*ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ*
ԺԱՄԱՆԱԿը մեծագոյն դատաւորն է ՄԱՐԴ անհատին գիտակցական կեանքի ընթացքին ունեցած զգացողութեան, մտածողութեան, տեսիլքին եւ արձանագրած իրագործումներուն: Սերունդներու հոգե-իմացական կազմաւորումն ու դաստիարակութիւնը կը կազմեն հիմնաքարը տուեալ ժամանակին ապրող եւ ստեղծագործող մարդկային բազմազգ ժողովուրդներուն:
Իբրեւ ժողովուրդ հայոց, համաշխարհային պատմութեան մէջ, համեմատած այլ ազգերու, շատ փոքր է մեր ներկայութիւնը, որպէս թուաքանակ, սակայն՝ աշխարհասփիւռ հայութեան մէջ ունինք յիշատակութեան արժանի մեծութիւններ , որոնք հեղինակներ են իմացական սխրանքի համազօր արժէքներու:
Սակայն, իբրեւ Հայ ազգ, ՈՒ՛Ր ԿԸ ԳՏՆՈՒԻՆՔ ԱՅՍՕՐ:
Տասը միլիոն հայութիւն, որուն մէկ քառորդը կ՝ապրի իր հայրենի հողին վրայ, իսկ մնացեալը ՏԱՐԱԳԻՐ՝ սփռուած արտերկրի տարածքին: Բոլորիս ծանօթ իրողութիւն է մեր ներկայ վիճակը, իր դրական թէ բացասական բոլոր կողմերով:
Մեր ժողովուրդը մեկնելով «խիղճի եւ խօսքի ազատութեան» սկզբունքներէն, իր մարդկայնական, քաղաքական, տնտեսագիտական ու մշակութային հայեցակէտերը արտայայտած է բազմաշերտ ու բազմակարծիք:« Քաղաքական կամք» դիրքորոշումները կեանքի կոչուած են մեր մէջ 1885-1890 տարիներուն՝ Արմենական, Հնչակեան եւ Հ.Յ.Դ. աւանդական երեք կուսակցութիւններու հիմնումներով, որոնք իրենց շարքայիններով ու համակիրներով առաջնորդեցին հայ քաղաքական միտքն ու կամքը, ղեկավարեցին հայ ազատագրական շարժումները եւ ապա՝ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ օժանդակեցին մեր մշակութային ժառանգութիւններուն ու կրթական կեանքին, զուգահեռ՝ մեր երեք համայնքներուն, Հ.Բ.Ը.Մ-ին ու բարեսիրական այլ միութիւններուն:
1921 Հոկտեմբեր 1-ին Կ. Պոլսոյ մէջ ծնունդ առաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն (ՌԱԿ) անունը կրող ազգային- քաղաքական նոր կուսակցութիւն մը, որ յառաջ եկաւ շարունակելու նախկին Արմենական կազմակերպութեան (1885) եւ անոր գաղափարակից Ռամկավար եւ Ազատական ու նմանատիպ այլ կուսակցական շարժումներու քաղաքական դիմագիծն ու գործունէութիւնը, հիմնուած յետ-ցեղասպանութեան, նորակազմ տարագիր հայ-սփիւռքի եւ Խորհրդային Հայաստանի նորահռչակ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ վրայ:
Յետ- Ա. Աշխարհամարտի անստոյգ ներկայով ու ապագայով դժուարին
այս տարիներու նորածին ՌԱԿ-ը կը կանգնէր նոր մարտահրաւէրներու դէմ-յանդիման: Համաշխարհային քաղաքական դիրքորոշումներն ու համաձայնագիրները ՀԱՅԱՆՊԱՍՏ ոչինչ կը խոստանային հայութեան: Պատմական Արեւմտահայաստանը եղած էր Անժողովուրդ կորուսեալ Հող Հայրենի: Մարդկային մեր զոհերուն թիւը աւելի քան մէկուկէս միլիոն: Խորհրդ. Հայաստանը ունէր շուրջ 700 հազար հայ՝ յանձնուած նորակազմ Խորհրդային վարչակարգի պետական որոշումներուն: Իսկ, հայաջինջ սպանդէն ՎԵՐԱՊՐՈՂ նոյն քանակութեամբ տարագիր հայեր՝ Սփիւռքի տարածքին:
Այսօր, ՌԱԿ-ի կազմութեան 95-ամեակը մեզ կը հրաւիրէ լուրջ խորհրդածութեանց եւ քննարկումի:
Ա.- ՌԱԿ-ի ազգային գաղափարախօսութեան հաւասարակշռեալ արտայայտութիւնը իբրեւ քաղաքական հայեցակարգ ու գործունէութիւն: Այսինքն, ԱՐԴԱՐԱՄԻՏ կեցուածք յանուն հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդին:
Բ.-ՌԱԿ մամուլի, խմբագիրներու, աշխատակիցներու եւ անկախ գրողներու ներդրումը կուսակցագիտական թէ գրական-մշակութային արժէքներու պահպանման մէջ: Ռամկավար մտաւորականը առաջին հերթին ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ եւ պատասխանատու գրողն է, որ բարձր կը պահէ ԻՐ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԻՒԸ:
Գ.-Շարունակել եւ աւարտին հասցնել ՌԱԿ մամուլի թուայնացումը, իբրեւ անկրկնելի ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆը իր ժամանակի գործունէութեան:
Դ.-Արդար եւ անկողմնակալ կեցուածք Հայրենիք- Սփիւռք փոխ-յարաբերութիւններու ծիրէն ներս տարուող աշխատանքներուն:Ներկայ Հայաստանի պետական կառոյցներէն ներս ունենալ մեր մասնակցութիւնը:
Առաւել եւս, ՌԱԿ մամուլը, գրականութիւնը, իմացական ու կրթական շարժումները արձագանգ գտնեն հայրենի իրականութեան մէջ, քանի որ ՌԱԿ-ի անշահախնդիր հայրենասիրութիւնը այդ կ’ակնկալէ իր ժողովուրդէն:
Ե.- Այժմէն պատրաստուիլ ՌԱԿ-ի 100-ամեակի հանգրուանին, անոր ընծայելով համահայկական հնչեղութիւն եւ գիտական բովանդակութիւն: