Ուրբաթ, 24. 01. 2025

spot_img

Բաց Սեղան (Open Buffet)

*ՏՈՔԹ. ՃՈՐՃ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ*

Վայրը՝ աշխարհով մէկ տարածուած բազմաստղ հիւրանոցներէն մէկու մը ճաշարանը:
Ժամանակը՝ ամառ … կամ՝ ի՛նչ նշանակութիւն ունի … առաւել ճշգրիտ՝ ընթրիքի ժամ:
Առիթը՝ նշանտուք, հարսնիք, կնունք, արձակուրդային հանգիստ… դուն որոշէ յարգելի ընթերցող՝ ո՛րը կամենաս …
Հիւրանոցին շքեղութիւնը, կամ ճաշարանին լուսային դասաւորումը նկարագրելը աւելորդ կը համարեմ, ամէնայն դէպս անօթի մարդու մը աչքին այդպիսի մանրամասներ չ՝երեւիր, միայն բաց սեղանին մեծութիւնը, ուտելիքներու տեսականին եւ ճոխութիւնն է կարեւորը այդ պահին:
Ուղեղիս ղեկավարման սրահին մէջ, փողկապը մինչեւ վերջին կոճակը քաշած կեդրոն մը նստած հանգիստ կը կարավարէ քաղաքավարի շարժումներս, հաճոյախօսական արտայայտութիւններով, դէմքիս վրայ (հերթապահ) ժպիտ մը գծագրած: Յանկարծ, շորթիկ հագած անամօթիկ պզտլիկ կեդրոնիկ մը ներխուժելով կը սկսի թելադրել.
Շորթիկ – Վերցուր ամենամեծ ամաններէն մէկը, եւ սկսիր լեցնել… նայող չկայ, ամէն մէկը իր ամանը լեցնելով զբաղուած է, դուն հանգիստ գործդ տես, լեցու՜ր…
Ջղային ու զուսպ ձայնով, փողկապը շտկելով կը թելադրէ՝
Փողկապիկ – թուքդ կլլէ եւ ծանր պահէ դուն քեզի … նախ քիչ մը աղցան լեցուր, յետոյ մսեղէնի կ՝անցնիս, չմոռնաս քովինիդ ալ անկեղծութիւն ներշնչող, մեծերու վայել համեստութեամբ, լսելի ձայնով մը յայտնել՝ (ես լոլիկ եւ վարունգ շատ կը սիրեմ)… հոգ չէ թէ իրեն ալ հոգն էր կամ ոչ՝ թէ դուն ինչ կը սիրես, բայց ըսէ:
– Շորթիկ- մէկ հատ սա կտորը վերցուր բերանդ նետէ (համին նայելու համար)
– Փողկապիկ – ըրածդ ճի՞շդ էր … վերցուցած կտորիդ տակի թղթիկը պարապ մնաց, քովինդ ալ ըրածդ տեսաւ. երեսիդ ջուրով թուղթը վերցուր ամանդ դիր …
– Շորթիկ – դուն այս միսը շատ կը սիրես, քանի մը կտոր վերցուր…
– Փողկապիկ – չտեսութիւն չընե՛ս, մէկ կտոր միայն՝ արդէն ափսէին մէջ քիչ մնացեր է.
– Շորթիկ – ամանիդ մէջ վերի կողմը՝ հաւի եւ ձուկի միսերուն արանքը պզտլիկ տեղ մնացեր է, կտոր մը սդէյք կը տեղաւորուի …
– Փողկապիկ – ըրածդ աչք ծակութիւն է … լեցուցածդ մինչեւ սեղան հասցնելը վրադ պիտի թափես, այդ միսի կտորն ալ յաջորդ աման լեցնելուդ վերցուր :
Սեղանին վրայ ոչ միայն կերածդ, այլեւ լսածդ ալ ճաշատեսակ է՝ տեղանուններու սոսերով համեմուած :
– Այս (cordon bleu)-ն, Փարիզ՝ Elize-ի վրայ պզտլիկ ճաշարան մը կայ՝ (Apetit) անունով, հոն պիտի ուտես՝ ի՛նչ համով կ՝ընեն .
– Բայց խոհարարը բաւական վարպետ կ՝երեւի, սա crab salade-ը, (Bora bora)-ի (The island resort)-ի աղցաններուն համը կը յիշեցնէ, համով եղեր է:
– Չէ՛ ծովային պիտի ուտես՝ Թայլանտի (Chuwang-chuwang) ճաշարանը պիտի երթաս.
–  ի՛նչ կ՝ուզես ըսէ, Համպուրկի (hot dog)-ի համը ուրիշ է .
Մինչ ձրիաբար շուրջս ծաւալուած (geofood)ի խորհրդակցութիւնը մտիկ ընելով պատառս կը ծամեմ, ուղեղի կեդրոնիկներս նորէն իրար կ՝ինան
– Շորթիկ – Աշխարհ դարձած այս signer սեղանակիցներդ ամանները բլուրի պէս լեցուցած են, իսկ դուն ամօթի հաշիւ կ՝ընես:
– Փողկապիկ – Մարդիկը անօթի եւ սոված են, մեզի ինչ…
– Շորթիկ – ռեժիմի մէջ ըլլալու, եւ այդ կարգավիճակէն առաջ եկած տառապնքները բոլորին մանրամասնօրէն պատմելու մարմաջով տառապող՝ սա կնոջ ամանին նայիր ինչե՜ր լեցուցեր է …
– Փողկապիկ – ամօթ է անամօթիկ … ուրիշներու ամաններուն մէջ չեն նայիր …
Հաստ սիկարը մատներուն, քիթին ծայրէն նայելով սմոգինկով կեդրոնիկ մը, գոռոզ քայլերով սենեակ կը մտնէ, եւ խրպոտ հրամայական ձայնով մը կը թելադրէ …
– Լեցուցած ամանդ մինչեւ վերջ չպարպե՛ս, անպայման մէկ երկու կտոր մէջը թող մնայ … մենք ամէն ինչ դիւրութեամբ հաւնողը չենք, մանաւանդ crab salade-ին ձեռք չտաս… ձայնը (Bora bora)-էն եկող սա մարդուն բնաւ հաւնեցայ:
Սպիտակ ցնցոտիով, ցուպը ձեռքին մօրուքաւոր կեդրոնիկս կը մտնէ սենեակ …: Աս ալ ուր որ մտնէ՝ բոլորը կը լռեն, գլուխնին կախ՝ ըսածները մտիկ կ՝ընեն, շատ մը կեդրոնիկներ կը հպատակին անգամ առանց հանդուրժելու, երբեմն ալ (կը ձեւացնեն):
– Աբեղայ – Մեղայ որկրամոլութեանը պիտի չըսեմ, անիկա բոլորդ գիտէք. ուրիշ բան մը ըսելու եկայ. ասոր անոր ամանին մէջը նայելու փոխարէն, չկերուած սնունդի կոյտերով լեցուն ամանները մաքրող ծառաներուն նայեցէք … ամէն մէկը մէկ երկիրէ եկած, ջնջին աշխատավարձի մը դիմաց ձեր սնունդի մնացորդները կը մաքրեն … մնացորդներ՝ որոնց մէկ փոքր մասին կարօտ են անոնց հարազատները… սա մարդը իր ձեռքով աղբաման կը տանի այն ամանը՝ որուն մէջինը իր հարազատին հասցնելու համար եկած այստեղ (խոպան) կ՝աշխատի … է՛հ, անիրաւ աշխարհ.
– Շորթիկ – (հազիւ լսելի ձայնով) պատառս կոկորդս մնաց …
– Աբեղայ – աւելի լաւ է որ հիմա պատառը կոկորդդ մնայ, քան վաղը սատանային մեծ պատառաքաղը կոկորդդ մտնէ … շու՜տ ամանդ տար այդ սպասաւորին յանձնէ ժպտալով, եւ կը բաւէ կերածդ …
– Շորթիկ – բայց դեռ անուշեղէն չկերայ …
– Աբեղայ – այդ ալ պակաս թող ըլլայ անամօթի՜կ … եւ կը բաւէ այդ կարմիր հագուստով տիկնոջ սրունքները դիտէք՝ մեղք ունի, մանաւանդ որ ամուսնացած է …
– Շորթիկ – մենք մասնաւոր չենք դիտեր, ուղղակի ինքն այնքան կարճ հագած է որ՝  աչքերնիս հոն կը զարնէ …
– Աբեղայ – աչքերնիդ անանկ տեղեր զարնելու փոխարէն, սրահին անկիւնը հաշմանդամ տարիքով տիկին մը նստած է, անոր թող զարնէ, գացէ՛ք անոր ամանը լեցուցէք, հոգատարութիւն ցուցաբերեցէք, վերջապէս՝ սիրեցէք զիրար… ես ըսելիքս ըսի ու կ՝երթամ, բայց որեւէ ժամանակ կրնայ ըլլալ վերադառնամ, ուշադիր եղէ՛ք …
– Շորթիկ – աս մարդը տրամադրութիւն աւրելու համար ստեղծուած է, երբ որ գայ կ՝աւրէ կը ձգէ …
– Փողկապիկ – բայց ըսածներուն բոլորն ալ ճիշդ են… մեր սիկարով ընկերը ու՞ր գնաց
– Շորթիկ – եթէ աղօթելու գնաց ըսեմ պիտի հաւատա՞ս …
– Սիկարը ձեռքին՝ քմծիծաղով – ամանդ յանձնելու ժամանակ (բարեհամբոյր) եւ (շնորհակալ) ժպիտ մը չմոռնաս սպասաւորին յայտնել …
– Փողկապիկ – Բայց ի՞նչ սխալ կայ անոր մէջ !!!
– Սիկարը քաշելով – երթալու ժամանակ սա (չալմ ծախող) մարդուն ժամացոյցին աչք մը նետէ, տեսնենք ի՞նչ է մակնիշը…
– Փողկապիկ – մեզի ի՛նչ, թէ ինչ է մակնիշը… դուն ձայնդ ցածցուր, աբեղան մանաւանդ քու ձայնիդ վրայ կու գայ … նոր դասախօսութիւն մը լսելու տրամադրութիւն չունինք :
Շորթիկ – ճիշդ է, ձգեցէք անուշեղէնի ամանը հանգիստ լեցնեմ, մինչ այդ դուք այդ կապոյտ հագուստով տիկնոջ փարթամ կուրծքը դիտեցէք … սրունքներուն չնայի՛ք, աբեղան ըսաւ որ սրունք դիտելը մեղք ունի …

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին