Երկուշաբթի, 15. 09. 2025

spot_img

Հայ Ուսուցիչի Տօնի Նշում Սիտնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ

Թարգմանչաց Տօնին առթիւ աւանդութիւն դարձած է Ուսուցիչներու Օրը տօնակատարել Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ:

DSC00546 (1)

9 Հոկտեմբերի առաւօտեան, Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեանի հրաւէրով, աւելի քան 70 Հայ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ ներկայ գտնուեցան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, զոր մատուցեց Սրբազան Հայրը: Ուսուցիչները հաղորդուեցան, օրհնութիւնը ստացան Սրբազան Հօր եւ լսեցին անոր ազգաշունչ պատգամը:

DSC00585

 

 

Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, ուսուցիչները հրաւիրուեցան Էտկարեան Սրահ եւ համադամ ճաշերով հիւրասիրուեցան Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբին կողմէ: Սրբազան Հօր կողքին հանդիսութեան ներկայ էին Արժանապատիւք Տէր Նորայր Աւագ Քահանայ Բաթանեանը, Տէր Պարթեւ Քահանայ Գարագաշեանը, Տէր Աւետիս Քահանայ Համբարձումեանը, Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Պրն. Սարգիս Տէր Պետրոսեանը, Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Պրն. Պետրոս Զօրլուն եւ Ծխականի անդամներ՝ Տիարք Արա Գօփուշեանն ու Անդրանիկ Կիւլիւմեանը:

DSC00626

 

 

Արժ. Տէր Աւետիս Քահանայ Համբարձումեանի հանդիսավարութեամբ ի գործ դրուեցաւ յայտագիր մը, որու ընթացքին կարդացուեցաւ Սփիւռքի Նախարարուհի Տիկին Հրանոյշ Յակոբեանի պատգամը ուղղուած Հայ ուսուցիչին: Խօսք առաւ Համազգային Գօլստըն Ճեմարանի մանկավարժուհի եւ բարձրագոյն կարգերու Հայերէն լեզուի ուսուցչուհի Տիկին Արփի Դաւիթեան, որ ներկայացուց «Հայ Մանկավարժութիւնը 19-րդ Դարէն մինչեւ Մեծ Եղեռն» նիւթը: Տիկին Դաւիթեան շեշտը դրաւ Արեւմտահայ հատուածին վրայ, մանրամասնօրէն վերլուծեց Զարթօնքի, Իրապաշտ եւ Գեղապաշտ շրջաններուն Հայ գրականութեան, լեզուի եւ կրթական համակարգի հոլովոյթը, տուաւ ամբողջական պատկերը քաղաքական եւ ընկերային իրավիճակներուն եւ անոնց ազդեցութիւնը Հայ մշակոյթի զարգացման վրայ: Ներկայ ուսուցիչները՝  Համազգային Գօլստըն Ճեմարանէն, ՀԲԸՄ Ալեքսանտր Վարժարանէն, Համազգային Թումանեան, Թարգմանչաց , Փափազեան, ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան եւ Հայ Կաթողիկէ «Լոյս» շաբաթօրեայ վարժարաններէն, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանէն ու ՀՕՄի «Ուրախ Մանուկներ» Մանկապարտէզէն, մեծ գնահատանքով արտայայտուեցան Տիկին Դաւիթեանի ներկայացուցած զեկոյցին մասին: Սիրտի խօսք արտասանեցին Ալեքսանտր Վարժարանի Տնօրէն Պրն․ Մանուկ Տէմիրճեան եւ Թումանեան Վարժարանի ուսուցչուհի՝ Տիկ Զարինէ Խորէնեան:

DSC00656

 

 

Նախ քան փակման աղօթքը՝ Սրբազան Հայրը դրուատանքով արտայայտուեցաւ Սիտնիի Հայ ուսուցիչներուն տարած կարեւոր աշխատանքին, շնորհաւորեց Տիկին Դաւիթեանը իր շահեկան դասախօսութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին, ի տեսութիւն 2017-ի Հոկտեմբերին :

Դիւան Առաջնորդարանի

DSC00676

DSC00681

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին