Ուրբաթ, 04. 07. 2025

spot_img

Գիշերը Ազրպէյճանի Զինուժը DShK Տիպի Գնդացիր Կիրառած Է. Հայկական Կողմը Պատասխանած է. ԼՂՀ ՊԲ

Հոկտեմբեր 4-ի լոյս 5-ի գիշերը ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտուած է աւելի քան 40 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է մօտ 4000 կրակոց:

Առաւել բուռն կրակոցներ արձակուած են շփման գիծի հիւսիսային ուղղութեամբ: Նշուած հատուածին մէջ միայն DShK տիպի խոշոր տրամաչափի գնդացիրէ արձակուած է աւելի քան 500 կրակոց:

Հակառակորդին նախայարձակ աշխուժութիւնը ճնշելու համար ՊԲ առաջապահ զօրամասերը դիմած են պատասխան գործողութիւններու` շարունակելով լիակատար վերահսկողութիւն պահպանել առաջնագիծին վրայ, կը յայտնէ ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին