Երկուշաբթի, 15. 09. 2025

spot_img

Հրթիռակոծուած է Հալէպի «Բեթել» Վարժարանը

Հոկտեմբեր 10-ին, առաւօտեան ժամը` 05:00-ին, հրթիռ մը ինկած է Հալէպի Թելեֆոն հաուայի թաղամասին մէջ գտնուող Հայ աւետարանական «Բեթել» վարժարանին վրայ:

«Վարժարանին շէնքը բաւական վնասներ կրած է: Բարեբախտաբար, մարդկային զոհեր չենք ունեցած: Վաղ առաւօտ էր, եւ դեռ աշակերտները վարժարան չէին եկած,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Սուրիոյ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ, վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան եւ աւելցուցած,-իմ բնակարանս դպրոցէն մօտ 30 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի: Ես հրթիռին ձայնը լսեցի, բայց մտածեցի, որ մեր բնակութեան վայրէն հեռու ինկած է: Եւ միայն առաւօտեան պարզեցինք, որ հրթիռին թիրախը մեր վարժարանն էր»:

Հակառակ հրթիռակոծութեան` վարժարանին մէջ դասերը չեն ընդհատուած.«Առաւօտեան մենք փորձեցինք ամէն ինչ կարգի բերել, որպէսզի երեխաները շատ բան չտեսնեն: Հրթիռը հիմնականօրէն վնասած էր վարժարանին տանիքը եւ 12-րդ դասարանը: Այդ դասարանի  աշակերտները մենք այլ դասասենեակ տեղափոխեցինք: Շուտով կը սկսենք վերանորոգման աշխատանքները»,-նշած է Յարութիւն Սէլիմեան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին