Անցնող շաբաթավերջին Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին՝ հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտուած է աւելի քան 55 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է շուրջ 550 կրակոց:
ՊԲ յառաջապահ զօրամասերը շարունակած են վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն` խիստ անհրաժեշտութեան պարագային դիմելով նաեւ պատասխան գործողութիւններու: