Հինգշաբթի, 26. 06. 2025

spot_img

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահը Մասնակցած է Բերքի Տօնին

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Հոկտեմբեր 9-ին այցելած է Ստեփանակերտ քաղաքի մէջ Գիւղատնտեսութեան աշխատողի օրուան առիթով կազմակերպուած տօնավաճառ: Այս մասին կը յայտնեն ԱՀ Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Նախագահը գոհունակութեամբ նշած է, որ Բերքի տօնը հանրապետութեան մէջ արդէն իսկ դարձած է աւանդական` ընդգծելով, որ բարի աւանդոյթները անհրաժեշտ է պահպանել ու շարունակաբար զարգացնել:

Տօնին մասնակցած են Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանը եւ պաշտօնատար այլ անձինք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին