Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Ալի Պապա եւ Քառասուն (Խաբուած) Աւազակներ

*Տոքթ. ՃՈՐՃ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ*

Ես վստահ եմ, որ «Ալի Պապա» հեքիաթի 40 հոգինոց խումբին մէջ, այնուամենայնիւ կային բազմաթիւ ազնիւ ու պարկեշտ մարդիկ, որոնք հրապուրուած էին աւազակապետին շողշողուն թիկնոցով: Շլացած էին փայլփլուն յափշտակել ուած զինանշաններով, եւ խաբուելով անոր ճարտար լեզուէն՝ հլու հնազանդ եւ նուիրումով կը պաշտպանէին անոր թալանած գանձարանը՝ նոյնիսկ անգիտակցաբար … բայց հեքիաթը այդ մասին ոչինչ կը նշէ …

Կ’ենթադրեմ որ նշուած գանձերը, հրոսակապետը թալանած էր այդ շրջանի գիւղերէն ու բնակիչներէն, որոնք հաւանաբար իր խումբի մարդոց հարազատները, բարեկամները եւ համախոհ ընկերները եղած էին, բայց անոնք անգամ անտեղեակ էին, իսկ հեքիաթը այդ հարցին անդրադարձած չէ երբեք …

Եւ ինչ որ տեղ մը, կարդացած եմ այդ հեքիաթին մէկ այլ տարբերակ մը, ուր քառասունեակին անդամներ, իրենց հարազատներուն, բարեկամներուն եւ համախոհներուն հետ անկեղծ, անշահախնդիր ու մտերմիկ զրուցելէ ետք, կը հասկնան որ այդ գանձարանը կը պատկանի ոչ թէ իրենց զառամեալ գաճաճ աւազակապետին ու անոր քանի մը մեղսակից օգնականներուն, այլ սեփականութիւնն է բոլոր այդ շրջանի բնակիչներուն, եւ համախմբուելով կը փետրաթափեն զառամեալն ու անոր օգնականները, եւ յափշտակուած գանձը կը վերադարձնեն իրենց տէրերուն՝ ճիշդ այն պահուն, երբ երկինքէն կ’իյնայ երեք խնձոր՝ մէկը ինծի, միւսը հասկցողին, իսկ երրորդն ալ՝ բացուի՜ր սեզամ կանչող Ալի Պապայի գլխուն …

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին