Երկուշաբթի, 15. 09. 2025

spot_img

IDeA Հիմնադրամի Յայտարարութիւնը Սուրիահայերու Վերաբերեալ

Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ (IDeA) հիմնադրամը տարածած է յայտարարութիւն մը սուրիահայերու իրավիճակին վերաբերեալ.

«Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ (IDeA) հիմնադրամը հաւատարիմ է Հայաստանի քաղաքացիներու կեանքը բարելաւելու նպատակին: Միեւնոյն ժամանակ, մենք չենք գործեր մեկուսացած: Մենք քաջատեղեակ ենք` ինչ կը կատարուի մեր շուրջ եւ կ՛աշխատինք ու կը կրենք պատասխանատուութիւն` մասնակից դառնալու ցաւն ու տառապանքը հնարաւորին չափ մեղմելու գործին` ուր հնարաւոր է:

«Հետեւելով Սուրիոյ` մասնաւորապէս Հալէպի մէջ, շարունակուող բռնութեան` մենք պարտաւորութիւն կը զգանք նիւթական աջակցութիւն առաջարկելու սուրիահայ փախստականներուն Հայաստան տեղափոխելու համար: Այդ նպատակով մենք պատրաստ ենք միաւորելու ջանքերը աշխարհի տարբեր մասերուն մէջ գործող այլ կազմակերպութիւններու եւ անհատներու հետ: Պէտք է գործել հիմա: Կը ցաւինք եւ մտահոգուած ենք ռազմական գօտիին մէջ գտնուող մարդոց համար: Նոյնիսկ անոնք, որոնք մարտական գործողութիւններու վերջին տարիներու ընթացքին մնացած էին այնտեղ, այժմ ապահով ապաստան կը փնտռեն: Մենք պարտաւոր ենք օգնելու անոնց:

«Այս հարցով մեզի միացած են քանի մը մասնաւոր հիմնադրամներ եւ մենք կ՛աշխատինք Հայաստանի կառավարութեան հետ, որպէսզի համոզուած ըլլանք, որ Հայաստան ժամանողները ստանան անհրաժեշտ հիմնական պետական աջակցութիւն, որպէսզի կարենան օրինական ապաստան հայցել Հայաստանի մէջ:

«Ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն հալէպահայերն էին հայութեան առաջին փրկութեան ձեռք մեկնողները: Այսօր անոնք ունին այդ փրկութեան կարիքը»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին