Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Պատմական Հանդիպում Քաղաքամայր Անիի Եւ Լեհաստանի Հայ Փառաւոր Գաղթօճախի Շառաւիղներուն Հետ

*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*

Լեհաստանի փառաւոր հայկական 1000-ամեայ գաղթօճախի իսկապէս պանծալի ժառանգներ Մաթէոս Պօղոսեւիչ (Պօղոսեան) եւ իր գիտնական-հետազօտող Տիկինը, հիւրընկալ Տոքթ. Արտեմ Նաճարեանի ընկերակցութեամբ՝ հանդիպում ունեցան Լիբանանահայ ընտրանիին հետ:

Չորեքշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Հ.Բ.Ը.Մ. Անդրանիկ Մշակութային Ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ եւ համագործակցութեամբ Լիբանանի մօտ Լեհաստանի դեսպանութեան, «Երուանդ Տեմիրճեան» կեդրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն՝ «Հայերը Լեհաստանի ծառայութեան մէջ» վերտառութեամբ՝ մինչ հիւրընկալութեան սրահին մէջ տեղադրուած էին Լեհաստանի հայ մեծանուն դէմքերու, զօրավարներու եւ պետական գործիչներու մասին շատ կարեւոր ցուցանկարներ:

14492450_10202436380028348_5967570882766866621_n

Այս պատմական երեկոն իրենց բարձր ներկայութեամբ պատուեցին Լեհաստանի դեսպան Վոյչէք եւ Հ.Հ. դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Լիբանանի Պետական երեսփոխան Շանթ Չինչինեան, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի եւ Հ.Ե.Ը.-ի, Լիբանանահայ ակնառու դէմքեր, մտաւորականներ:

Օրուան յարգարժան հիւրերը ներկայացնելէ ետք Տոքթ. Արտեմ Նաճարեան՝ արուեստագիտուհի Նանոր Մաճառեան իր բացառիկ դաշնակահարուհիի արուեստով հիացուց ներկաները: Բացառիկ ելոյթով հանդէս եկաւ Լեհաստանի դեսպան Վոյչէք , որ փոքր դասախօսութիւն մը տուաւ Լեհաստանի հայերու եւ անոնց փառապանծ դերին մասին Լեհական թագաւորութեան օրերէն մինչեւ այսօր: Յայտնելով թէ այսօր իսկ, ինչպէս 11-րդ դարու Անիի ահաւոր աշխարհակործան երկրաշարժէն ետք եւ հալածանքներէ փախչելով, Լենինական Կիւմրիի աղէտալի երկրաշարժէն ետք՝ շուրջ 40 000 հայեր տեղափոխուեցան ապրելու եւ աշխատելու իրենց շատ հարազատ Լեհաստանի մէջ:

Ապա, պատուանդանիմօտհրաւիրուեցաւօրուանդասախօսը, երիտասարդ, եռանդով լի ու ժպտադէմ Մաթէոս Պօղոսեւիչ (Պօղոսեան), որ բոլորը հմայեց իր պատմական փաստերով, լուսապատկերներով, հայկական պատմա-մշակութային դարաւոր ժառանգի եւ յուշարձաններու մասին հարուստ տեղեկութիւններով: Այդ բոլորը այսօր տարածուած է ինչպէս  Լեհաստանի, այնպէս ալ Արեւմտեան Ուքրանիոյ (կցուած 1939-ին) եւ Ունիա-Մոլտովիոյ Սռչավա հինաւուրց ամրոց-քաղաք, սրբատեղի հայկական քաղաքի տարածքին մէջ:

Պատասխանելով ներկաներու բազմաթիւ հարցերուն, պարգեւատրուելով Հ.Բ.Ը.Մ. Անդրանիկ Մշակութային Ընկերակցութեան կողմէ, ինքն ալ պարգեւատրելով իր հիւրընկալները, Մաթէոս Պօղոսեւիչ բոլորը հրաւիրեց այցելելու իրենց հրաշալի երկիր Լեհաստան, ուր հիւրընկալուած եւ դարձած են բոլոր իրաւունքերով պաշտպանուած փոքրամասնութիւն՝ 10 դարերէ ի վեր…:

Իսկապէս շնորհաւորելի է այս անզուգական հանդիպումը, հայոց ամէնէն նշանաւոր ճարտարապետութեան գլուխ գործոց Անիի երբեմնի տաղանդաւոր բնակիչներու շառաւիղներուն հետ, որոնք ժամանակի տուեալին ենթարկուելով, կորսնցուցին իրենց լեզուն, բայց ո՛չ հայու հոգին եւ ինքնութիւնը, Լեհ ազնիւ ու բազմաչարչար ժողովուրդի ծոցին մէջ ապրելով եւ միահիւսուելով դարէ-դար:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին