Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Հայաստան Հալէպահայերու Տարհանման Հարցը Չէ Քննարկա՞ծ

Հայաստան չի քննարկեր հալէպահայերու զանգուածային տարհանման հարցը: Այս մասին «Մետիամաքս»-ին ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Տիգրան Պալայեանը:

Վերջին օրերուն ռազմական իրավիճակի սրման հետեւանքով Հալէպի մէջ տուժած են շարք մը հայաբնակ թաղամասեր, կան զոհեր:

Ոչ պաշտօնական տուեալներով` Հալէպի մէջ մնացած հայերուն թիւը կը կազմէ 8-10 հազար: Քաղաքին մէջ կը շարունակէ աշխատիլ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը:

Հայաստան մարդասիրական օգնութեամբ երկու օդանաւ ուղարկած է Սուրիա, իսկ աւելի առաջ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկած էր յայտարարութեամբ:

«Առանձնայատուկ անհանգստութիւն կը պատճառէ յատկապէս Հալէպի, ինչպէս նաեւ` հայաբնակ թաղամասերու, խաղաղ բնակչութեան դէմ զէնքի խիստ դատապարտելի կիրառումը, որուն հետեւանքով կան մարդկային մեծաթիւ կորուստներ»,- ըսուած էր յայտարարութեան մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին