Երկուշաբթի, 15. 09. 2025

spot_img

Ազգ․Ռուբինեան-Ս․Մ․Վարժարանի 2016-2017 Ուսումնական Տարեշրջանի Տօնական Վերամուտը

Մենք մանուկներ հայ ազգի,
Ծարաւ հայ լեզուի երգի,
Հայ դպրոցի զինուորներ,
Սուրբ Մեսրոպի յաջորդներ։

*ԶԱՐՄԻՆԷ ԿԱՆԱՉԵԱՆ ԱՍՄԻՆԵԱՆ*

Հայ դպրոցը մեր ազգային գոյութեան ու յաւերժու- թեան երաշխաւորն է․անով պայմանաւորուած է մեր գոյութիւնը սփիւռքեան դժուարին պայմաններուն մէջ։

Հայ պատանիները, երբ հասակ կ’առնեն այդ հարազատ դարբնոցին՝ հայ վարժարանին մէջ եւ անձնազոհ ուսուցիչներու շունչին տակ կը զինուին հարենասիրական  վեհ գաղափարներով ու կը ստանան հայեցի դաստիարակութիւն, անոնք ապագային իբրեւ գիտակից սերունդ տէր կը կանգնին իրենց ազգային  արժէքներուն՝ Հայրենիք, մշակոյթ,  լեզու․․․

Հինգշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2016–ի առաւօտեան         ժամը 7:30-էն սկսեալ Ազգ․Ռուբինեան-Ս․Մ․Վարժա- րանի աշակերտները իրենց ծնողաց ընկերակցութեամբ ժամանեցին դպրոց։

Վերամուտ էր․ աշակերտները շատ կարօտցած էին իրենց դպրոցական գեղեցիկ օրերը, ուսուցիչներն ու դասընկերները։

Դպրոցի բակին տօնական մթնոլորտը մեծ ուրա- խութիւն պատճառեց բոլորին, մանաւանդ՝ գեղեցիկ զարդարանքներն ու պատկերները, լիբանանեան ու հայկական եռագոյն դրօշներն ու  գոյնզգոյն փուչիկները, ինչպէս նաեւ հայկական երաժշտութիւնը։

2

Աշակերտները ողջունեցին զիրար,  ուրախ ժամա- նակ անցուցին եւ անոնք առիթը ունեցան ծանօթանալու վարժարանի նորեկ աշակերտներուն։

Տօնակատարութեան ներկայ էին Ռմէյլ թաղի  Ս․ Յարութիւն  եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տէր Ղեւոնդ քհն․Լօշ- խաճեանը, հոգաբարձութեան ատենապետուհի Տիկ․ Ռիթա Տէր Ստեփանեանը, Ս․ Յարութիւն  եկեղեցւոյ Տիկնանց  յանձնախումբի  անդամուհիները, ուսուցչա- կան կազմը եւ կարգ մը աշակերտներու ծնողներ։

Առաջին զանգը հնչեցուց Վարժարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Օրդ․Ազնիւ Ալթունեանը եւ աշակերտները իրենց դաստիարակներու ընկերակցութեամբ եկեղեցի մտնելով՝ Տէր Ղեւոնդ քհն․Լօշխաճեանի պատգամը ունկնդրեցին, ապա անոր ձեռամբ՝ հաղորդութիւն ստացան։

Որմէ  ետք  բոլորը  հիւրասիրուեցան  համեղ  կար-

կանդակներով եւ հիւթերով, որոնք տրամադրուած էին եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին կողմէ։

Ապա աշակերտները դասարանային շարքերով կանգնած հպարտ կեցուածքով՝ լիբանանեան եւ հայ- կական քայլերգները կատարեցին։

Օրդ․Ազնիւ Ալթունեան ողջունեց եւ բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին։Ան յայտնեց թէ հայ ժողո- վուրդը մեծ ցնծութեամբ կը տօնէ Մայր  Հայաստանի  անկախութեան  25-ամեակը։

Ան հրաւիրեց վարժարանի Տնօրէն Պրն․ Յակոբ Կէրկէրեանը փոխանցելու համար իր սիրտի խօսքը։ Ան վերամուտի առթիւ աշակերտներուն յաջողութիւն մաղ- թեց, իսկ Հայաստանին՝  նորանոր վերելք  եւ   անկախու- թեան  25-ամեակը շնորհաւորեց։

Տնօրէնի խօսքէն ետք դարձեալ հայկական պարե- ղանակներէն խանդավառուած՝ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի փոքրիկները շուրջպարերով հանդէս եկան։

Աշակերտները վերամուտի առիթով իրենց դաստիարակներու կողմէ ստացան՝ ձեռային աշխատանքներ։

Կէսօրին, երբ մեկնումի ժամը հասած էր, աշակերտները բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց տուները։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին