Չորեքշաբթի, 04. 03. 2026

spot_img

Ազգային Ժողովը Ընդունեց Նոր Հարկային Օրէնագիրքը

Խորհրդարանին մէջ երրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունուեցաւ Կառավարութեան կողմէ ներկայացուած Հարկային օրէնագիրքին մէջ լրացումներ ու փոփոխութիւններ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը` 78 կողմ, 19 դէմ եւ 0 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ:

Քուէարկութենէն առաջ վարման կարգով ԱԺ պատգամաւոր, նախկին վարչապետ Հրանդ Բագրատեանը յայտարարեց, թէ նոր օրէնսգիրքը չի համապատասխաներ ՀՀ տնտեսութեան զարգացման պահանջներուն, քանի որ այս նախագիծին մէջ հակասահմանադրական դրոյթներ կան:

Ան կրկին պնդեց, թէ Կաթոլիկ եկեղեցին հարկի կը ենթարկուի, իսկ Առաքելականը` ոչ:

Յիշեցնենք, որ երկրորդ ընթերցմամբ քննարկման ժամանակ Բագրատեանը կ՛առաջարկէր հարկի ենթարկել նաեւ Առաքելական եկեղեցին:

Անկախ պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեանը յայտարարեց, որ դէմ պիտի քուէարկէ նախագիծին, քանի որ «տաս էջնոց առաջարկութիւններուն մեծ մասը մերժուած է»:

ԲՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Միքայէլ Մելքումեանի որակմամբ` այս նախագիծը «նահանջ է փոքր ու միջին պիզնեսի համար»: «ԲՀԿ կուսակցական պատգամաւորները չեն մասնակցիր քուէարկութեան»,- ըսած է ան:

Անկախ պատգամաւոր Խաչատուր Քօքոբելեանը առաջարկեց յետաձգել քուէարկութիւնը` ըսելով, որ այս նախագիծը կ’աւելցնէ հարկատուներուն բեռը:

ՀԱԿ խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրապեանն ալ դժգոհեցաւ, որ իրենց փորձագէտները հրաւիրուած չեն եղած քննարկումներուն: Զուրապեանին հակադարձեց ԱԺ Տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Վարդան Այվազեանը. «Պարոն Սահակեան, ես էլ բողոք ունեմ ձեզանից ու ԱԺ աշխատակազմից, ինչի՞ ինձ հրաւիրատոմս չէք տուել»,-ըսած է ան` աւելցնելով, որ յանձնաժողովին մէջ 25 քննարկումներ եղած են:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին