Երկուշաբթի, 15. 09. 2025

spot_img

Շահեկան Դասախօսական Երեկոյ Մը՝ Հայերը Լեհաստանի Մէջ

Մեր  հայրենիքը  պատմա-աշխարհագրական  դիրքին պատճառով,  կռուախնձոր մը  դարձած է  արեւմտեան եւ արեւելեան թագաւորութիւններու, կայսրութիւններու միջեւ:

Հայը  բազում  զոհողութիւններով   դիմագրաւած է այդ  բոլորը, յաճախ՝ ճառահատ, ակամայ  գաղթած է հայրենիքէն…:  Պատմութեան  տարբեր ժամանակահատուածներու  ընթացքին, հայը  նոր «հայրենիք»ներ ստեղծած է  Ծայրագոյն Ասիոյ, Եւրոպայի, Ափրիկէի, հեռաւոր Ամերիկաներու մէջ եւ այլուր:

Հայը  մարտնչած է  տուեալ  ոստաններու տեղայնական պայմաններուն  դէմ: Դժբախտաբար   աստիճանաբար  տեղի տուած է  անոնց   բարքերուն առջեւ:

Այսօր, ցաւով կը յիշատակենք  Հնդկաստանի, Սինկափուրի,Եթովպիոյ, Լեհաստանի  մեծաթիւ  հայ  համայնքները: Անոնք  մեծ ներդրում ունեցած են  իրենց գտնուած երկիրներու մշակութային,  քաղաքական, տնտեսական բնագաւառներուն  մէջ: Երէկուան բեղուն  համայնքները  նօսրացած են այսօր…:

DSC_5971

Այսպիսի  հարուստ  աւանդութիւններ ունեցած է  Լեհաստանի հայ  համայնքը, որուն արմատները կը հասնին մինչեւ  Բագրատունեաց թագաւորութեան անկումի ժամանակաշրջանը: Լեհահայ համայնքը այսօր ալ կը շնչէ  եւ  կը գործէ, բայց ոչ՝ երէկի   հնչեղութեամբ: Այսուհանդերձ, այսօրուան դրութեամբ  երախտաշատ  աշխատանք կը  կատարուի  լեհահայ համայնքին մէջ: Լեհ ժողովուրդը մեծապէս կը գնահատէ լեհահայ համայնքը, զայն  ընդունելով իբրեւ երկրին բաղկացուցիչ 14  համայնքային փոքրամասնութիւններուն մէջ ամենագործունեայ  համայնքներէն  մին:

Լեհահայ համայնքը  իր  երէկի եւ այսօրուան իրականութեամբ ներկայացնելու  մտադրութեամբ,  Չորեքշաբթի, 28  Սեպտեմբեր 2016-ին,  ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի  Անդրանիկ Մշակութային  Միութիւնը, Լիբանանի մէջ Լեհաստանի  դեսպանատան եւ Լեհաստանի  Հայկական Հիմնադրամի  հետ գործակցաբար,  «Հայերը Լեհաստանի  Ծառայութեան մէջ»  արխիւային  նկարներու  ցուցահանդէս եւ դասախօսութիւն մը կազմակերպած էր, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան  կեդրոնի Ասպետներու սրահին մէջ:

DSC_5995 - Copy

Միջոցառումը  լայն հետաքրքրութիւն  ստեղծած էր  լիբանանահայութեան մէջ:   Երեկոն իրենց ներկայութեամբ կը  պատուէին  Լիբանանի մէջ  Հայաստանի դեսպան Սամուէլ  Մկրտչեանը, Լեհաստանի  դեսպան Պոզէք Վոյչէքը, Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութը,  պետական երեսփոխան Շանթ  Չինչինեանը, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ  Վիգէն  Չերչեանը եւ անդամներ, Հայաստանի, Լեհաստանի, Գերմանիոյ  դեսպանատան  պաշտօնակատարներ, մտաւորականներ, մամլոյ եւ կրթական մարզի ներկայացուցիչներ, միութենականներ եւ հարիւր յիսունէ աւելի  հետաքրքրասէր  բազմութիւն մը:

Երեկոյին  բացման խօսքը կատարեց տօքթ. Արտեմ Նաճարեան: Ան, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով  ներկայացուց  Լեհաստանի Հայկական  Հիմնադրամի  նախագահ, օրուան բանախօս Մաչէք Պօղոսեւիչը (Մաթէոս Պօղոսեան): Վերջինս, հայ համայնքին մէջ  կատարած բազմակողմանի ծառայութիւններուն համար պարգեւատրուած է զանազան պետական  մրցանակներով:

Նանոր  Մաճարեան դաշնամուրի  վրայ  նուագեց  Ֆրետերիք  Շոփէնէն  կտոր մը:

Ապա խօսք առաւ Լիբանանի մէջ  Լեհաստանի  դեսպան Պոզէք Վոյչէք: Ան բարձր  գնահատեց  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ  Անդրանիկ Մշակութային Միութեան  սոյն նախաձեռնութիւնը, աւելցնելով, որ  Լեհաստանի  պատմութեան  ընթացքին, հայ  համայնքը  մեծ ծառայութիւններ  մատուցած է  երկրին մշակութային,քաղաքական, տնտեսական  եւ այլ մարզերու մէջ: Ան  թուեց  երեւելի  հայ անձնաւորութիւններու  անուններ: Դիպուկ  օրինակ մը տալով, դեսպանը  նշեց, թէ  աշխարհահռչակ  յօրինող Ֆրետերիք Շոփէնի ստեղծագործութիւններուն խմբագիրը եղած է  Քարոլ  Միքուլի անունով  ծագումով  հայ մը:  Դեսպանը  յայտնեց, թէ դժուար է  առանց  հայերու վայր մը գտնել աշխարհի  մէջ եւ շեշտեց,թէ  յառաջիկայ տարի  Լեհաստանի մէջ  հանդիսաւորապէս պիտի նշուի հայ համայնքի  հիմնադրութեան  650 ամեակը:  Իր խօսքի աւարտին,  դեսպանը յայտնեց, թէ  ներկայիս   աւելի քան   քառասուն հազար  հայեր  կ’ապրին  Լեհաստանի մէջ:

Օրուան գլխաւոր  բանախօս  Մաչէք Պօղոսեւիչը (Մաթէոս Պօղոսեան) իր դասախօսութիւնը սկսելէ առաջ  շնորհակալութիւն  յայտնեց  Լիբանան  կեցութեան   միջոցին,  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ  Մշակութային Միութեան  ցուցաբերած  հոգատարութեան:  Մաչէք Պօղոսեւիչ «սլայտ»ներու  ընկերակցութեամբ  կատարեց   լեհահայ համայնքի պատմականը: Հայեր, Սեւ ծովու  ճանապարհով հասած են մինչեւ  հեռաւոր  Լեհաստան: Տարբեր  քաղաքներու մէջ,  կառուցած են  եկեղեցիներ:  Ծանօթացած եւ շաղուած  են  տեղւոյն աւանդութիւններուն: Հետզհետէ  գրաւած են  նախանձելի դիրքեր, սիրուած եւ յարգուած  են բոլորէն:   Լեհաստանի  հայ համայնքը աւելի  բեղուն  գործունէութիւն  կը  սկսի  ծաւալել անցեալ դարու  ութսունական թուականներէն:  Ինք՝ Մաչէք Պօղոսեւիչ երկար  տարիներէ կը վարէ  համայնքի ներկայացուցիչի պարտականութիւնը, միաժամանակ ըլլալով Լեհաստանի  փոքրամասնութիւններու  համախմբումը ներկայացնող մարմինի ատենապետը: Անոր հովանաւորութեան տակ բազմաթիւ հայ  երիտասարդներ  կը  զբաղին ներկայիս Ուքրանիոյ  սահմաններուն մէջ գտնուող (նախապէս Լեհաստանի սահմաններուն   մէջ գտնուող հայահոծ  համայնքներ) պատմական յուշարձաններու պահպանութեան, հայկական գերեզմաններու, մշակութային կեդրոններու վերականգնման  աշխատանքներով:

DSC_6026 - Copy

Մաչէք Պօղոսեւիչ  պատասխանեց   ներկաներու  հարցումներուն:  Իր դասախօսութեան աւարտին, ան,  հայազգի   հանրածանօթ Թէոտոր  Աւենթովիչի   վրձինէն  նկար մը նուիրեց  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  Կեդրոնական  Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանին, որ իր կարգին      Անդրանիկ Մշակութային Միութեան  անունով  գնահատանքի  յուշանուէր մը  փոխանցեց Մաչէք  Պօղոսեւիչին:

Ապա, ցուցահանդէսի սրահին մէջ   տեղի ունեցաւ  հիւրասիրութիւն, որուն  ընթացքին ներկաները առիթ ունեցան   աւելի մօտէն  ծանօթանալու  լեհահայ  դէմքերու, համայնքի պատմութեան եւ անոր ներկային:

Յիշատակելի  երեկոյ  մը:

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ  ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ   ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին