Հինգշաբթի, 26. 06. 2025

spot_img

ԱՄՆ-ի Մէջ Յայտնաբերուած 16-րդ Դարու Աստուածաշունչին Մէջ Պատկերուած է Մեծ Հայքի Քարտէսը

ԱՄՆ Օրեգոն նահանգի Փորթլանտ քաղաքի Lewis & Clark քոլեճի ուսանող Սեմ Պուսսանը իր հետաքրքրասիութեան արդիւնքով գրադարանի նկուղին մէջ յայտնաբերած է 1599 թուականի հրատարակութեան Աստուածաշունչ մը` Եղիսաբէթ 1-ի եւ Շեքսփիրի Աստուածաշունչը, ուր յիշատակուած է Մեծ Հայքը: Աղբիւրը կը նշէ մեծ Հայաստան (The Great Armenia), կը յայտնէ Panorama.am-ը ամերիկեան հեղինակաւոր CBS հեռուստաընկերութեան կայքի յղումով:

Մասնագէտները կը նշեն, որ Աստուածաշունչի բացառիկ հրատարակութեան մէջ հիմնական գրառումները ներկայացուած են փայտի վրայ կատարուած բարդ պատկերազարդումներու միջոցով:

Աստուածաշունչին մէջ «Եդեմական այգիի իրավիճակը» բաժինին մէջ փայտէ տախտակի վրայ պատկերուած են Միջին Արեւելքի եւ Մեծ Հայքի, Բաբելոնի եւ Պարսից ծոցի քարտէզները:

Գիրքին մէջ կայ նաեւ գրառում, ըստ որուն՝ յայտնի կը դառնայ, որ անիկա տպագրուած է Լոնտոն, Անգլիոյ թագուհիին հրատարակիչ Քրիսթոֆըր Պերքըրի կողմէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին