Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Հայաստանի Մէջ Մօտ 20 Հազար Սուրիահայ Կ’ապրի

Սուրիոյ մէջ քաղաքական լարուած իրադրութեան հետեւանքով Հայաստանի մէջ իրենց ապաստանը գտած են 20 հազար սուրիահայեր: Ինչպէս «Արմենփրես»-­ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար, սուրիահայերու հարցերով զբաղող յանձնաժողովի նախագահ Ֆիրտուս Զաքարեանը, զբաղուածութեան եւ կացութեան խնդիրները կը խանգարեն սուրիահայերուն վերջնականապէս ընդելուզուիլ մեր հասարակութեան մէջ:

«Մի շարք հասարակական­-բարեգործական ընկերութիւններ, ինչպէս նաեւ միջազգային կառոյցներ կացութեան վարձավճարներ են տրամադրում սիրիահայերին: Սակայն բնակարանի վարձի կարիք ունեցող սիրիահայերի թիւն անընդհատ փոփոխւում է եւ սա բաւական մեծ խնդիր է առաջացնում»,- ըսած է­ Զաքարեանը:

Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ սուրիահայերուն անհանգստացնող աշխատանքի խնդիրին, Զաքարեանը նշած է, որ սուրիահայերուն մեծ մասը ունի աշխատանք, սակայն աշխատանքի վարձատրութեան չափը վերջիններուս չի գոհացներ: «Սիրիահայերից շատերը չեն համակերպւում աշխատանքի վարձատրութեան հետ` նշելով, որ Սիրիայում իրենց աշխատավարձերը համեմատաբար բարձր էին»,- ըսած է ան:

Սուրիահայերու հարցերով զբաղող յանձնաժողովի նախագահը վստահեցուցած է, որ սուրիահայերու շարք մը խնդիրներ արդէն իսկ սահուն կերպով իրենց լուծումը ստացած են: «Առողջապահութիւնը նրանց համար անվճար է: Այն սիրիահայերը, ովքեր սովորում են բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնների բակալաւրիատում, վարձավճարներ են ստանում: Անվճար լուծւում է նաեւ սիրիահայերի գերեզմանատեղերի խնդիրը»,- ­աւելցուցած է Զաքարեանը:

Այն հարցումին, թէ վերջին օրերուն Հալէպի հայաշատ թաղամասերու մէջ տեղի ունեցող ռմբակոծութիւններու արդիւնքով արդեօք Հայաստան սուրիահայերու հոսք նկատուած է, Զաքարեանը նշած է` ոչ` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ պատերազմական իրավիճակին հայերը արդէն վարժ են եւ խուճապի չեն մատնուիր:

Սուրիոյ մէջ պատերազմի պատճառով մեծ թիւով սուրիացիներ կը լքեն երկիրը` յայտնուելով այլ պետութիւններու մէջ փախստականի կարգավիճակով: Երկիրը կը լքեն նաեւ տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչները: Հայաստանի մէջ փախստականի կարգավիճակ կամ ապաստան ստանալու մասին Սուրիայէն դիմումները կը քննուին արագացուած ընթացակարգով` առնուազն տասը օրուայ ընթացքին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին