Կիրակի, 03. 11. 2024

spot_img

Լեհահայ Սփիւռքի Պատմամշակութային Թելադրիչ Քարտէս մը

*ԴՈԿՏ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ*
«Զարթօնք»ի աշխատակից

Լեհաստան այս տարի մեծ շուքով կը տօնէ իր քրիստոնէացման 1050 ամեակը, իսկ լեհահայ համայնքները 2017 թուին կը պատրաստուին պատշաճ հանդիսութիւններով յիշատակելու լեհահայ սփիւռքի կազմաւորման 650 ամեակը, հիմնուելով Քաժիմէժ Մեծ լեհ թագաւորի կողմէ 1367 թուին Գրիգոր Եպիսկոպոսին շնորհուած արտօնագրին, ունենալու համար հայկական եպիսկոպոսութիւնը Լվովի մէջ: Ուստի պէտք է հետեւցնել, որ պատմական Լեհաստանի մէջ լեհահայ դարաւոր սփիւռքի գոյութեան հետ առընչուած գրականութիւնը համեմատաբար ծաւալուն է, բազմակողմանի ու բազմալեզու: Վերջին տասնամեակներու ընթացքին, մանաւանդ համայնավարական վարչաձեւի փլուզումէն ետք, լոյս տեսան նոր ուսումնասիրութիւններ եւ զանազան հրատարակութիւններ, կը նախատեսուի, որ այդ գրականութիւնը առաւել եւս ընդարձակուի ու հարստանայ յաջորդող տարիներուն, փոքրամասնութիւններու մշակոյթներուն  հանդէպ տարուած հոգատար ծրագիրներու շնորհիւ:

Սակայն, լեհահայ պատմական գաղթօճախներու աշխարհագրական տեղաւորումները, լեհահայերու բազմադարեայ մշակոյթի, ճարտարապետական ու պատմամշակութային ժառանգութեան, ու լեհահայերու պատկանող կալուածներու, կառոյցներու տեղաւորումը, տեղերն ու դիրքերը չեն ներկայացուած քարտէսագրական պարունակով, եռաչափ (3D) պատկերացումներու համապատասխան համայնապատկերներով: Իրողութիւն է որ նման քարտէզներ, համայնապատկերներհազուագիւտ են ոչ միայն Հայաստանի, պատմական արեւմտահայաստանի, այլ սփիւռքի գրեթէբոլոր հայկական գաղութներու իրականութեան մէջ:

Այս մտադրութեամբ լոյս տեսաւ «Հայերը լեհական պատմական թագաւորութեան եւ Լիթուանիայի մեծ դքսութեան մէջ XVI  էն XVIII դար», 50 x 65 սմ. չափի քարտէսը, թուագրուած 2015, բայց մատչելի դարձաւ 2016 թուին, հրատարակուած` լեհերէն, ռուսերէն ու հայերէն լեզուներու տարբերակներով (հայերէն տարբերակին մէջ սխալմամբ XIV տպուած է XVI ի փոխարէն): Այս ծրագիրը իրագործուեցաւ Լեհաստանի մէջ Հայ մշակոյթի ու ժառանգութեան հիմնարկութեան ու Պելառուսիոյ «Անիւ» հայագիտական հետազօտութիւններու կենդրոնի միացեալ ջանքերու շնորհիւ եւ Լեհաստանի մէջ Մշակոյթի եւ ազգային ժառանգութեան նախարարութեան նիւթական աջակցութեամբ:

Մասնագէտ մը ըլլալու պէտքը չկայ՝ արժեւորելու պատմամշակութային այս քարտէսի բովանդակութիւնը, որ կը ներկայացնէ լեհահայ սփիւռքի ծաւալումը, պատմական Լեհաստանի աւելի քան 70 քաղաքներու կամ շրջաններու մէջ, լեհահայերու տարածումը, կայք հաստատած տեղերը: Քարտէզի վրայ նշմարելի է լեհահայերու աշխարհագրական ներկայութիւնը, քաղաքներու կամ տուեալ շրջաններու մէջ տեղադրումները իբրեւ` համախմբուած, ինքնավար հայ համայնքներ կամ առանձնացած հայ խմբաւորումներ, քարտէսը ամբողջացած է քարտէզագրական ընկալուած պայմանական նշաններով ու տեղեկութիւններով:

Քարտէզը աւելի հարստացած է, երբ անոր վրայ տեղ գտած են պատմաբովանդակ մանրամասն մեծարժէք քարտէսներ, որոնք կը ներկայացնեն լեհահայ գաղութի գլխաւոր 6 մեծագոյն համայնքներէն նկատուող քաղաքներ` Զամոյշչ, Եազլովէց, Քամիէնեց Բոթոլսկ, Լվով եւ բաղդատաբար աւելի նոր համայնքներ` Վարշավայի եւ Քրաքովի քաղաքներուն մէջ: Անշուշտ քարտէսը առընչուած է պատմական Լեհաստանի թագաւորութեան մէջ ըստ 1569 թուականի տարածքի սահմաններուն (որ ներկայիս Լեհաստանի, Ուքրանիոյ, Պելառուսիոյ եւ Լիթուանիայի հողային տարածքներու վրայ կը ծաւալի):

Այս 6 քաղաքներու հետ կապուած լեհահայերու պատմութենէն հաւաքուած զանազան պատմական տեղեկագրութիւններ, ծանօթութիւններ ներկայացուած են համատեսական բովանդակութեամբ, եռաչափ (3D) պատկերացումով , որոնց շնորհիւ կարելի է ծանօթանալ ու պատկերացնել այդ քաղաքներու XVI – XVIII երկու դարաշրջանի մանրամասնութեան պարունակին:

Բնականաբար այդ մէկը կը ներկայացնէ ոչ միայն լեհահայերու ապրած վայրերը, այլ մեզ կը տեղեկացնէ անոնց պատկանող կալուածներուն, թաղամասերուն, եկեղեցիներուն, տպարաններուն, գերեզմանատուներուն, շուկաներուն, հրապարակներուն, դրամատուներուն, արհեստանոցներուն, տուներուն ըլլան անոնք հայկական համայնքային կալուածներ, վանքեր կամ հայ ծանօթ տոհմերու, ընտանիքներու սեփական կառոյցներ, հաստատութիւններ ինչպէս՝ Յակոբովիչ, Ակօբսովիչ, Մինասովիչ, Ամիրովիչ, Լուկասեվիչ, Թաթուլովիչ եւ շատ ուրիշներ, ուր դարերու սահանքին հետ նոր մասնիկներ աւելցած են անոնց մականուններուն վրայ ինչպէս «ովիչ», «աչ», կամ վերափոխուած են լեհական թարգմանութեամբ նոր տարբերակներու ինչպէս` Փիրամովիչ, Պոկտանովիչ, Եուզէֆովիչ եւ այլն:

Ակնառու է վերոյիշեալ քաղաքներու մէջ հայերու դարաւոր ներկայութիւնը եւ տեղաւորումը մանաւանդ քաղաքի հնագոյն ու կեդրոնական շրջաններու, հրապարակներու ու շուկաներու մէջ: Իրականութիւն մը որ, ոչ միայն կ՝ապացուցէ լեհահայերու դարաւոր ներկայութիւնը այլ պատմական գոյակցութիւնը, ինքնադրոշմ ներդրումը այդ քաղաքներու պատմական, մշակութային ու տնտեսական կեանքի վերելքին մէջ : Ուշագրաւ է նաեւ, որ լեհահայերու հանրային ու համայնքային հաղորդակցութիւններու ընթացքին ընդունուած զինանշանը կամ կնքանշանը ընդհանրապէս եղած է գառնուկ մը, որ շալակած է խաչը իբրեւ դրօշ:

Քարտէզի պատմագիտական, հետազօտական ու տեղեկագրական աշխատանքին մէջ իրենց աշխատակցութիւնը բերած են Լեհաստանի Քրաքով քաղաքի Եակելոնեան դարաւոր համալսարանի դասախօս` Ուքրանիայի եւ լեահահայոց պատմութեան մասնագէտ, լեհ պատմաբան` Փրոֆ. Անտժէյ Ժիէնպան,  գիտական խորհրդատուութեամբ վերոյիշեալ համալսարանի լեահահայոց պատմութեան մասնագէտ լեհ պատմաբան` Փրոֆ.  Քշիշթոֆ Սթոբքայի (տես Գանձասար շաբաթաթերթ Հալէպ . Սուրիա Հոկտեմբեր Գ / 2015   էջ 10, 14  եւ  Հոկտեմբեր Դ 2015   էջ 11):

Դաշտային պրպտումներու աշխատանքին մասնակցած է Պելառուսիոյ «Անիւ» կեդրոնի վարիչ` Արմէն Խեչոյեան, իսկ քարտէզի գեղարուեստական ու մասնագիտական հիմնական մշակումը կատարած է, նման քարտէզներու ուղղութեամբ մասնագիտացած Դոկտ. Ռուբէն Աթոյեան,  համակարգչային ձեւաւորումին մասնակցած են Լարիսա Աթոյեան եւ Աննա Կերման:

Գեղարուեստական իմաստով նման համայնապատկերներ, համատեսական բովանդակութեամբ քարտէսներ ստեղծելու համար կը կատարուին քանի մը փուլերով իրականացուած համալիր աշխատանքներ, որոնք կը բաղկանան երկու գլխաւոր մասերէ՝ դաշտային ու պատմամշակութային նիւթի վրայ հաւաքուած ուսումնասիրութիւններէ ու մասանգիտական պրպտումներէ: Գործադաշտի փուլը կը ներառէ քաղաքի  կամ տեղւոյն թաղամասերու մանրակրկիտ բաժանումները, շէնքերու տեղագրական հատակագիծը,  գույքացուցակներու, կալուածներու կառոյցը, աշխարհագրական պատկերը, իսկ երկրորդը պատմագիտական կամ մասնագիտական աշխատանքը, որ ինքնին մեծ աշխատանք է:

Հիշեալ տեսակի քարտէզներ կազմելու ժամանակ պէտք է առաջնորդուիլ որոշակի ցուցանիշերով, որոնք կը գործադրուին, գծանկարչական  հմուտ նախագիծերով, հիմնուած մեթոտիկական եւ ճարտարագիտական յատուկ մասնագիտութեամբ, որ ժամանակակից քարտէսագրութեան մէջ նոր եւ հեռանկարային ուղղութիւն է:

Լոյս տեսած նման քարտէզներէն կարելի է յիշել Երեւանի կեդրոնական մասի մէկ բաժնի համատեսական քարտէսը հրատարակուած 2013 թուին անգլերէն եւ ռուսերէն լեզուներով, Արցախի համատեսական նկարազարդ քարտէսը  հրատարակուած 2012 թուին:

Գիտակցելով վերոյիշեալ քարտէսի օրինակելի ու յորդորիչ նախաձեռնութեան, հոն կուտակուած աշխատանքի բծախնդրութեան, որ ոչ միայն  կեանքի կը կոչէ ննջող պատմական իրողութիւններ, այլ արդար քարոզչականութեամբ մը կը շողազարդէ հայ սփիւռքի մէկ մասնիկը հանդիսացող՝ լեհահայութեան ներդրումը մշակոյթներու քաղաքակրթութեան ծաղկումի գործին մէջ: Այսօր  երբ մեր տրամադրութեան տակ են համակարգչային ժամանակակից անսահման հնարաւորութիւններ ու հնարամիտ ծրագիրներ, խրախուսիչ է, որ կեանքի կոչուին նման քարտէզներ ծրագրելու մտադրութիւններ այն հեռանկարով, որ տարբեր միջոցներով ու դաստիարակչական մօտեցումով հայ աշակերտին, հայ մարդուն ինչու չէ  համայնապատկերի պարունակով  միջազգային հանրութեան ներկայացուին ոչ միայն մեր պատմական Հայաստանի զանազան տարածքային շրջանները կամարող պատմական փուլերը, այլ ժամանակակից հայկական սփիւռքի զանազան գաղութներու աշխարհագրական պատկերացումը, պատմական որոշ մանրամասնութիւններով ինչպէս` Սիսի կաթողիկոսութեան պատմութիւնը, հայկական կալուածները, պատմամշակութային ժառանգութեան գանձերը … եւ այլն, նման հեռանկարներու համար հարկադիր է համակարգուած ու միասնական առաջադրութիւններ:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին