալէպցի աղջիկներուն ըսի որ երթան եւ Տիկ. Ենովա Պետեանին «հասկցնեն աշակերտներուն փափաքը»։ Երկու օր ետք մտայ տնօրէնին գրասենեակը եւ մեր նպատակը բացատրեցի իրեն եւ իր հաւանութիւնը ուզեցի։ Դրական եւ քաջալերական պատասխանէն ետք, «ուրիշ խնդրանք մըն ալ ունինք» ըսի։ Թեթեւ ժպիտ մը գծագրուեցաւ Պետեանին դէմքին վրայ։ «Գիտեմ, ըսաւ, գնա Անտրէային հետ (խոհարարը) կարգադրութիւնները ըրէ»։ Երբ լուրը աշակերտներուն տուի, ծափահարութիւններու տարափ մըն էր որ փրթաւ։

«Թապպուլէ»ի համար բաղկացուցիչ բոլոր կանանչեղէնները (ազատգեղ, սոխ, ձաւար, լեմոն, ձիթաիւղ, համեմներ, հազար, լոլիկ եւ այլն) պատրաստուած էր Տիկ. Աղաւնի  Մեծաւորեանին կողմէ։ «Չիյ քէոֆթէ»ի միսը պատրաստուած եւ սառեցուած էր, որպէսզի քանի մը ժամ հանրակառքին մէջ դիմանար։ Ամէն բան առատ էր։ Քանի որ այս դաստիարակչական պտոյտ էր, ուրեմն աշակերտները միասին պէտք էր առնէին նօթի տետրակներ, մատիտ, գծագրութեան թուղթ, չափելիք մեթր եւ այլ գրենական պիտոյքներ։ Նախապէս աշակերտներուն պարտականութիւններ տուի, իւրաքանչիւրին կամ զոյգ-զոյգ, որպէսզի երբ Սալամիս հասնէինք, ամէն աշակերտ գիտնար իր պարտականութիւնը։ Իւրաքանչիւր աշակերտ իր պարտականութիւնը պատրաստելէն ետք գործը պիտի յանձնէր ինծի, եւ ես ալ լաւագոյնները՝ տնօրէնին պիտի տանէի, ցոյց տալու համար որ մենք շատ լուրջ էինք եւ մեր «թապպուլէ»ն եւ «չիյ քէօֆթէ»ն արդարացնէինք եւ ուրիշ առիթներով ալ երես ունենայինք նման առաջարկներով մօտենալ տնօրէնին։

Երբ Սալամիս հասանք, տեսանք որ մեզմէ զատ ուրիշ դպրոցականներ ալ կային, ինչպէս նաեւ անգլիացի զբօսաշրջիկներու խումբ մը։ Մեր աշակերտները անմիջապէս գործի լծուեցան։ Պէտք էր թուաբանական – երկրաչափական հաշիւներով գիտնային թէ այդ ամֆիթատրոնին մէջ քանի՞ հանդիսատես կրնային նստիլ։ Նաեւ, նստատեղիներուն քարերը հաշուելով եւ քանի մը հոգիներով քանի մը քարերու վրայ նստելով նոյնպէս հաշուէին թէ քանի՞ հանդիսատես կրնար պարփակուիլ հոն։ Բեմին չափերը պէտք էր առնուէին, արձանները նկարուէին կամ գծուէին կամ մօտակայ կրպակէն յատուկ քարդեր գնուէին նկարները օգտագործուելու։ Ունեւոր աշակերտները պզտիկ գրքոյկներ պէտք էր գնէին եւ Սալամիսի պատմութիւնը կարդային եւ ամփոփէին։ Գլխատուած արձաններուն անունները գտնէին (որոնք յունական աստուածներ էին) եւ անոնց մասին տեղեկութիւններ հաւաքէին։ Ուրիշներ արդէն Մելգոնեանի գրադարանի պատմական գիրքերէն բաւականին մը ծանօթութիւններ հաւաքած էին։

Մեր այս դաստիարակչական ուսումնասիրութիւններու ժամանակ միւս դպրոցականները աղմկելով, ջորիներու նման ցատկրտելով, զիրար հրմշտկելով եւ կապիկութիւններով զբաղուած էին։ Շատ անկարգ եւ անկիրթ էին։ Խօսակցութիւններէն իմացանք որ թուրք աշակերտներ են (ներողութիւն կ՚ուզեմ խնդրել ջորիներէն որ թուրք աշակերտները իրենց նմանցուցի … )։ Անգլիացի զբօսաշրջիկներէն ոմանք մօտեցան ինծի եւ «շատ մեծ տարբերութիւն կայ ձեր աշակերտներուն եւ անոնց միջեւ» ըսին։ «Բնական է, ըսի, մենք հայ ենք, Մելգոնեան Կրթ. Հաստատութենէն, անոնք թուրք են, Թուրքական Լիսէյէն։»

Մեր կրթական պարտականութիւնները կատարելէն ետք, Հալէպցի աղջիկները գործի անցան «թապպուլէ»ն եւ «չիյ քէօֆթէ»ն պատրաստելու։

Հաւատացէք, երբ ըսեմ որ Հալէպցիներուն պատրաստած ճաշերը տարբեր համ ունին։ Շատ համով «թապպուլէ» եւ «չիյ քէօֆթէ» մը կերանք այդ օր։ Աշակերտները շատ գոհ մնացին եւ առաջարկեցին որ Քայրինիայի Բերդն ալ երթանք «ուսումնասիրելու»։ «Այս անգամ, ըսի, քեպապ կ՚եփենք եւ … ։»

Դպրոց վերադարձին միւս աշակերտները քիչ մը նախանձով մեզ կը դիտէին։ Շատեր խնդրեցին, որ իրենց դասարաններն ալ նման «դաստիարակչական» պտոյտներու տանիմ։

Քանի մը օր ետք, աշակերտները իրենց պարտականութիւնները շատ լաւ պատրաստած յանձնեցին ինծի։ Աչքերուս չէի հաւատար։ Այնքան լաւ պատրաստած էին, որ ստիպուած եղայ բոլորն ալ Տնօրէնին տանիլ եւ ցոյց տալ։ Պրն. Պետեանը շատ գոհ մնաց աշակերտներուն աշխատանքներէն եւ յանձնարարեց որ նման դաստիարաչական պտոյտներ յաճախ կազմակերպեմ։

Լոս Անճելոս

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին