Շաբաթ, 18. 01. 2025

spot_img

Մաղթանք Եւ Յուսանք

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

 

«Նոյն երէկը ամէնօրեայ
Նոյն լուսինը պարտուած ու որբ
Տարիները իրար նման
Կեանքը տխուր ու անսփոփ»:
Ս. Արմէն

Պահ մը կը տարակուսիմ կարդալու… պահ մը՝ գրելու: Քանի որ ի՞նչ կայ նորութիւն խորքի տեսանկիւնէ. ոչինչ: Ի՞նչ գրել. միասնութեա՞ն մասին, մարդու վարուելակերպի՞. իր սուտերով, նենգութիւններով եւ ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ իր բարեսրտութեան. վերջապէս առեղծուած այս կեանքի մասին դարերու ընթացքին ինչե՜ր գրուած են:

«Ինչ որ եղած է, նոյնը պիտի ըլլայ.
Ու ինչ որ գործուած է նոյնը պիտի գործուի,
Եւ արեւուն տակ բնաւ նոր բան մը չկայ»:
(ԺՈՂՈՎՈՂԻ Ա:9)

Վերը նշեցինք, բայց կրկնել հարկաւոր է թէ՝ խօսքը նկատի ունի խորքայինը. այլապէս, եթէ բանանք լրատուական աղբիւրները, 24/24 ժամ նորութիւններով ողողուած է. նորութիւն ամէն մարզի մէջ. նորաձեւութեան, գիւտերու, պատերազմական զէնքերու նոր սարքերու, ինչպէս նաեւ՝ առողջապահական մարզի, գործողութիւններու, բուժման տեսակներու եւ օգնութիւններու: Զուգահեռ կ’ընթանան. կարծէք զիրար կը հալածեն չարն ու բարին…:
«Չենք թողուր որ մարդը ապրի, զայն կը սպանենք,
Եւ մեռնելիք եղող մարդուն կու  տանք արիւն»…
Եւ մտածելը ի զուր է: Նոյնն է հինէն. այսպէս դարեր պտոյտներով իրենց երկնածին կ’ընթանան արեւ եւ լուսին… ու կու տան կենսունակութիւն մեր երկիր մոլորակին… ու կեանքը կ’ընթանայ, ու վերի խաւը անթացուպի պէս կը գործածէ ներքեւի խաւը, որ կ’ուզէ ազատագրուիլ ի հարկէ, բնականաբար. բայց անկարող է. կը կերտէ երազ անոր հետեւելու, թէ՝ օր մը պիտի հասնի սրբազան լերան կատարին: Եկէք, այս պահուն լեռը հասկնանք իբրեւ նպատակակէտ ցանկաթեանց, անհատաբար թէ հաւաքաբար… քանի որ իբրեւ մարդ կարելի չէ ապրիլ սոսկ հացով, օրը բոլորելու համար, այլ պէտք  ունինք, «հացի, օդի, ջուրի նման… հպարտութեան» որ իր կարգին ունի պահանջքներ ամբողջացնելու ցուցակ ու հասանելիութիւն, գործնական, շօշափելի իբրեւ քսանմէկերորդ դարու էակ այս երկրի վրայ ու մանաւանդ, երբ այդ հայրենիքն է, ու դարերով արիւնով մկրտուած, երազուած անկախութեամբ:

Նորութիւն.- ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ:

Ոմանք՝ հաստատ մնացին իրենց աթոռներուն վրայ, ուրիշներ պաշտօնի կանչուեցան. թէ չկայ կախարդական ցուպ, որոշ է երբ խնդիրը ա՛յսքան ծանր է. եթէ ոեւէ պաշտօն իրեն յատուկ լծակները, գործակիցները չունենայ, ինչպէ՞ս կրնայ հեշտ ընթանալ գործընթացը, սակայն մենք հեռու ըլլալով անձերու ճանաչողութենէն կը մնանք սպասման վիճակի մէջ, յուսալով բարեփոխութեան հաշւոյն: Ունենալ հայրենիք մը որ առինքնէ հեռացած զաւակները եւ մխիթարէ ու փայփայէ արդէն իսկ օդն ու ջուրը վայելողները:

Անցնինք Չինաստան. Քանկ ֆու Ցէ կ’ըսէ.- Եթէ պետութիւն պիտի կերտենք, պէտք է միութիւնները կերտենք, եթէ միութիւնները՝ ընտանիքները, իսկ հոն՝ անհատը: Այսպէս, Անհատ-ընտանիք-միութիւն-Պետութիւն մէկ ամբողջութիւն: Այլապէս ապարդիւն են ճիգերը ե՛ւ իբրեւ ըմբոստացում ե՛ւ իբրեւ պաշտօնէութեան փոփոխութիւն:

Պիտի հասնի՞նք ա՛յն աստիճանին երբ պիտի ապրինք արեւու շողերը լիովին եւ չըսենք.-

«Վերեւի յարկը խլեց արեւի շողերը,
Ստուեր գցեց ներքեւի յարկին
Եւ սպաննեց այդ ոսկեհեր աղջկան»:
(Արազի)

Մաղթենք եւ յուսանք
Վերջ ի վերջոյ.-        «Երկնի անթիւ աստղերէն
Մերն է միայն անիկա»:
(Յ. Շիրազ)

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին