Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

«Պէտք է Ներդրողին, Գործարարին Ապացուցենք, Որ Իր Կողքին Կանգնած Ենք». Վարչապետ

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան աշխատակազմին ներկայացուցած է նորանշանակ նախարար Սուրէն Կարայեանը:

ինչպէս կը յայտնեն ՀՀ կառավարութեան լրատուական ծառայութենէն, կառավարութեան ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնած է նախկին նախարար Արծուիկ Մինասեանին իր կատարած աշխատանքին համար:

Վարչապետը նշած է, որ մեծապէս կարեւոր կը համարէ այս նախարարութեան աշխատանքը եւ պարոն Կարայեանէն ու աշխատակազմէն կ’ակնկալէ կառուցուածքային նոր լուծումներ եւ առաջարկներ:

«Մենք պէտք է հանրութեան, ներդրողին, գործարարին  յայտարարենք եւ ամէն ինչով ապացուցենք, որ իր կողքին կանգնած ենք: Մենք պէտք է վերանայենք այն օրէնսդրական կայուն դաշտը, որ  ձեւաւորում է աշխատանքի միջավայրը: Եթէ այնտեղ առկայ են խոչընդոտներ, պէտք է վերացնենք: Պէտք է ստեղծել այնպիսի դաշտ, որպէսզի արտասահմանից ներդրողը գայ եւ իրեն զգայ ապահով ու արդարացի միջավայրում: Ձեզնից ակնկալում եմ նաեւ նոր նախագծեր, որոնք  կը կարողանանք տրամադրել արտաքին աշխարհին»,- ըսած է Կարէն Կարապետեան` աւելցնելով, որ այս  նախարարութիւնը պէտք է իր կառավարման որակով օրինակ ծառայէ գործարարութեան, ներկայացնէ ժամանակակից կառավարման ձեւերը:

Կառավարութեան ղեկավարը կարեւորած է նաեւ նախարարութեան ու դրամատնային համակարգի սերտ համագործակցութիւնը եւ ընդգծած. «Պէտք է հասկանալ, ինչ ենք ուզում անել մեր երկրում, ինչպէս ենք ցանկանում զարգանալ եւ այդ նպատակին հասնելու համար ինչ դաշտ պէտք է ստեղծենք, որպէսզի պիզնեսն իրեն լաւ զգայ: Մենք պէտք է ստեղծենք արդարացի, հաւասար պայմաններ, պէտք է կանգնած լինենք այն մարդու կողքին, ով ունի գաղափար, ուժ եւ համարձակութիւն` ստեղծելու յաւելեալ արժէք: Նա պէտք է իմանայ, որ մենք իր կողքին ենք բոլոր ատեաններում` հարկային, իրաւապահ եւ այլն: Հէնց դա ապահովենք` կ’ունենանք երկրի զարգացում. այլ տարբերակ չունենք: Այդ առումով ակնկալում եմ նպատակասլաց ու համարձակ աշխատանք»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին