Մեր թուականէն 95 տարիներ առաջ, այսօր հիմնադրուած է մեր կազմակերպութիւնը՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, որ ազգային քաղաքական իր քոյր կազմակերպութիւններուն կողքին իր պատմութեան մէջ իր խոնարհ նպաստը մատուցանած է Հայ ժողովուրդի ազատութեան ու վերականգնումին, անոր գոյատեւման ապահովութեան ու մշակոյթին պահպանման եւ անոր սուրբ Դատին ի խնդիր տարուած ստեղծարար աշխատանքին:
Այս առիթով մեր այսօրուայ խմբագրականին նիւթը չէ պատմական ակնարկ մը նետել ՌԱԿ-ի պատմութեան վրայ: Պատմագիտական այդ գործը մենք եւ ուրիշներ միշտ ըրած ենք եւ պիտի ընենք, սակայն 95 տարիներ ետք կ՛արժէ այսօր կանգ առնել մեր սիրելի կուսակցութեան ներկային վրայ, որ ոչ մէկուն համար այլեւս գաղտնիք է անոր ոչ այնքան փայլուն կամ հպարտութեան արժանի իրավիճակը…:
Ինչպէս անհատներու նաեւ կազմակերպութիւններու համար տարեդարձ մը նաեւ օրն է խորհրդածութեան, ինքնաքննութեան, հաշուեյարդարի եւ առողջ ինքնաքննադատութեան:
Այս ծիրէն ներս մեր խօսքը այսօր ուղղուած է իւրաքանչիւր Ռամկավար Ազատականի: Ի՞նչ ըրինք մենք մեր նախնիներէն մեզի աւանդ ձգուած կուսակցութեան: Որքա՞ն սատարեցինք անոր վերելքին կամ որքա՞ն պատճառ եղանք անոր բացթողումներուն եւ ինչո՞ւ չէ՝ սայթաքումներուն: Ի՞նչ տուաւ ան մեզի եւ մենք ի՞նչ տուինք անոր փոխադարձաբար:
Անշուշտ միշտ կարելի է խօսիլ յաղթանակներու մասին: Եկէք այսօր խօսինք մեր ձախողութիւններուն մասին՝ քաջաբար եւ հրապարակաւ:
Կ՛ուզէ՞ք գիտնալ սիրելիներ, որ մենք ի՞նչ ըրինք մեր սիրելի Կուսակցութեան: Խնդրեմ միասին կարդանք Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Վսեմաշուք Նախարարին վերջերս հրապարակած «Հայերի Վիճակն Աշխարհում» գիտական բովանդակութեամբ ու վերլուծումներով լեցուն զեկոյցին մէջ մեր Կուսակցութեան յատկացուած բաժինը, ուր յարգելի նախարարը ամենաառարկայականօրէն, իրաւացի եւ արդար ձեւով կը նկարագրէ մեր Կուսակցութիւնը այսօր.
«Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն (ՌԱԿ)
Հիմնադրուել է 1921թ. եւ համարւում է 1885թ. Վանում հիմնուած Արմենական կուսակցութեան իրաւայաջորդը: Կուսակցութեան հիմնական նպատակն է՝ օժանդակել հայրենիքին, հանդէս գալ Հայ Առաքելական Եկեղեցու միասնականութեան օգտին և շարունակել հայապահպան գործունէութիւնը Սփիւռքում: Կուսակցութեան տպագիր թերթերն են՝ «Սարդարապատ» (Արգենտինա), «Ապագայ» (Գանատա), «Արեւ» (Եգիպտոս), «Նոր Աշխարհ» (Յունաստան), «Զարթօնք» (Լիբանան), “Armenian Mirror-Spectator”(ԱՄՆ), «Պայքար» (ԱՄՆ) լոյս չի տեսներ , «Նոր օր» (ԱՄՆ), նախկինում նաեւ՝ «Ազգ» (Հայաստան, հիմնադրման օրերին ՌԱԿ–ին է պատկանել, այսօր անկուսակցական անկախ թերթ է):
Վերջին շրջանում կուսակցութիւնը երկփեղկուել է. չկան այն միասնական կուռ շարքերը, որոնցով աչքի էր ընկնում 20-րդ դարի երկրորդ կէսին: … Հայոց իշխանութիւններն ափսոսում են դարաւոր կառոյցի թուլացման համար եւ ըստ հնարաւորին աջակցում՝ այն միասնական ամբողջութեան վերածելու եւ Սփիւռքում ու Հայրենիքում ազգօգուտ աշխատանքներ ծաւալելու նպատակով»:
Խիղճի ամենայն հանգստութեամբ ու համարձակութեամբ այստեղ կը հաստատեմ, որ գրուածը ամենաքաղաքավար եւ ազնիւ ձեւով շարադրուած իրականութիւն մըն է, որուն մէջ նկարագրուածին պատասխանատուները բոլոր Ռամկավար Ազատակններս ենք: ԱՆԽՏԻՐ:
Մեր կուսակցութեան 95-ամեակին ահաւասիկ, ուր հասցուցինք մենք մեզի աւանդ ձգուած պանծալի մեր կուսակցութիւնը: Ահաւասիկ ինչպէս վերաբերեցանք մեր իսկ երդումին հետ: Ահաւասիկ ինչպէս չարժեւորեցինք մեր քայլերգը:
ՌԱԿ-ի 95-ամեակի այս օրը եկէք իրապէս յատկացնենք ինքնազննութեան: Բաւ է հաւաքականը զոհել անձնականին: Դադրեցնենք ինքնախաբէութիւնը: Վերջ տանք մեր անձնական հաշիւներու վրայ հիմնուած փայլուն ծրարով գէշ բովանդակութիւն մը ծախելէ, իբր թէ վերականգնումի կամ միութեան պիտակներով: Բոլորս սխալած ենք: Բոլորս կերպով մը մասնակից ենք ոճիրին, անոր մէջ գործօն մասնակցութիւն ունենալով կամ անոր հանդէպ կրաւորական կեցուածք որդեգրելով:
Մենք տակաւին ունինք մեր ներուժը: Տակաւին տալիք ունինք մեր կուսակցութեան, մեր ազգին ու Հայրենիքին:
Եկէք 95-ամեակի այս օրուան ընթացքին բոլորս միասին վերանորոգենք մեր ուխտը՝
«Կ’ուխտեմ խղճիս եւ պատւոյս վրայ, յանուն ազգիս եւ հայրենիքիս բոլոր նուիրական սրբութիւններուն, ծառայել Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան սկզբունքներուն, որդեգրելով անոր դաւանած ազգային եւ քաղաքական նպատակները:
Կ’ուխտեմ այս վեհ վայրկեանէն սկսեալ հաւատարիմ անդամ մը ըլլալ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, եւ խղճմտօրէն ու կարգապահութեամբ կատարել իմ վրայ դրուած բոլոր պարտականութիւնները նուիրելով իմ կարողութիւններս կուսակցութեան նպատակներուն իրագործման համար:
Կ’երդնում, ի գին ամէն զոհողութեան, նուիրուիլ ազգիս, հայրենիքիս եւ կուսակցութեան սուրբ դատին՝ հաւատարմօրէն պահելով ինծի վստահուած գաղտնիքները»: