Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 95-Ամեակին զուգադիպող այսօրուայ մեր թիւին մէջ աւելի նպատակայարմար բան չկայ քան այստեղ հրապարակել անոր երախտաւորներէն՝ Մկրտիչ Մսըրլեանի Ազգային-Քաղաքական Գործին Նուիրուած Գիրք շնորհահանդէսին առիթով ընկեր Յովիկ Էօրտէքեանի խօսքին ամբողջութիւնը յուսալով, որ Մկրտիչ Մսըրլեանի նման ՌԱԿ-ի երախտաւորի կուսակցանուէր կեանքն ու գործը խթան հանդիսանայ իւրաքանչիւր Ռամկավար Ազատականի՝ այսօր:
«Խմբ.»
Յարգելի ներկաներ,
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը գովելի նախաձեռնութեամբ մը 2013-ին հիմնած էր ՌԱԿ Մատենաշարը: Մատենաշարի անդրանիկ հրատարակութիւնը հայրենի պատմաբան Սուրէն Սարգսեանի «Արմէնիա» Պարբերականը «Ազատագրական Գաղափարախօսութեան Ակունքներում» մենագրութիւնն էր՝ նուիրուած Մկրտիչ Փորթուգալեանին եւ «Արմէնիա» պարբերականի պատմութեան: Մատենաշարի երկրորդ հրատարակութիւնը, այս անգամ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի հովանաւորութեամբ՝ «Մկրտիչ Մսըրլեանի Ազգային-քաղաքական գործունէութիւնը» գիրքին վերահրատարակումն է:
Նախքան գիրքին անդրադառնալը, կ՛ուզէի հակիրճ ներկայացնել լիբանանահայ ազգային-քաղաքական եւ եկեղեցական կեանքին մէջ՝ 1936-1948 տարիներուն ծանրակշիռ դերակատարութիւն ունեցած ազգային-հասարակական գործիչ եւ բարերար Մկրտիչ Մսըրլեան անձը եւ անոր գործունէութիւնը:
Ո՞վ Է Մկրտիչ Մսըրլեան
Ղարաբաղէն Փոքր Ասիոյ Էլմալու քաղաք գաղթած պապերու թոռ Մկրտիչ Մսըրլեան յաճախած է տեղւոյն եկեղեցւոյ կից Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ազգային Վարժարանը: Համաշխարհային Առաջին Պատերազմին ծառայած է Օսմանեան բանակին մէջ: Քեմալականներու կողմէ աքսորուած է Խարբերդի կեդրոնացման ճամբար, ուրկէ յաջողած է փախչիլ եւ հասնիլ Սուրիա: Աւելի ուշ անցած է Թրիփոլի, ուր զբաղած է ատաղձի վաճառականութեամբ:
1930-ին Մսըրլեան կ՛ամուսնանայ Սաթենիկ Թոմայեանի հետ, բախտաւորուելով երեք մանչ զաւակներով՝ Դաւիթ, Զաւէն եւ Հայկ-Արամ: Իր ձեռներէցութեան, հնարամտութեան եւ արաբերէնին տիրապետելու շնորհիւ փայլուն յաջողութիւններու կը հասնի իր ասպարէզին մէջ, դառնալով Լիբանանի եւ Պաղեստինի ատաղձի ամենայայտնի վաճառականներէն մէկը:
Մկրտիչ Մսըրլեանի ազգային-քաղաքական հարուստ գործունէութիւնը սկիզբ կ՛առնէ 1936-ին, երբ կ՛անդամակցի Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան եւ Հ.Բ.Ը. Միութեան: Կուսակցական իր կնքահայրը կ՛ըլլայ մեծանուն Միհրան Տամատեան: Մսըրլեան մեծապէս ազդուած եւ ներշնչուած է Տամատեանի ազգային-քաղաքական ու յեղափոխական գործունէութեամբ: Հազարապետ Պօղոս Թուրսարգիսեան կը պատմէ, թէ Տամատեան առիթով մը իրեն հետեւեալը ըսած է. «Այս լուռ մարդը օր մը ձեր ղեկավարը պիտի ըլլայ»: Այդպէս ալ կ՛ըլլայ: Մսըրլեան կը դառնայ Ռ.Ա.Կ.ի ղեկավարութեան փայլող աստղը: Հաւատաւոր կուսակցական ըլլալով, ան լայնախոհ է ու ողջամիտ, հեռու կուսակցամոլութենէ: Առանց չափազանցութեան կարելի է ըսել, թէ Ռ.Ա.Կ.-ի Լիբանանի շրջանակին համար Մկրտիչ Մսըրլեան չորրորդ Մկրտիչն է՝ Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկի, Մկրտիչ Փորթուգալեանի եւ Մկրտիչ Աւետիսեանի կողքին: Գործակիցներէն եղած է Միհրան Տամատեանի, Էօժէն Բաբազեանի, Միքայէլ Նաթանեանի, Վահան Թէքէեանի, Հմայակ Գրանեանի եւ Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեանի:
Մկրտիչ Մսըրլեան «Զարթօնք»-ի վաւերական հիմնադիրներէն է. յայտնի է, որ ան իր տիկնոջ անունով տպագրական մամուլ եւ կազմածներ նուիրած է թերթին, ինչպէս նաեւ Համաշխարհային Բ. Պատերազմի դժուարին տարիներուն, Պաղեստինէն մեծաքանակ թուղթ հասցուցած է Պէյրութ, նպաստելով թերթին անխափան հրատարակութեան։ Նիւթական թէ բարոյական իր օժանդակութիւններուն շնորհիւ թերթը մնացած է կուսակցապատկան մամուլ մը, երբ նիւթական դժուարութիւններու պատճառով կը մտածուէր անձնական ձեռնարկի մը վերածել զայն: Հիմնած է նաեւ «Զարթօնք»-ի գրական մրցանակը՝ մեծապէս քաջալերող հանդիսանալով երիտասարդ գրողներուն եւ մտաւորականութեան: Բարեկամութիւն եւ սերտակցութիւն պահած է մշակոյթի ու գրականութեան մարդոց հետ:
Մսըրլեան Վահէ Վահեանի խմբագրած «Անի» գրական ամսագիրի հիմնադիրներէն է եւ անոր գլխաւոր բարերարը: Հիմնադիրներէն է նաեւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան, 1947-ին, թէեւ անոր անունը յիշուած չէ Հիմնադիրներու կազմին մէջ, բայց բոլորին գրաւոր թէ բանաւոր վկայութեամբ ու արձանագրումներով եղած է անմիջական նախաձեռնողներէն մէկը միութեան հիմնադրութեան, ապահովելով նաեւ միութեան առաջին ակումբը՝ Թէքէեան Տունը, ուր կը գտնուէր նաեւ «Զարթօնք»-ի խմբագրատունը, 1946-ին:
1941-ին Մսըրլեան ատենապետն էր Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան: Շնորհիւ իր անհատականութեան, գործնապաշտութեան եւ նախաձեռնող ոգիին, դարձած էր Ռ.Ա.Կ.-ի շրջանակի ամէնէն գործօն ղեկավարներէն մէկը եւ այլ կուսակցութիւններու հետ յարաբերութիւններ վարողը: Մսըրլեան Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչի հանգամանքով այցելութիւններ կու տար Յորդանան, Կիպրոս, Պաղեստին եւ Սուրիա, մօտէն ծանօթանալով կուսակցական գործունէութեան եւ օգնելով կազմակերպչական աշխատանքներուն: 1947-ին մաս կազմած է Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան:
Ան նաեւ հիմնադիրներէն ու գլխաւոր սատարողներէն էր Գահիրէի մէջ հիմնուած Հայ Ազգային Հիմնադրամին, իր կատարած նուիրատուութիւններով մեծապէս նպաստելով հիմնադրամի գործունէութիւններուն: Հայ Ազգային Հիմնադրամի միակ լիբանանահայ անդամն էր ան, որ համեստօրէն յաճախ կ՛ուզէր անանուն մնալ:
Երկրորդ Աշխարհամարտի տարիներուն, Հ.Բ.Ը. Միութեան կազմած Սուրիոյ եւ Լիբանանի Նպաստից Յանձնախումբի փոխ ատենապետի պաշտօնով, կարեւոր ներդրում կ՛ունենայ նպաստաբաշխումի աշխատանքներուն, յատկապէս Սանճաքէն հեռացող հայրենակիցներու օգնութեան: Հետագային Միութիւնը Հանգանակիչ Մարմինի ատենապետութիւնը կը վստահի Մսըրլեանին, որ կը յաջողի լուրջ գումարներ հանգանակել եւ կարեւոր աշխատանք տանիլ Միութեան նուիրահաւաքներուն ու անդամակցութեան ընդլայնումին մէջ: Միութեան Վեթերան անդամ Մսըրլեանի գործունէութիւնը համահայկական այս միութեան մէջ անգնահատելի է։
Քառասունական թուականներու ազգային-եկեղեցական կեանքի կարեւոր դերակատարներէն է ան: Մաս կազմած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Առաջին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան, գանձապահի պաշտօնով: Իբրեւ ազգային երեսփոխան, մասնակցած եւ մեծապէս նպաստած է Երջանկայիշատակ Գարեգին Յովսէփեանց Կաթողիկոսի ընտրութեան: Մսըրլեանի դերը անգնահատելի է մեծանուն այս եկեղեցականի կաթողիկոսացման, տագնապալի ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, երբ դժուարութիւն յառաջացած էր Կաթողիկոսի ընտրութեան, 1943 թուականին: Ինքն էր, որ յղացեր էր Գարեգին Յովսէփեանց լուսապայծառ Կաթողիկոսին թեկնածութեան գաղափարը, որով կրցած էր համերաշխութիւն ապահովել ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ, եւ ասիկա վկայութեամբը մրցակցող քաղաքական հոսանքներու ներկայացուցիչներուն: Նոյնիսկ իր գաղափարական հակառակորդները մեծ յարգանք ունէին իր հանդէպ: Եկեղեցականներու միջեւ ծագած վէճեր եւ եկեղեցական տագնապներ լուծող հաշտարար աշխարհականն էր ան՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան շրջանակներուն մէջ: Մսըրլեան եղած է նաեւ 1946-ի Ներգաղթի Կեդրոնական Կոմիտէի նախագահը:
Մսըրլեան անդամակցած է նաեւ Անթիլիասի Դպրեվանքի Խնամակալ մարմինին, կարեւոր դեր ունենալով Դպրեվանքի հողի գնման մէջ: 1945-ին մեկնած է Ս. Էջմիածին, իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աշխարհական ներկայացուցիչ, մասնակցելու Գէորգ Զ. Չէօրէքճեան Կաթողիկոսի ընտրութեան: Ան պարգեւատրուած է Ամենայն Հայոց Գէորգ Զ. Կաթողիկոսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շքանշանով եւ Հայրապետական Կոնդակով:
Լիբանանի տեղական քաղաքական կեանքին մէջ անոր մասնակցութիւնը նոյնպէս եղած է կարեւոր, մանաւանդ լիբանանահայութիւնը ներկայացնող եռանդամ պատուիրակութեան ընդմէջէն, որ միացած էր Լիբանանի 44 տեղացի քաղաքական յայտնի դէմքերէ բաղկացած Ազգային Համախմբումին, ինչպէս Քամիլ Շամուն, Սաէպ Սալամ, Հանրի Ֆարաոն, Փիէռ Ժըմայէլ, Ապտուլ Համիտ Քարամէ եւ ուրիշներ: Համախմբումը պատրաստողն էր 22 Նոյեմբերի Լիբանանի Անկախութեան Ուխտին: Ան եղած է լիբանանահայ ազգային այն դէմքերէն, որոնք շատ կանուխէն սերտ յարաբերութիւններ եւ բարեկամական ծանօթութիւններ հաստատած են լիբանանցի քաղաքական թէ պետական կարեւոր դէմքերու հետ՝ բոլոր կրօններուն եւ դաւանանքներուն պատկանող: Իր առեւտրական եւ անձնական ծանօթութիւնները լաւագոյնս ծառայեցուցած է լիբանանահայութեան:
Մսըրլեան մասնակցած է Լիբանանի 1943 թուականի առաջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն, իբրեւ Ռ.Ա.Կ.-ի թեկնածու: Յայտնի է, որ Մսըրլեանի բացայայտ յաղթանակը «պարտութեան» վերածուած է քաղաքական եւ ընտրական խարդաւանքներու եւ օտար միջամտութիւններու պատճառով, բառացիօրէն իրմէ գողցուած է երեսփոխանական աթոռը: Ասիկա նոյնիսկ խոստովանած են ատենի Լիբանանի քաղաքական կարեւոր դէմքերը:
Մսըրլեան ազգային-հասարակական-քաղաքական գործիչի, մտաւորականի, յաջողակ առեւտրականի՝ ժամանակակից բառով businessman-ի եւ բարերարի, իսկակա՛ն բարերարի, օրինակելի տիպար մըն է: Անդրանիկ Ծառուկեան շատ բնութագրականօրէն իր մասին ըսած է. «Բանաստեղծի սիրտով վաճառականը»: Ազգային գրեթէ բոլոր հաստատութիւնները նպաստաւորուած են իր հսկայական բարերարութիւններէն: Մսըրլեանի նուիրատուութիւններուն ցանկը պատկառելի է՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն, Հայ Ազգային Հիմնադրամ, Երուսաղէմի Պատրիարքութիւն, ՀԲԸՄ, «Զարթօնք», «Անի» գրական հանդէս, Սասունցի Դաւիթ հրասայլային Զօրասիւն եւ բազմաթիւ այլ նուիրատուութիւններ՝ կատարուած ազգային թէ եկեղեցական հաստատութիւններու: Բնաւ զարմանալի չէ, որ ան յաճախ գլխաւորած է համազգային հանգանակութիւններ եւ անձնապէս կարեւոր նուիրատուութիւններ կատարած:
Երգահան Բարսեղ Կանաչեանին դաշնամուր մը, «Զարթօնք»-ին ձայնասփիւռ մը, որ այդ օրերուն բաւական սուղ կ՛արժէր եւ հաւանաբար ասկէ 20-25 տարի առաջ թերթի մը համակարգիչ նուիրելուն համարժէք է, Հայաստանի գրողներուն գրիչներ նուիրելը, կարօտեալներուն եւ օգնութիւն խնդրողներուն հասնիլը Մսըրլեանի իշխանական նուիրատութեանց ու սատարումներուն խորհրդանշական մէկ երեսակը կը կազմէ: Յայտնի է, որ ան ջերմ պաշտպանը եղած է գործադուլ ընող հայ ուսուցիչներուն։
Վստահօրէն կրնանք հաստատել, թէ լիբանանահայ գաղութին մէջ բարերարութեան հիմնադիրներէն մէկն է ան, որ տուած է առատօրէն, առանց խտրութեան, յստակ նպատակներով, տուած է իր սիրտէն, հոգիէն եւ քսակէն։
Առեւտրական իր յաջողութիւնները պատերազմի պատճառով կանգ կ՛առնեն Պաղեստինի մէջ, ուր կը կորսնցնէ իր կարողութիւններուն մեծ մասը: Կարճ ժամանակ մը ետք ան լուռ կը հեռանայ ազգային կեանքէն, կը հաստատուի Լոնտոն եւ ապա կը վերադառնայ Պէյրութ, ուր կը մահանայ 1979-ին: Մինչ այդ մէկ-երկու առիթով կ՛երեւայ հրապարակային ձեռնարկներու ընթացքին: Անոր գործունէութիւնը թէեւ կարճատեւ, բայց եղած է բազմարդիւն ու արգասաբեր:
«Մկրտիչ Մսըրլեանի Ազգային–Քաղաքական Գործունէութիւնը», Պէյրութ, 1981
«Մկրտիչ Մսըրլեանի Ազգային-Քաղաքական գործունէութիւնը» վերնագիրով գիրքը առաջին անգամ հրատարակած է իր որդին՝ պատմաբան, կրթական մշակ եւ Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճի երկարամեայ տնօրէն Զաւէն Մսըրլեանը, 1981-ին: Իր «Երկու Խօսք»ին մէջ Զաւէն Մսըրլեան գրած է. «Այս գիրքը որդիական պարտականութենէ մը աւելի կը նպատակադրէ արդար տուրք մը տալ սիրելի հօրս՝ Մկրտիչ Մսըրլեանին (1898-1979) եւ իր ազգային–քաղաքական գործունէութեան: Մկրտիչ Մսըրլեան աստղ մըն էր, որ երկոտասնեակ մը տարիներ (1936-1948) փայլեցաւ լիբանանեան երկնակամարին վրայ ու հետք մը ձգեց այդ ժամանակաշրջանի գաղութահայ պատմութեան մէջ: Այդ ժամանակաշրջանին եւ մանաւանդ Համաշխարհային Բ. Պատերազմի նեղ ու տագնապալից օրերուն, ան ամէն տեղ ներկայ էր ու ամէնէն գործօն տարրն էր լիբանանահայ գաղութին մէջ: Ան ո՛չ միայն կը գլխաւորէր կազմակերպութիւններ ու ազգային շարժումներ, այլ անոնց մէջ մղիչ ոյժն էր, եւ այս ո՛չ միայն Լիբանանի, այլ Միջին Արեւելքի այլ գաղութներու մէջ»:
Ինչպէս առաջին հրատարակութեան, ի միջի այլոց շատոնց սպառած, վերահրատարակուածի պարագային նոյնպէս, հեղինակ Դոկտոր Զաւէն Մսըրլեան «Մկրտիչ Մսըրլեանի Ազգային-քաղաքական գործունէութիւնը» գիրքը տուած է հետեւեալ յաջորդական գլուխներու տակ՝ Մսըրլեանի կեանքին սկզբնական շրջանը,Գաղափարական ուղին, «Զարթօնք»-ի հիմնադրութիւնը եւ անոր սկզբնական տարիները մինչեւ Համաշխարհային Բ. Պատերազմի Աւարտը, Հայ Ազգային Հիմնադրամի Հիմնումը, Մկրտիչ Մսըրլեանի Գործունէութիւնը Տանն Կիլիկիոյ Ազգային Կեդրոնական Վարչութենէն ներս, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 1941-ի Ապարդիւն եւ 1943-ի յաջող Կաթողիկոսական Ընտրութիւնները, Երուսաղէմի Հայոց Վանքէն Ներս Ծագած Տագնապի Լուծումը (1943-44), Տասնամեակ Մը Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Ծառայութիւն (1936-1946), Հայրենասիրական Ոգին, 1943-ի Պէյրութի Երեսփոխանական Ընտրութիւնները, Լիբանանի Ազգային Համագումարը եւ Հայերը, «Սասունցի Դաւիթ» Հրասայլային Զօրասիւնի Հանգանակութիւնը, Կիւրեղ Պատրիարքի Ընտրութիւնը, Ս. Էջմիածնի Ազգային Եկեղեցական Համագումարը, Գէորգ Զ. Կաթողիկոսի Ընտրութիւնը եւ Մկրտիչ Մսըրլեանի Գնահատումը, Հայկական Դատին Ի նպաստ, Հայրենադարձութիւնը, «Անի» Գրական Ամսագիրին Հիմնումը, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադրութիւնը, Մկրտիչ Մսըրլեանի Կատարած Նուիրատուութիւնները, Պաղեստինի Աղէտէն 1948 Մինչեւ Իր Մահը 1979, Յաւելուած:
Գիրքին իւրաքանչիւր գլուխը կը սկսի պատմական նախաբանով մը, ուր գիտական շարադրանքով տրուած են դէպքերու նախապատմութիւնը եւ ընթացքը, ազգային-քաղաքական եւ եկեղեցական կեանքի իրերայաջորդ իրադարձութիւններն ու դէպքերը եւ այդ դէպքերուն մասնակից Մկրտիչ Մսըրլեանի գործունէութիւնները: Ժամանակագրական յստակ դասաւորուածութիւն ունի գիրքը, կուռ եւ ամբողջական է անոր կառուցուածքը, որով փաստագրումն ու յուշագրումը կը դարձնեն միաձոյլ, պարզ, համոզիչ, հանրամատչելի լեզուով գրուած եւ հաճելիօրէն ընթերցուող։
Հեղինակը որոշ յաւելումներ եւ բարեփոխումներ ներմուծած է նոր հրատարակուած գիրքի յատկապէս Գաղափարական ուղին, «Զարթօնք»-ի Հիմնադրութիւնը, 1943-ի Պէյրութի Երեսփոխանական Ընտրութիւնները, Լիբանանի Ազգային Համագումարը եւ Հայերը, «Սասունցի Դաւիթ» Հրասայլային Զօրասիւնի Հանգանակութիւնը, Ս. Էջմիածինի Ազգային Եկեղեցական Համագումարը, Անի Գրական Ամսագիրի Հիմնումը, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադրութիւնը եւ Յաւելուածի բաժին գլուխներուն մէջ, հիմնուելով նոր ձեռք բերուած նիւթերու վրայ, մեծապէս հարստացնելով գիրքը:
Զաւէն Մսըրլեան գիրքը կազմած է հիմնուելով ժամանակաշրջանի հայ մամուլի, կազմակերպութեանց ու հաստատութիւններու արխիւներու, վաւերագրական տուեալներու, բայց նաեւ իր հօր յուշագրումներուն, կամ անձնապէս իրեն պատմածներուն վրայ, որոնք մեծապէս կը բարձրացնեն գիրքին արժէքը իբրեւ հաւաստի տեղեկութիւններու արձանագրում՝ իրադարձութեանց ականատեսի կամ անմիջական մասնակիցի կողմէ։ Այս բոլորին համադրումով է, որ հեղինակը կրցած է բարեխղճօրէն կազմել 440 էջերու վրայ տարածուող գիրքը:
Գիրքին մէջ հեղինակը տուած է նաեւ իր հօր ազգային ծառայութիւններուն անդրադարձող գնահատումները, մամուլի մէջ զանազան առիթներով լոյս տեսած գրութիւնները, ինչպէս նաեւ գործակիցներու եւ գաղափարակիցներու յուշերը, Մկրտիչ Մսըրլեանի նուիրատուութեանց ցանկը եւ այլ նիւթեր`չանտեսելով ոչ մէկ մանրուք։
Որդիական պարտականութիւն մը կատարելու մղումը արգելք չէ եղած, որ հեղինակը առանց աւելորդ զգացական զեղումներու եւ հեռու չափազանցութիւններէ, բայց նաեւ իր հօր անձին նկատմամբ արդար յարգանքով ու ակնածանքով, անաչառութեամբ, առարկայական մօտեցումով ներկայացնէ 1936-1948 թուականներու դէպքերը իր հօր գործունէութեանց ընդմէջէն:
Լիբանանահայ սակաւաթիւ պատմաբաններէն, Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ՝ Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի հեղինակած պատմագիտական մնայուն արժէք ներկայացնող բազմաթիւ աշխատասիրութիւններուն եւ գիտական յօդուածներուն շարքին, որոնց մեծ մասը կը վերաբերին Հայկական Հարցին, Հայոց Ցեղասպանութեան, Հայ Դատի թղթածրարներուն եւ լիբանանահայ գաղութի քաղաքական պատմութեան, իր հօր գործունէութեան վերաբերող այս գիրքը արժէքաւոր աշխատութիւն մըն է Միջին Արեւելքի հայ գաղութներու, մանաւանդ լիբանանահայութեան պատմութեան վերաբերեալ, ուր պատմագիտական չափանիշներով կը լուսաբանուին 1936-1948 տարիներու Մկրտիչ Մսըրլեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ազգային-քաղաքական թէ եկեղեցական դէպքերն ու իրադարձութիւնները, որոնք փոթորկած էին լիբանանահայութեան կեանքը եւ որոնց ընդմէջէն տիրական ներկայութեամբ ու գործով կ՛երեւայ ան:
Երեւանի մէջ Օգոստոս 19-ին տեղի ունեցած գիրքի շնորհահանդէսի ընթացքին յոյս յայտնած էի, թէ Մկրտիչ Մսըրլեանի լուսանկարը, որ 1966-էն բացակայած էր«Զարթօնք»ի խմբագրատունէն, անպայման վերադարձուի: «Զարթօնք»ի խմբագիր Սեւակ Յակոբեան վստահեցուցած էր, թէ լուսանկարը վերադարձուած է: Ուրախ եմ որ այդ լուսանկարը ահա այստեղ է՝ վերջնականապէս զետեղուելու համար «Զարթօնք»ի խմբագրատան մէջ։ Կը մնայ իրագործել երկրորդ փափաքս՝ «Զարթօնք»ի եւ ԹՄՄ-ի Հիմնադիրներու անուանական յուշատախտակի մը զետեղումը, ուր ոսկի տառերով արձանագրուին մեր երախտաւորներուն անունները, ի շարս որոնց Մկրտիչ Մսըրլեանինը:
Այսօր ալ Մսըրլեանի նման գաղափարապաշտ, սկզբունքային եւ հայրենասէր մարդու կերպարը խորհուրդ մը ունի տալու եւ օրինակելի կրնայ ըլլալ բոլոր անոնց, որոնք հանրային կեանքին մէջ կ՛ուզեն դերակատարութիւն մը ունենալ։
Աւարտելով խօսքս կ՛ուզեմ մէջբերել Մկրտիչ Մսըրլեանին նուիրուած դիմաստուերային երգիծական այն տողերը, զորս գրած է Նշան Խօշաֆեան, Ակնոց ստորագրութեամբ, լաւագոյնս խտացնելով Մկրտիչ Մսըլեանի կերպարը։ Ահա այդ տողերը.
«Մսըրլեանի անունը այսօր ո՜րբ մը կ՛արտասանէ, հիւանդ մը կը մրմնջէ իր քովի ընկերոջ: Թերթեր իրենց թանկագին սիւնակները կը տրամադրեն անոր նուիրատուութիւններուն ու գործունէութեան: Ազգային հաստատութիւններ ոսկի շրջանակներու մէջ կը տեղաւորեն անոր նկարը «Ազգային Բարերար» յիշատակութիւններով: Ու վաղը Ազգային երեսփոխանները, որոնց մինչեւ հիմա աչքերը կոյրցուցին ու ականջները խցեցին սողացող ձեռքեր՝ դռնփակ ու պատուհանը գոց ժողովներու ընթացքին, որպէսզի ժողովէն դուրս Ազգը չնշմարուի, պիտի ապշին երբ այդ օր Մսըրլեանը տեսնեն ժողովասրահին մէջ, ուր իջած պիտի ըլլայ ժողովուրդին անունով, Ս. Հոգիի մը նման, եւ ձեռքերը բարձրացուցած պիտի ընէ իր առաջին բանախօսութիւնը «Ազգ եւ Հայրենիք» բնաբանով: Նոյն սրահին մէջ Թովմասներ իրենց մատները պիտի քսեն անոր մարմինին ու հաւատքի գան:
Մսըրլեան հա՛յ մըն է, հարո՛ւստ մըն է եւ կուսակցակա՛ն մըն է»:
Սրտանց կը շնորհաւորենք Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան հեղինակը, անոր մաղթելով ստեղծագործական նորանոր յաջողութիւններ եւ հրատարակութիւններ, ինչպէս նաեւ հրատարակիչ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինը, յանձին ատենապետ Յակոբ Գասարճեանի, գիրքին վերահրատարակութեան առիթով։ Շնորհակալութեան խօսք ունինք նաեւ «Զարթօնք»-ի խմբագիր Սեւակ Յակոբեանին, գիրքի վերահրատարակութեան եւ այս շնորհահանդէսին կազմակերպման ուղղութեամբ իր գործադրած ճիգերուն համար։